Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան/Զէյթունի երգեր
ԱՀԱՅ ՔԱՋՈՐԴԻ (Նմանողութիւն Վիքթոր Հիւկոյի) Ապառաժուտ լերան մը կող,Յեցեալ ի քար գերեզմանի,Աչք մերթ յերկինս եւ մերթ ի հող՝Խարտիշագեղ կայր պատանի.Ո՜վ դու որդիդ լերանց հովտաց,Ինչո՞ւ այդպէս սիրտդ է ցաւած։ Կ՚ուզե՞ս որ մեծ փոթորկեալ ծովՄատուցանէ քեզ մըխիթար՝Կոհակաշարժ իւր լարերովԵրգեալ ի շունչ մըրըրկավար։Ո՜վ դու որդիդ լերանց հովտաց,Ինչո՞ւ այդպէս սիրտդ է ցաւած։ Կ՚ուզե՞ս որ քեզ ահեղաշուքԽընդայ կամարն աստեղց անթիւ,Եւ բընութիւն պայծառ զարդուքԺըպտի ծաղկամբ եւ զեփիւռիւ.Ո՜վ դու որդիդ լերանց հովտաց,Ինչո՞ւ այդպէս սիրտդ է ցաւած։ Կամ փափկագոյն այլ ըսփոփանքՄիթէ կ՚ուզե՞ս մօր քաղցուենիՈւ սիրուհւոյ անուշ գգուանք,Որ քու կըսկիծըդ փարատի.Դեռ ի՞նչ կ՚ուզես, ո՜հ, մի՛ ծածկեր,-Կ՚ուզե՛մ վառօդ եւ գնտակներ։ ԲՄԱՀ ՔԱՋՈՐԴՒՈՅՆ Դու զո՞վ խնդրես մա՛յր իմ անոյշ.Ե՛կ, մի՛ դողար, մօտեցի՛ր հոս,Անլաց աչօք դիտէ՛ զորդիդՈւ իւր վէրքերն արիւնահոս։Թրքաց մայրեր թող լան՝ ու դունՈւրախ լուրեր տա՛ր ի Զէյթուն։Ինչպէս երբեմն որրանիս մէջԿակուղ ձեռքով փայփայելովՄանկիկ մարմնոյս հանգիստ տայիրԻբրեւ հրեշտակ նըւագելով,Զիս հանգչեցուր ի հող՝ եւ դունՈւրախ լուրեր տարի Զէյթուն։«Նորեկ որդւոյս կենացն արեւՁեզի համար փայլի՛, Հայե՛ր»։Այսպէս յայնժամ դու կ՚երգէիրՕրորոցիս նըստեալ քովեր.Անոնց համար շիջաւ՝ եւ դունՈւրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։Կարմիր կայլակք ցայտին վէրքէս,Սակայն, մա՛յր իմ, նայէ՛ չորս դին,Զարիւնըռուշտ Թուրքերըն տե՛ս,Հազարներով փըռուած գետին.Կերաւ զանոնք սուր մեր՝ ու դունՈւրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։Մըռընչեցին ինչպէս վիշապՈւ մեր վըրայ յարձակեցան.Ո՜վ հայրենիք, ի հուր ի բոցՔո համար մեր սիրտք վառեցան.Կարմիր ներկան ձորք մեր՝ ու դունՈւրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։Ու ծափ զարկին մեր հարց ոսկերքԶի չէ՛ մեռած Հայոց կըրակ,Ու ցընծացին այնչափ զոհերԶի լուծաւ վրէժ յարեան վըտակ։Խնտաց Մասիս, մա՛յր իմ, եւ դունՈւրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։Վերջին համբոյր տամ քեզ, մա՛յրիկ։Հատուցանես զայն սիրուհւոյս.Վերջին անգամ գրկեմ մեր հողՈյր ադր կ՚իջնամ ի ծոցն անլոյս։Խաչ մը տընկէ վըրաս՝ ու դունՈւրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։ Գ. ԹԱՂՈՒՄՆ ՔԱՋՈՐԴՒՈՅՆՊԱՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱՑ(Նմանողութիւն Ուօլֆի) Ո՛չ փող զարկինք, ո՜չ արձագանք լեռնասոյզՍարէ ի սար չարաշըշուկ տարին լուր.Ու չերգեցինք ողբոց երգեր սրտայոյզԵրբ պատանւոյն բացինք մըռայլ փոսին դուռ։Գիշերական մունջ ըստուերներ շուրջ կայինԵրբ հրացանի կոթով ըզհող փորեցինք.Լուսին միայն դողդոջ շողայր մեր գլխին,Սուգ էր պատեր ըզդաշտ բըլուր եւ երկկինք։Պէտք չէր դագաղ, եւ ոչ ճերմակ պատանքներՈրով գոցուէր ազատորդի Զէյթունցին.Նա յետ մարմին կարծես յոգնած կը հանգչէր,Ու վերարկուն կարմիր բաւէր իւր անձին։Անձայն ու կարճ «Ննջեցելոց» մի զրուցեցՄեր քաջ տէրտէրն, զինւոր Հայոց ՚ւ Աստուծոյ,Գովեց ըզմահն եւ զքաջութիւնն իւր օրհնեց,Թոյլ չի տըւաւ հառաչ մ՚ու ճիչ հանելոյ։Բայց երբ գըլուխն ի բարձ դըրինք հողաշէն,Տեսանք ըզգեղ ճակտին ու վէրքըն պայծառ,«Ո՜վ պատանեակ, ըսինք ամէնքս մէկ բերնէն,Վասն հայրենեաց մեռար, դու շա՜տ ապրեցար։«Գընա՛ զրուցէ՛ հայկազարմից մեծ ոգւոցՈր կան այստեղ ազատ ու քաջ դեռ Հայեր,Որոնք ի բիւր պատերազմաց թէպէտ խոց՝Մէջ ամպրոպաց ի ժայռ կանգուն են կեցեր»։Մէյ մ՚ալ քամի յանկարծ փըչեց ցըրտաշունչ,Լուսնին շողերն եկաւ գոցեց մըթին ամպ,Ու մեր սարերն, զերթ ուրուականք անմըռունչՍեւ գըլուխնին տնկած դիտեն ազչութեամբ։Յայնժամ ցուրտ ցուրտ հող լեցուցինք իւր վըրան,Խաչ մը դըրինք, ինչպէս իւր մօր պատուեր ետ.Ո՛չ այլ շըքեղ արձանագիր ո՛չ տապան.Զինքըն մինա՛կ թողուցինք իւր փառքին հետ։ Դ.ՀԱՅ ՔԱՋՈՒՀԻՆ Այն ո՞ւր կ՚երթայ զըւարթադէմԵւ սուրալով լերանց վըրանՓափուկ թեթեւ ոտիցն ի ճեմ,Ուսից վըրայ հերքըն ծըփան։ Արդեօք չքնաղ եկա՞ւ գարուն,Կամ աւետի՞ս ետ ծիծառնուկ,Թէ՝ ե՛լ, հագուէ՛, պարէ՛ Զէյթուն,Ելէ՛ք ի դաշտ, ծե՛ր, կո՛յս, մանո՛ւկ: Եւ նա խնտում եւ զարդարուածՈւ նազելով աշխուժաբարԿ՚երթայ ընդ պարս ընկերուհեաց,Քաղել նարկիզ եւ նունուֆար։ Սակայն ոչ ոք կայ իրեն քով.Ձայն մը լըսուի, բայց ծիծռան չէ.Թեւիցը տակ չունի կողով,Ուր որ ծաղկի փունջեր շարէ:Բօթ մը փըչեց ինչպէս մըրրիկս,Ու Զէյթունի անտառներունՅաղթահասակ դողան մայրիք.Ցցուեց առիւծ բաշ գալարուն։