Յակոբ Օշական/Րաֆֆի
ՉՀԱՆԳԱԾ ՈՒԺԸ Ամէն անգամ, որ մտածեմ Րաֆֆիին վրայ, գաղափարներու անխուսափելի զուգորդութեամբ մը մտքիս կը ներկայանան գրքի երկու անուններ: Ատոնցմէ մէկը՝ « Թափառական հրեան », միւսը՝ Տիքընսի « Մ. Բիգվիգ »ը։ Երկուքն ալ հսկայ յաջողութիւններ, ինչպէս կ՚ըսեն, գրելու արհեստագիտութեան մէջ։ Ատոնցմէ առաջինին ստեղծած հետաքրքրութիւնը այնքան հզօր եղած է, որ նախարար մը կը ստիպէ կէս ձգել նախարարաց խորհուրդ մը։ Այդ երանելի յիմարը չէր կրցած դիմանալ թերթօնին փորձութեան, ու վազած դուրս, քարտուղարին հարցնելու հեւասպառ, – Ի՞նչ եղաւ։ Միւսին հետ աչքիս առջեւ կու գան անգլիական նոյն քան երանելի միսթրներ, սըրեր, որոնք իրենց երիցատուները կամ դղեակները խճուղիէն բաժնող 4-5 մղոննոց ճամբան, անձրեւին, բուքին, յանձն կառնեն կատարել, ոտքով կամ զարդանշանուած քուփէ ներու վրայ, որպէսզի թղթատարական կառքէն ստանան « Մ. Բիգվիգ »ին պրակները, թերթօնի ձեւով տպուած ու բաշխուած ներքին քաղաքներու ընթերցողներուն: Երկու դրուագներուն մէջ ալ, տիրակա՛ն, արուեստի գործի մը հանդէպ այն շահագրգռութիւնը, որ նշան մըն է շատ բաներու, եւ իրաւացի է մտածել նոյն գիծով, նաե՛ւ տողանցքները: Գիրքերուն Չար ոգին այնպէս կարգադրած է, որ ֆրանսացիները առաջինին անունն իսկ ներս չառնեն իրենց գրականութեան պատմութենէն ներս։ Երկրորդին համար ալ նոյն ոգին համաշխարհիկ ու միատարր հիացման սկզբնական հանդէսը անաղարտ պահէ, գործին ծնունդէն նոյնիսկ դար մը յետոյ։ Այս, թէ անցեալ տարի, անգլիացիք գիրքին հարիւրամեակը տօնեցին։ Դա՞սը: – Պարզ է, սակայն։ Նորագոյն մեր զոյգ գրականութիւնները չունին երկրորդ անուն մը, որուն գործին ստեղծած խանդավառութիւնը մօտենայ, նոյնիսկ հեռուէն, « Սամուէլ »ին, « Կայծեր »ին, « Խենթը »ին։ փաստ մը, ասիկա։ Բայց ահա ուրիշ մը: Րաֆֆիի մահէն քիչ յետոյ անոր գործը ենթարկուէր պիտի բարբարոս այն խեցեվճիռներէն մէկուն, որոնց մէջ արեւելահայերը երեւան կը բերեն հաստ, որքան անարդար սրամտութիւն։ Պոռնկագրութիւն, ինչպէս որակուեցաւ Վարուժանի բանաստեղծութիւնը։ Զարդախուցերու մրուր, ինչպէս խարանուեցաւ վէպը Տիկին Եսայեանի, երբ տակաւին չէր անցած այս վերջինը անոնց բանակին։ Բառակոյտ, այս ալ ամբողջ արեւմտահայ քնարերգութիւնը։ Ու ահա չնաշխարհիկ տարազը: – Րաֆֆին գեղարուեստական գրող չի ։ Բարբարոս այս հայերէնին սխալէն դուրս, պարունակութեան վանտալութի՞ւնը: Իբր թէ Շիրվանզադէի գրականութիւնը գեղարուեստին հետ աղերս մը ունենար: * Րաֆֆիի գործէն կէս դար յետոյ, դատաստա՞ն մը այդ գործին վրայ: – Իմ սերունդին համար այնքան ալ դիւրին չէ ատի կա։ Ոչ ալ հոս՝ տեղը արուեստի շուրջ այն հազարումէ որոճումներուն, որոնց առաքինութիւնը բառին իսկ մէջն է։ Ստոյգը այն է, որ այդ գործը մեր պատանութեան ամէնէն սրբազան սարսուռները, ինչպէս ամէնէն խորունկ վայելքները հայթայթած է: Զայն կարդացել եմ, այն օրերուն, «գլխուս գնովը», գործածելու համար հնօրեայ տարազը, որ այսօր բան մը չըսեր մեր տղոց: Յետոյ՝ կեանքը, ու անոր բարիքները մեր երիտասարդութեան եւ չափահասութեան, որոնց մէկ ուրիշ որակումը անմիտումն է մեր ժողովուրդի կէսին։ Ու մեր իսկ ծոցէն բուսած հոգեկան միւս թշուառութիւնը, քաւութեան նոխազներ ճարելու։ Կա՞ր Րաֆֆիէն աւելի արդարատիտղոս զոհ մը մեր տմարդութեան։ Բայց պէտք է լռել։