Շատ քչերին է հայտնի, որ հայ հասարակական-քաղաքական գործիչ և գրող Շահան Նաթալին (Յակոբ Տէր-Յակոբեան, (կեղծանունը՝ Նեմեսիս), 1884-1983) գրում էր նաև բանաստեղծություններ։ Ստորև ներկայացվող շարքը՝ «Քաւութեան երգեր»-ը, նա հրատարակել է 1911 թվականին Բոսթոնում։ Ուշագրավ է, թերևս 1909 թվականի Կիլիկյան ջարդերի թարմ տպավորության տակ նույն թվականին գրված մուտքային բանաստեղծությամբ կարծես կանխազգում է Հայոց Մեծ Եղեռնը․․․
Թ.
Նւէր Գաղափարի Մարտիրոսին՝
Սպանիացի Ֆրանչիսքօ Ֆէրրէրի
Յիշատակին
«Իմ Կրօնս Սէրի Կրօնն է»
ՊՈՒՏՏԱ
ՖԷՐՐԷՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Ամէն գիշեր ու յաւիտեան ատելութեանս սեւ թոյնո՞վը պիտի գրեմ․
Կաղամարիս մէջ ե՞րբ արդեօք օրէնքներու, աստւածներու գարշ արիւնը պիտի լեցւի․․․
Պո՜ւտ մը, պո՜ւտ մը, այդ արիւնէն․․․ Կտակս գրեմ․․․
Իտէաշող ուրւականէդ այսավար՝ Քեզ մահացնող կուռ խաւարը կը շամփրեմ,
Ու անօրէն օրէնքներու շղթային տակ ճակատդ անխոնարհ կը համբուրեմ։
Ֆէրրէ՜ր, Ֆէրրէ՜ր․․․
Կեղծ աշխարհի ու երկինքի բոզութեան մէջ անբըծութիւնդ կը պաշտեմ ես,
Ու ցեխասին սողունութեան դէմ՝ կրանիդ աստւածութիւնդ կը խնկարկեմ․․․
Այս գիշեր հին Յիսուսն մեռաւ։ Այս Մե՜ծ Գիշեր․․․
Կը զառանցեմ Քեզ՝ դիւահար, տասնևինը հազար դարի, դո՛ւն, նոր Յիսուս․․․
Ֆէրրէ՜ր, Ֆէրրէ՜ր․․․
Ատելութեանս սեւ մրուրով ես այս գիշեր Ուխտս կը գրեմ։
Պո՜ւտ մը, պո՜ւտ մը աստուածներու, օրէնքներու պիղծ արիւնէն․․․ Կտակս գրեմ։
Կեղծ աստուածներն ոտնկոխած՝ մինչև այս Մեծ Գիշերը ես անձաւներու մէջ Սատանին աղօթեցի․
Սադայէլները յոգնեցան այլևս վրէժս դարբնելէն, ահեղ մուրճերն ալ հալեցան․
Ֆէրրէ՜ր, Ֆէրրէ՜ր․․․
Կուրծքիդ նետւած գնդակներովը ձուլեցի գըմբէթն ուխտիս սուրբ բագինին,
Եւ Տաճարս – Մահարանը աստւածներու – կառուցւեցաւ։ Ու այս գիշեր հոն առաջին Երդումս ըրի։
Ֆէրրէ՜ր, Ֆէրրէ՜ր․․․ Վերջին անգամը այս գիշեր ատելութեանս սև թոյնովը կը գրեմ ես,
Վաղն առաւօտ օրէնքներու, աստւածներու գարշ արիւնին մէջ գրիչըս պիտի թաթախեմ․․․
1909
ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳԵՐ
Դժոխօրէն կ՛ատեմ ո՜վ ներկայի ստրուկ
մարդկութիւնը ու քու մահդ կը տենջամ, որով-
հետեւ աստուածօրէն կը սիրեմ ես ապագայի
ազատ մարդկութիւնը ու կրանիդէ հաւատքով
կը սլանամ դէպի կրօնքը անսուտ Սէրի որ կոյս
Էտլվայսն/է Ատելութեանս/ Ալպեանին կատարը
բողբոջած։
ՇԱՀԱՆ ՆԱԹԱԼԻ
I
«Արարածներ կան որ պիտի ծնին
Քանի Աստուած չէ մեռեր։»
ՕՄԱՐ ԽԱՅԵԱՄ
Ճակատիս պայծառ մաքրութիւնն այսօր եղծանւած կը զգամ․
Ճակատիս վրայ անմար խարոյկ մը կ՛այրի, կը վառի․․․
Սև ոճիրի մը մէջ սրբութեանս մրրկիլը կը զգամ․
Ոճիր մը, որ իմ ճակատս կ՛այրէ, որի, ո՜հ, ես չեմ պատասխանատուն․․․
Մուր մը, որ պաշտուած բոլոր սրբանոց կաթնաղբիւրները չկրցան մաքրել․․․
Ճակատիս վրայ վառւած խարոյկ մը կը զգամ ես այսօր։
Բիծ մը թունաւոր, որ ամբողջ արիւնս է թունախառներ,
Սև մը, որ մօրըս մաքուր համբոյրներն չկրցան սրբել,
Կէտ մը, որի մէջ, ո՜հ, յաւերժօրէն անայգ գիշեր մը կ՛ապրի, կը տեսնեմ,
Գիծ մը, բիծ մը սոսկ, որի մէջ, սակայն, դարերու կապար ստրկութեանը կշիռը կըզգամ․․․
Ճակատիս վրայ խարոյկ մը կ՛այրի, խարոյկ մը անմար․․․
Ո՜հ, իմ ութօրեայ անբծութիւնը պայծառ ճակատիս․․․
Ճակատիս վրայ ազատութեանս այրիլը կը զգամ ստրկութեան մէջ,
Երակներուս մէջ թունաւոր արիւնն այլևս քացխեցաւ․․․
Ո՜հ, իմ ութօրեայ անբծութիւնը պայծառ ճակատիս․․․
Ո՜րչափ կ՛ատեմ քեզ, կամա՛ր, որի տակ
Տէրտէրի մը մատն անարատութիւնս վատօրէն պղծեց։
Ու ճակատիս վրայ ստրկութեան սև խաչը դրօշմեց․
Ճակատիս վրայ, ո՜հ, վառւած խարոյկ մը կըզգամ այսօր․․․
Ոճիր մը, կ՛այրի իմ հոգիիս մէջ,
Այդ ոճիրին ես չեմ պատասխանատուն։
Ազատութեանս դէմ ժահրալի թուք մը փակած է ճակատիս,
Կ՛ուզեմ մաքրել զայն, կ՛ուզեմ լւալ այդ արատը ճակատիս։
Դագաղս անհոգւոց դեռ հողը չիջած, գեղջուկ տէրտէրի մը ոճրին փոխան,
— Քաւութեանս համար, Քաւութեանս համար,
Քահանայութեան կոկորդէն պուտ մը արիւն կը բաղձամ ճակատիս ցայտած․․․
II
Գերեզմանի քարի մը պէս պաղ ու ծանր խաչեր կը զգամ սիրտիս վրայ․
Խաչելութիւն մը եղաւ կեանքս։ Ազատ կուրծքս ի՞նչ մեղք ունէր բևեռւելու,
Հազար խաչեր կուրծքիս գամւած կը զգամ այսօր։
Ազատութեան գաւաթն այսօր կը տեսնեմ ես, ու ծարաւս կը բորբոքի․
Այդ բաժակին շրթունք տալէ առաջ, սակայն, հին մեղքերս պէտք է քաւեմ․․․
Հազար խաչեր կուրծքս կը ճնշեն ու կոկորդս, ո՜հ, կը սեղմեն վայրագօրէն,
Եւ այդ խաչեն, և այդ խաչերն տղի ձեռքըս անգիտակ հոն գամեցին։
Կին մը ստրուկ իր արիւնով իմ արիւնս թունաւորեց,
Ու իմ կուրծքէ՝ թելադրեց ամեն առտու որ խաչւիմ ես,
Ու ջինջ այգէն լոկ թոյն խմեմ․․․
Ազատութեան հուր ծարաւէն կը պապակիմ․․․
Կին մը ստրուկ ամէն գիշեր վերմակիս հետ խաչ մը գամեց մանուկ կուրծքիս,
Որ պահպանէ զիս այդ խաչը․
Ո՜հ, այդ խաչերը գերութեան, որոնց ինքզինքս կուրծքէս գամւած կը զգամ այսօր․․․
Թո՛ղ գոսանան այն ձեռքերն, որ ազատութիւնըս խաչեցին,
Ու խանձարուրս ստրկութեան նըւիրեցին․
Թո՛ղ գոսանան այն ձեռքերը, որ առաջին խաչը դրին տղի կուրծքիս․
Ազատութեանս ճամբուն վրայ կուրծքիս գամւած խաչեր կը զգամ։
Ազատութեան համար ծնած՝ դիցուհիներ կը բաղձամ որ զիս դիեցնեն,
Հազար խաչեր, սական, կուրծքիս գամւած՝ հազար Գողգոթաներ կը բարձրացնեն․
Հազար խաչեր անպարտ կուրծքս կ՛արիւնոտեն․․․
Թո՛ղ գոսանան այն ձեռքերն, որ խաչակնքել սովրեցուցին։
Խաչելութիւ՜ն․․․ Խաչելութիւ՜ն․․․
Մարդկութիւն մըն ալ ինծի պէս խաչւած կուրծքէն՝ ստրկութեան սեպ Գողգոթան կը բարձ-
րանայ․․․
Անէ՜ծք, անէ՜ծք այն աղիճի արգանդին, որ խաչը ծնաւ․․․
Ես այս գիշեր կուրծքիս գամւած խաչափայտէն մեծ խարոյկ մը կը պատրաստեմ,
Ազատութեան, ո՜վ ծարաւած, վեհ հոգիներ,
Բերէ՛ք խաչերը ձեր կուրծքին և ծաչեալը,
Ու Քաւութեանս համար ձեռքովըս կրակ տամ այդ խարոյկին։
III
Գարշապարըս աստւածներու տաք արիւնովը մըկըրտած,
Ու բաղձալի այդ մահերէն, հոգեվարքէն ես գերայոյզ,
Աչքերուս մէջ Ազատութեան քաղցր ժպիտը արշալուսած,
Երէկ գիշեր աստւած մըն ալ արիւնին գինարբուքէն վերադարձայ․․․
Հսկայաշէն բագին մը սև․․․
Ու խաւարի ձայն մը խռպոտ․
«Խոստովանէ՛ մեղքերդ, գոռաց, որ թողութիւն շնորհեմ ես»։
Օ՜հ, մոլուցքիս գեհենը սուրբ հրդեհւեցաւ աչքերուս մէջ․․․
Ու զգացի թէ՝ տակաւին վերջինը չէր աստւածներուն,
Որ մահացաւ ջղագալար՝ ոտքերուս տակ երէկ գիշեր․․․
Ես, որ անծիր երկինքներուն դէմ ժպրհեցայ,
Ու պաշտըւած աստւածներու հետ աննահանջ մարտնչեցայ,
Ես, որ խաչի աստւածին դեռ նիզակին խոցը կը կրեմ կուրծքիս վրայ,
Ու սև լիարդը կը պահեմ երկնաբնակ պարտըւածին,
Ես, որ երկնի կապոյտին վրայ գարշապարովըս պեղեցի արիւնի լայն պողոտաներ,
․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․
Զգացի որ աստւածներու քաղցր արիւնին պապակը դեռ հոգիս կ՛այրէր․․․
«Խոստովանէ՛ մեղքերդ, գոռաց, որ թողութիւն շնորհեմ քեզ»։
Ո՜վ հոգիիս մարտախնդիր սև դեւերը․․․
․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․
Սքեմին պէս սեւ էր արիւնն ալ հոգիին,
Ու ես տեսայ որ իր բագինն էր կանգնըւած լըլկւած կոյսի մարմիններով,
Տեսայ աչքերը մահատես, – տրիփի ակեր – ուրկէ քուրմերն իրեն պագշանք կը օծէին,
Ու իր հոգին՝ դժոխք մը վառ, ուր ապուշները կ՛այրէին․․․
Երէկ գիշեր նոր աստւածի մը արիւնին գինարբուքէն վերադարձայ,
Ու ձեռքերս անգամ մըն ալ պղծըւեցան․
Մայրս երկիւղած խոստովանողի ջերմ արցունքով
Լացաւ մեղքերս, լըւաց ձեռքերս․
Արիւնի բիծ մը մնաց հոն։
Աստուածի մը արիւնի բիծն, լոկ աստւածի մը արիւնով․․․
Ու այս գիշեր մարտախնդիր հոգիս կրկին աստւածի մը որսին կ՛երթայ․․․
IV
Հաղորդութիւ՜ն․․․
Պուտ մը արիւն ճաշակեցի այս գիշեր։
Պուտ մը արիւն մատիս ծայրով,
Աստւածի մը լայնափեռեկ կենսերակին արիւնէն․․․
Հաղորդութիւ՜ն․․․
Մեղքերս բոլորը քաււեցան։
Գիշեր մըն ալ, գիշեր մըն ալ պայքարի,
Ու դարերու զրահովը զրահաւոր աստւած մըն ալ թունաւոր,
Որի անունով պտղունց թոյն ճաշակեց իմ հոգին․
Ես զգացի որ թոյն միայն երակներէս կը հոսէր,
Ու զգացի որ էութիւնս դժոխքի մը պէս կ՛այրէր․․․
Հաղորդութիւ՜ն․․․
Եկե՛ք ինծի, թունաւարւած հոգիներ,
Որ խարոյկները դարձեր էք աստութեան․
Եկե՛ք ինծի, ես ձեզ համար շիշ մը արիւն – Հաղորդութիւն – պահեցի։
Պուտ մը միայն,
Հաղորդութիւ՜ն․․․
Ու Մեծ Զատիկը կը տեսնէք ասուրբ լուծին անհաղորդ։
Օ՜հ, այս գիշեր․․․
Դիակ մըն ալ․․․
Պայծառացաւ իմ գիշերս
Աստւածի մը հիր արիւնին շառայլէն։
Ե՞րբ եօթ գլխեան եօթն աստւածներ ե՞րբ պիտի
Դիա՜կ, դիա՜կ համրեմ ես․․․
Թո՛ղ այս գիշեր անգամ մըն ալ դաշոյնս սըրւի մահասոյլ․․․
Ազատութեան երկինքին վրայ,
Ո՜վ իմ Ուխտս,
Եօթն աստւածի արիւններէն պիտի գծեմ ծիածան․․․
V
Հարսանիքիս այս մեծ գիշերն աստւած մըն ալ մահացաւ․․․
Եկէք խմենք անոր արիւնն յորդառատ,
Ու թող մինչև աստւածարեալ գինովութիւն հաշշային,
Ազատութիւնս մատըռւակէ այդ նեկտարը մեղրանուշ․․․
Հարսանիքիս գիշերն է աս։
Սէրիս առջև գերհզօր կ՛երկրպագեն կրօններ ու օրէնքներ,
Օծեալներու դիակները ոտքերուս տակ են փռւեր․․․
Ո՜հ, այս գիշեր․․․
Թո՛ղ արբենան Նոր սիրողները անկրօն, անօրէնք․․․
Խմեղէ՛ք, ո՜վ ընկերներ,
Խմեցե՜ք, դուք ալ ինծի հետ մինչև մրուրն աստւածներու արիւնին․
Փեսայութեանս այս մեծ գիշեր,
Խմեցե՜ք Մարդ-աստւածութեան կենացը․․․
Աղօթողներն ա՛լ թող երգեն,
Որովհետև երկինքներու աստւախները մահացան․
Ու գետնամած պաղատողները թո՛ղ պարեն,
Որովհետև երէկի մարդը ստուկ՝ այսօր աստւած մը դարձավ։
Հարսանիքիս գիշերն է աս․
Ռրկնաբնակ պաշտւածներու մահերովը կուգամ ես․
Եկէ՛ք խմել այն բաժակէն, ուր աստւածի մը արիւնը կը փրփրի․․․
Քակէ՛ գլխիդ պսակը, մա՛յր,
Ու քեզի հետ բոլոր մայրերն կրօնահիւս պսակները թող քակեն,
Որ ալեհեր ծերութիւնով չքացան․․․
Բերե՛ք նարօտն ձեր ճակատին, հարսերն ամբողջ աշխարհի,
Որ օրէնքին պիղծ մատերով հիւսեցաւ․․․
Փեսայութեանս այս մեծ գիշեր ազատութեանս անմար ջահովը կուգամ
Հին դարերու սուտ սրբութիւնն խարուկել․․․
Եւ դուն եկո՛ւր, աղւո՛ր աղջիկ,
Սողոմոնեան այգիներու խաղողները դառնացան․
Որովհետև ես քեզ համար աստւած-որթեր տնկեցի,
Ու քեզ համա անկէ գինին անմահութեան քամեցի․
Եկո՛ւր մէկտեղ պարպենք բաժակն այս գիշեր,
Որ աստւածի մը արիւնով լեցուցի․․․
Ու դուն անցի՛ր յաւերժհարսի գնացքով, եկո՛ւր գիրկս սիրաբաղխ․
Սէրիդ համար ճամփուդ երկայնքն աստւածներու դիակներով ծածկեցի։
Անցի՛ր խրոխտ՝ կրօններու, օրէնքներու պարիսպէն,
Որ քայլերուդ առջև այսօր հարթեցի,
Ու անոնց մէջ ես Եղիւսեան անփուշ վարդեր ցանեցի․․․
Եկո՛ւր մէկտեղ պարպենք բաժակն հարսնիքիս,
Ու մեզի հետ խմեն բոլոր Նոր սրողներն աշխարհի․․․
Եկո՛ւր, Սէ՛րս, փեսայութեանս այս գիշեր,
Աստւածներու քաղցր արիւնը կը փրփրի․
Խմե՛նք մինչև աստւածարեալ գինովութիւն հեշտալի․․․
VI
Այս իրիկուն ստրկութեան զանգակները անգամ մըն ալ հնչեցին․
Հոգևորներ տօնի կ՛երթան ժպտագին,
Դեռ պաշտըւած աստւածներ ալ կոչնականներ, այս իրիկուն
Վերջալոյսի ստւերներուն հետ վար կ՛իջնեն վեհօրէն,
Խաւարի նոր դարբին մըն ալ օծելու․․․
Ու մարդկեղէն աչքերն ապուշ կը դիտեն,
Աչքերը կոյր, ուր գիշեր մը անարշալոյս է բուներ․․․
Ո՜վ պատրանք․․․
Խաւարին աչքն իրիկուն լուսաշաւիղ մը կը տեսնէ երկնառաք,
Ամպի պսակ մը ցայգակուռ կը պատանքէ աչքերը,
Ու կը վազեն խաւարին տօնն դիտելու․
Հո՛ն, ուր դարեր Անստոյգին սալը ահեղ շառաչեց,
Հո՛ն, ուր մութին դարբինները երգեցին,
Ուր սևազգեստ յարալէզներ ատամներով կռեցին
Տգիտութեան ծանր շղթան․․․
Ու կ՛երթան հոն,
Հոն, ուր խաւար-թոյնը յորդեց անսպառ,
Ու մարդն անբան, դարեր ամբողջ, մինչև հոգին այդ սև թոյնով սնեցաւ․․․
Խորհդրաւոր մենաստանի կատարէն
Կոչնակին ձայնն մինչև ծաղկոտ հովիտներս կը հասնի,
Ու ժամերուն, ու վանքերուն
– Գիտութեան մեծ հերձւածներու դարբնոցներ –
Գմբէթներէն զանգակներուն խուլ ղօղանջը կաղկանձող
Մինչև ժահրոտ աստւածներու մահադաշտերս կը հասնի․
Ու աստւածներ խաւարին հետ, ամպի պէս
Այս իրիկուն նոր հովիւ մը սուտ կրօնքի
Օծել կուգան թոյն-միւռոնի շիշերով․․․
***
Անգամ մըն ալ դևերուս հետ գիտութեան
Իմ երգս կ՛երգեմ կաթսային շուրջ մահահոտ,
Որ պաշտըւած արիւններով է լեցւեր․․․
Ու փէրիներըս մահատենջ՝ պար կը դառնան խօլավար,
Նոր մահերու քաղցր նոյրերէն արբեցած։
Ես արիւնի շոգիներով գինարբու,
Անգամ մըն ալ երկու ափով աստւածներու եռարիւնէն կը խմեմ,
Ու խարոյկը, որ կազմեցի աստւածներու կմախքէն,
Անգամ մըն ալ հրդեհավառ կարմիր ջահովս կը վառեմ։
Տօն կայ անոնց․ տօն կայ ինծի այս գիշեր․
Արիւնաներկ շորերս բերէք որ հագնիմ,
Ու քաշեցէ՛ք Հաւատքիս ձին ասպազէն,
Որ, այս գիշեր, նոր մահերու հոտերէն խենդ կը փռնչէ․․․
Երկու նէտեր աղեղիս մէջ լայնալիճ
Մահատենջի սարսուռով կը սրսփան։
Քաշեցէ՛ք ձիս, բերե՛ք ջահերս․
Ես այս գիշեր անգամ մըն ալ պիտ՛ երթամ
Աստւածներու տօնը՝ անմար իմ ջահովըս հրդեհել․․․
VII
Օ՜հ, այս գիշեր,
Եպթը դագաղ կը համրեմ,
Եօթն աստւածներ, եօթն մահեր․․․
Ու կը տեսնեմ դրօշակս ծիածան,
– Եօթն աստւածի արիւնին մէջ սուրս թաթխած գծեցի,
Որ յաղթական ծածանքներով կը հսկէ
Անյարութիւն մահերուն․․․
Օ՜հ, այս գիշեր, օ՜հ, այս գիշեր եօթներորդ՝ հանգիստիս,
Եօթը դագաղ կը համրեմ․․․
Եօթը գիշեր․․․
Մահատօնի եօթը անքուն գիշերներ․․․
Ծնծղաներն ա՛լ թո՛ղ մեծ հանգիստըս ծափեն,
Ու այդ ըլլայ «հոգւոց»ն անսուրբ դիերուն։
Բերէ՛ք վերջինն այդ դիերուն, որի արիւնն դեռ թարմ է,
Ու իմ ձեռքովս, իր արիւնով օծեմ զինք․
«Վերջի՜ն օծում․․․» թող իր հոգին փրկուի․․․
Եօթը գիշեր արիւնի մէջ լողացի,
Ձեռքերս արիւն կը հոտին․
Եօթն աստւածի արիւններէն խմեցի,
Բերանս արիւն կը հոտի։
Ո՜վ հանգիստիս անկողինը սպիտակ․․․
Օ՜հ, այս գիշեր,
Եօթն մահերէ մեծ հանգիստիս օրօրոցը հիւսեցի
Ուր խոնջէնքս քնացնել պիտ՛ տանիմ․․․
Զիս գիտութեան լոյս դրօշով ծածկեցէք,
Եօթը ցերեկ, եօթը գիշեր օրօրանս օրրեցէ՛ք,
Որ սթափիմ եօթն աստւածի արիւններու շոգիէն,
Եօթը գիշեր ռազմերգերս երգեցէ՛ք,
Որ անանուրջ՝ խոնջէնքներէս սթափիմ․․․
Օ՜հ, այս գիշեր,
Եօթն աստւածի եօթը դևերը բերէ՛ք,
Յաղթանակիս վերջին խարոյկը վառեմ,
Դիակոյտին ես իմ ձեռքով եօթը տեղէ կրակ տամ,
Ու կրակով լըւամ ձեռքերս, խմեմ բոց․
Ձեռքերս արիւն, բերանս արիւն կը հոտին․․․
Օ՜հ, այս գիշեր,
Եօթը դագաղ կը համրեմ,
Եօթն դիակէ մեծ հանգիստիս անկողինը հիւսեր եմ։
Անմահական եօթը գիշեր պիտ ննջեմ։
Իմ քաւութեան եօթ երգերս երգեցէ՛ք․․․
1910, Պօսթըն
Հրապարակման պատրատեց Թոնդրակը։