Շահան Շահնուր/Անիմանալի գրոհը

Այլանդակ թիւրիմացութիւն մը պատճառ եղաւ, որ ես նշաւակ դառնամ անիմանալի գրոհի մը:  Պայքար բացատրեց 15 փետվար 1970-ի իր խմբագրականով, թէ լրագրական կանոններու անտեսումը, Սփիւռք շաբաթաթերթի մը կողմէ, իմ Ազատն Կոմիտաս յօդուածիս շուրջ ստեղծած էր խժալուր եւ աւերիչ աղմուկ մը: Այդ աղմուկը կ’ալեկոծէր մեր մամուլը սփիւռքի ամբողջ տարածքին: Ստիպողական պարտականութիւն համարեցի լուսաբանել գաղափարակից մամուլը, անձնական երկու նամակներով: Կը մնար պատասխանել ինձի դէմ արձակուած գրոհին:  Ահաւասիկ:

Ան, որ ստացած է չափազանցեալ գովեստ, ան պիտի ստանայ, բնական հակազդեցութեամբ, նոյնքան չափազանցեալ քննադատութիւն: Այդ է եղած իմ ճակատագիրս: Բայց չէ եղած, որ մամուլը օգտագործեմ, ոչ իսկ մէկ անգամ, պատասխանելու համար քննադատներուս: Կխորհիմ, որ գիրք մը կամ յօդուած մը պէտք է գիտնայ ինքզինք պաշտպանել: Չըլլալով անսխալական մէկը եւ ոչ ալ դժկամ վրէպս ընդունելու, պատահած է, որ հրահանգիչ խորհուրդ մը գտնեմ քննադատութեան մէջ:  Եթէ երբեւէ քառասուն տարուայ իմ գրական գործունէութեանս մէջ խօսք կ’առնեմ այսօր, առաջին անգամ ըլլալով, պատճառն այն է, որ աղմուկը ստացած է ազգային համեմատութիւն: Եղածը պզտիկ բան չէ, ո՜հ ամենեւին: Ես վիրաւորած եմ հայուն ազգային արժանապատուութիւնը: Այսքան միայն եւ ո՞չ աւելի: Սպասեցէք, որ պատմեմ:

Ահա չոր իրողութիւնը․ Կոմիտաս Վարդապետի մահուան վաղորդայնին գրեցի յօդուած մը գաղափարակից լրագրի մը, Փարիզի Ապագային մէջ: Չունէի երաժշտական լուրջ պատրաստութիւն, բայց ունէի խորին պաշտամունք հանդէպ մեր անզուգական Վարդապետին: Իսկ մեր խեղճ Ապագան չունէր ոչ մէկ գրութիւն, պատշաճօրէն նշելու համար մեծ Հայուն մահը: Այս օրուան պէս կը յիշեմ Հրաչ Երուանդի խօսքերը․ «Յօդուած չունինք, գրող չկայ․․․»: Թերթի Հոկտեմբեր 27ի թիւին մէջ է որ լոյս տեսաւ իմ Ազատն Կոմիտասը, առանց որ յարուցանէ դոյզն դժգոհութիւն: Ընդհակառակն: Դժուար էր երեւակայել թէ ան մէջտեղ պիտի ելլէ օրին մէկը, երեսունհինգ տարուայ թմբիրէ ետք եւ գլխի փորձանք պիտի ըլլայ դուռ-դրացիի, այլ մանաւանդ ինծի: Դժուար էր երեւակայել թէ ան պիտի խռովէր մեր ամբողջ մամուլը, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի եւ մարդիկ կրկէս պիտի իջնեն զէն ու զրահով, ոմանք նեմեսիսեան վրէժխնդրութեամբ առլցուն, ուրիշներ վրդով կամ սրտնեղ: Բայց շարունակենք:

Անմիջապէս որ հայերեն թերթերը մէջտեղ ելան, Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի աւարտեն, հատորի մէջ առի ցանուցիր յօդուածներս:  Անոնց վերամշակման աշխատութիւնը արեցի մէկ առ մէկ, հպարտութեան եւ զղջումի զգացումներով տարուբեր եւ Թերթիս Կիրակնօրեայ Թիւըն կազմեցի անկողնիս մէջ (անկողին՝ զոր պահեցի քսան տարի, 1939-1959): Կպատահի որ թարմ մնացած ըլլա օրը-օրին գրուած յօդուածի գաղափարը: Բայց լեզո՞ւն: Կատարուած փոփոխութիւնը ծանուցի յստակ կերպով, գիրքիս կցուած ծանօթութեան մը մէջ: Եւ որովհետեւ դուրս կը մնային անյայտ էջեր (մշտական տեղափոխութիւններուս ընթացքին կորուսեալ) եւ դեռ անհրատարակելի գրութիւններ, ըստ, միշտ նոյն ծանօթութեան մէջ, թէ անոնց վերստին երեւումը անպատեհ կը նկատեմ: Այսպէսով կը փորձէի կանխել ապագայ անախորժ անակնկալներ: Ոչինչ չէի կանխած․․․

Սփիւռք հրապարակ կը հանէր Ազատն Կոմիտասը, հարիւր ամեակի նուիրուած իր բացառիկին մէջ, անշուշտ առանց իմ գիտութեան, յօդուածին տալով պատուոյ տեղը: Չէր յիշէր ոչ իր աղբիւրը, ոչ ալ թուականը: Երբ թերթը ձեռքս հասաւ կողմնակի ճամփով, հաստատեցի, որ գրութիւնս պատուական էջ մըն էր, թէպէտ կարօտ վերանայումի ինչպէս իր նախորդները:  Յառաջն է, որ հրատարակեց (Յունուար 25, 1970) վերանորոգուած Կոմիտասը, որ հաւատարիմ կը մնար իր սկզբնական իմաստին  եւ ոգիին: Եւ իբրեւ պսակում իր ընդունած ջերմ համակրութեան, որոշեցի այն հրատարակել առանձին պրակի ձեւով (ան պիտի հրատարակուի, ապահով եղէք): Քանի մը օր ետք ծայր տուաւ լրագրական խաժամուժը: Պէտք է ըսել` գրոհը:

Հայրենիքի Ձայն-ն է, որ հրապարակ կ’իջնէր երկար եւ ջանադիր բաց-նամակով մը:  Գրութիւնս կը քանդէր ամբողութեամբ, խնայելով հանդերձ իմ կէտադրութեանս: Ուժը մինչեւ հոն չէր հասնէր: Ան կը յայտարարէր թէ Ազատն Կոմիտասը նախատական եւ վայրահաչ գրութիւն մըն է, զօր ստորագրած է Հայաստանի հակառակորդ մը, մէկը, որ կը վիրաւորէ մեր ազգային արժանապատուութիւնը: Ի՞նչ ըսել ասոր:

Պարզապէս եւ անյապաղ` ընդունիք «Հ․Ձ․»-ի վճիռը: Բայց ան ատեն կը ներկայանայ հարց մը: Միթէ կճղակաւորնե՞ր էին սա չորս անձերը` Հրաչ Երուանդ (Ապագայ), Շավարշ Միսաքեան (Յառաջ), Սիմոն Սիմոնեան (Սփիւռք), Արփիկ Միսաքեան (Յառաջ)․ միթէ անբան էակնե՞ր էին սա փորձառու խմբագիրները, որ ինքնաբերաբար հիւրընկալեցին իմ Կոմիտասը: Միթէ զո՞ւրկ էին ազգային արժանապատուութենէ, հայրենասիրութենէ եւ գրական հասկացութենէ: Անոնք որ իրենց երկու մատներուն մէջ կը պահէին սփիւռքի բազկերակը, միթէ չէի՞ն գիտէր թէ որ գրագէտը հայաստանասէր է եւ որը չէ: Ինչի՞ տեղ կ’անեն մեր մամուլը:

Հեռու ինձմէ ուրիշին ետեւ պատսպարելու հոգը: Եւ կը բաւականանամ հաստատելով հետեւեալը:  Մինչ «Հ․Ձ․» կ’աճապարէր պախարակել զիս զարմանալի անհամբերութեամբ, օրը-օրին, եւ մինչ բազմերանգ թերթէր կարտորային փողահարել իմ դատապարտութիւնս, Փարիզի Աշխարհը, զօր պէտք է բարեւել անցողակիօրէն, կը մերժէր գրոհին մասնակցիլ: Ան, որուն կապերը ամրապինդ են Երեւանի հետ, ան կը մերժէր կռուիլ թաց վառօդով: Ահա իմ նամակագրիս ցաւը․

«Երբ կարդացի ձեր Կոմիտասը Սփիւռքի մէջ, մտածեցի, վերջապէս․․․ հայ կեանքից եւ հայ գիրից հեռացած տաղանդաւոր գրողը չի կարողացել անտարբեր մնալ իր ժողովրդի տոնին` Կոմիտասի յոբելեանին․․․»։

Թիւրիմացութիւնը ակներեւ է: Ես կ’ըսեմ  35ի Բարեկենդան, ան կ’ըսէ  70ի Զատիկ: Մոլորեալ դատախազ` ան ինձ կը դատէ թղթածրարով մը որ իմս չէ: Փոխն ի փոխ ձեռք կ’առնէ վաւերաթուղթեր եւ կը վճռէ նման Արգոյն Իւպիի- «փուռը նետեցէք աս թշուառը»: Յօդուածս գրուած ըլլալով 1935ին, բնականաբար չէի կրնար յիշել ներկայի այն փառաւոր իրագործութիւնները որ գոյութիւն չունէին տակաւին, ինչպէս որ չէր կանգնած Ապրիլեան Յուշարձանը, ոչ ալ Սարդարապատի յաղթական կոթողը: Գիտնալով որ խօսքը կ’ուղղեմ ոչ թէ նախակրթարանի աշակերտներու այլ լաւատեղեակ ընթերցողներու, աւելորդ կը համարեմ երկարել զուգահեռը: Եւ սակայն․․․:

Իմ ամէն մէկ մոռացումս, բնական եւ բացատրելի, ինծի կ’արժէ վիրաւորական մեղադրանք, քսու ամբաստանութիւն եւ ձրի զրպարտութիւն: Ցեխը կ’արձակէ լիաբուռն: Ան զիս կը ներկայացնէ իբրեւ խորթացած եւ այլասերած մէկը, որ հեռացած է«հայ կեանքից եւ հայ գրից»: Ինք որ եկաւ մօտս եւ անձամբ հաստատեց թէ կապրիմ «հայ Տունի մը մէջ, մոռցած ըլլալ կը թուի այս «մանրամասնութիւնը», ինչպէս որ անտեսած է իմ յետպատերազմեան յօդուածներս եւ երկու գիրքերս` Կիրակնօրեայ թիւը եւ Կարմիր տետրակները: Անկոչ հիւր Սփիւռքի, իւրացուցած կ’ըլլամ թերթին քաղաքական ուղղութիւնը: Մոլիեռ կը գործածէր այսօրինակ ապացոյց․ «ահա թէ ինչու աղջիկը խուլ է»:

Եւ ըսել թէ «Հ․Ձ․»ի մէջ չի գտնուիր խմբագիր մը, որ արգիլէ այս գրոհը եւ չթոյլատրէ մանաւանդ որ նամակագիրը ներխուժում կ’ատարէ իմ անձնական կեանքես ներս: Այդ ներխուժումը կը կատարուի: Ահաւասիկ:

«Ես իր գրադարանում ոչ մի հայերեն գիրք չտեսայ, բացի մի ֆրանսէրեն հատորից․․․»:

Որքան դժնդակ բան է անձնական կեանքը հրապարակելու ստիպման տակ գտնուիլ: Չեմ գիտէր որո՞ւն աչքին փուշն էի, որ զիս դրին այս հարկադրանքին տակ: Բայց գիտեմ թէ լռել հնար չէ: Ուշադրութիւն: «Հ․Ձ․» լիառատօրեն կը ղրկուի ամէն ուղղութեամբ: Ահա ուրեմն իմ պատասխանս: Արդարեւ, հայերեն գիրք չկայ իմ գրադարանիս մէջ, չեմ գիտէր ինչու: Բայց լսած եմ որ Հանրային Հաստատութիւնները ունին իրենց ներքին կանոնադրութիւնը, ըստ որուն թոյլատրելի չէ գրադարանի կամ հոմանուհիի ներկայութիւն: Լսած եմ տակաւին թէ բացառիկ շնորհ մը կ’ըլլայ երբեմն:  Դրան ետեւ կը տրամադրուի պահարան մը, հազար քառասուն հատորով, ընդ որս երեւանեան հիւրերու ժողովածուն: Բայց վերադառնանք մեր հետաքրքիր նամակագրին, որ կը կրէ լանջախաչ:

Բարեսիրտ մարդ` ինծի խորհուրդ կ’ուտայ օրինակ անել Ուիլիըմ Սարոյեանի հայրենասիրութենէն: Չմոռնալ մանաւանդ ֆրանսագիր հայ հեղինակները: Չեմ գիտէր այս տաղանդաշատ գրողնե՞րն են որ գործած են մեր ազգային գրականութեան մէջ եւ մշակած մեր մայրենի լեզուն, թէ չէ ես:  Գիտեմ սակայն, որ հայրենասիրութիւնը բնաւ դիւրին չէր իմ ատեն եւ ոչ ալ անվտանգ: Պէտք է գիտնալ թէ ինչ կնշանակի Փարիզ ապրիլ, հայ մտաւորականներու շրջանակի մէջ, եւ մէկ օրէն միւսը չէզոքացուիլ, մնալ առանձին, որովհետեւ բաեկամ թէ ընկեր երես կը դարձնեն քու տարբեր մտածելակերպիդ համար:  Ազգային նոր դիրքաւորում մը կամ գրական յառաջապահ ըմբռնում մը բաւական է, որպէսզի երեկի բարեկամը վերածուի երեւանեան նամակագիրի:

Ան է որ կը խուզարկէ գրպաններս եւ երեսիս կը զարկէ զարմիկը: Մեծ սխալ: Պէտք է եղել եղբայր կոչել երկու հայեր: Ոչ բարեկամ: Ինծի համար Պուրճ Համուտի թրքախօս հայը եւ Հարաւային Ամերիկայի սպանախօս երիտասարդը զարմիկներ են լաւագոյն պարագային: Եղբայրը «գրականութիւն» է: «եղկելի տզրուկ» մակդիրը հայութեան ուղղուած նախատինք մը չէ․ պէտք է լաւ կարդալ իմ տողս: Այն մոլորեալ երիտասարդը որ դաշունահարեց Դուրեան Սրբազանը, լրովին արժանի էր այդ մակդիրին: Այո պարոններ, արժանի էր: Դարձեալ իմ կողմս է ճիշտ ախտաճանաչումը` երբ կը գրեմ․ «Գոնէ օտար գրականութիւնը ըմբռնէինք»: Չըմբռնեցինք, սփիւռքի մէջ այսօր գրականութիւն կ’ըլլայ, ինչպէս կ’ըլլար վաթսուն տարի առաջ, այս բոլորէն դուրս ի՞նը կը մնա:  Կը մնայ ճշմարտութիւն մը որ ահաւասիկ:

Ճիշտ է թէ իմ գրութիւններուս մէջ կայ եթէ ոչ մռայլ հոռետեսութիւն, առնուազն անբուժելի թախիծի մը քօղը: Կ’ըմբռնեմ որ խորթ թուի ան խորհրդային գրականութեան անայլայլ եւ օգտապաշտ լաւատեսութեան: Կ’ըմբռնեմ տակաւին, որ նախընտրելի չըլլայ իմ գրելակերպս, ուր նիւթը կը խոնարհի ու կը նուաստանայ, դէպի բարձունքները խոյանալէ առաջ: Մեր մէջ շատեր ըրած են նոյնը, սկսէալ Խորէնացիէն մինչեւ Գ․ Զոհրապ: Չեմ պնդէր:

Ես այս յօդուածը գրեցի, չթոյլատրելով որ հոն իյնայ կաթիլ մը թոյնի: Անտեսելով ինծի դէմ արձակուած նախատինքները, իմ առաջին նամակս ուղղեցի Երեւան, բաց-նամակի հեղինակին: Ըսի որ վէճը դիւրին բան է, դժուար բան է համաձայնութիւնը, իրարհասկացողութիւնը: Եւ թէ մենք պէտք է փնտրենք այս վերջինները: Ստացայ քար լռութիւն: Նայիրիի մէջ կը կարդամ (Ծառուկեա՞ն)․ «Դուրեանի սպանութեան խնդիրը անլուծելի չէր: Անլուծելի բան չկայ: Կը բաւէր որ միւս կողմը ընէր զղջումի երկու խօսք: Չըրաւ․․․:»

Երիտասարդ մը կրնայ լռել հպարտօրէն:  Բայց Երեւանի մէջ կը մնան խելամուտ եւ բանիմաց անձեր, որ գիտեն թէ թիւրիմացութիւնը եւ անգիտութիւնը բաներ են որ կը դարմանուին առանց կագ ու կռիւի: Բարի կամեցողութեան հարց է: Գալով ինծի, ոչ, պիտի չուրանամ ինչ որ գրեցի:

Սէն Ռաֆայէլ, Ֆրանսա

Առաջին անգամ հրապարակվել է «Զարթոնք» թերթում (1970 թ․ մարտի 20)։

Please follow and like us:

1 thought on “Շահան Շահնուր/Անիմանալի գրոհը

Comments are closed.