Զապել Եսայան/Կույրը

Զապել Եսայանի «Կույրը» պատմվածքը տպագրվել է Արշակ Չոպանյանի խմբագրած «Ծաղիկ» թերթի 1895 թվականի թիվ 3 համարում, Զապել Հովհաննիսյան (Զապելի օրիորդական ազգանունը) ստորագրությամբ։ «Կույրը» պատմվածքը նրա առաջին գրական փորձերից է, որոնք անմիջպես գրավեցին հանրության ուշադրությունը։ Զապելն ընդամենը 17 տարեկան էր։

Նույն համարում հրապարակվել է նաեւ նրա ապագա ամուսնու՝ Տիգրան Եսայանի «Դամբարանները եւ Պոլսոյ կայսերական թանգարանը» հոդվածը։ 

Պատմվածքը ներկայացնում ենք դասական ուղղագությամբ, գրեթե առանց միջամտության՝ պահպանելով բնագրի ուղղագրական ու կետադրական առանձնահատկությունները։

Գրողուցավ

ԿՈՅՐԸ

(ԳԻՒՂԱԿԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ) 

Խիտ կանանչներով պատուած բուներէն վեր բարձրացող ծառերուն հսկայ ճիւղերը կը տատանէին մութին մէջ՝ երերուն ստուերներ յօրինելով: Ամառնային ծաղիկներու կծու ու ծանր հոտ մը կը տարածուէր հանդարտ օդին մէջ՝ գինովցնող բուրումներով: Սեւ լռութեան մէջ մեքենարար կը լսուէր միջատի մը բզզիւնը որ երբեմն կը մոռցուէր նոյն իսկ իր միօրինակութեանը մէջ։ Եւ հեռուէն շունի մը ձայնը կուգար, որ խեղճուկ, հիւանդ հաջիւնով մը կուլար: 

Վայրկեանները կ’անցնէին ծանր ծանր, եւ տեսնել կը կարծէիր ամպերուն թաւալիլը որոնց գիծերը ջնջուած էին սեփ սեւ երկինքին վրայ: Յանկարծ, երը շանը հաջիւնը կը մարէր յուսահատ ճիչերու մէջ՝ երգի մը եղանակը թրթռաց, որ հետզհետէ կը մօտենար: Ձայնը հիանալի էր. առանց ճիգի, եղանակը կը հոսէր, դողդղոլով, անուշ ելեւէջներով: Մէկէն կը բարձրանար, դիւթիչ, ուժեղ, եւ ահա կ’իջնէր նորէն կը մարէր իբր թէ ճնշուած կուրծքէ մը ելլէր: 

Կամաց կամաց, երգին եւ գիշերուան ազդեցութեանը տակ գինով՝ կը թուէր ինծի որ աներեւոյթ պարիկներ էին որ օդին մէջ կ’երգէին, մինչ ձայնին երազուն անուշութիւնը կարծես կը հաստատէր պատրանքս։ 

Քիչ մը ետքը ձայնը դադրեցաւ, և մօտակայ մարգերուն մէջէն դանդաղ խշրտուք մը լսուեցաւ: 

Ամենքս ալ, լուռ, անշարժ, ընկողմանած էինք խոտերուն վրայ, մտքերնիս տարբեր մտածումներու մէջ թափառուն: 

Հիմա կը հասկնայի որ այն ծառերուն ներքեւ մարդկային կուրծք մը կ’ուռէր յուզումներով: 

Մութի ծալքերով եւ անհամար ստուերներով շրջանակուած, անկարելի էր տեսնել քայլ մը անդին, բայց արդէն թեթեւ ոտնաձայն մը մեզի կը մօտենար: 

Չվախցանք․ տանը վարձւորներէն մէկը ըլլալու էր պարտէզին մէջ մնացած, բայց նոյն վայրկեանին իսկ երեսիս վրայ շունչ մը զգացի. եւ ծանօթ ձայն մը կ’ըսէր ինծի. 

– Կ’աղաչեմ, ո՞ւր եմ: 

Անմիջապէս հասկցայ. կոյրն էր: 

Դեռատի աղջիկ մըն էր սիրուն, խարտեաշ, որ հօրը հետ մինակ կ’ապրէր մեր տանը մէկ սենեակը. կոյր էր, բայց գոց աչքերը պատճառ մը եղած չէին աւրելու դէմքին ամբողջ հրապոյրը, ցաւոտ հրապոյր մը: Քովս Նստաւ եղեամէն թրջուած խոտերուն վրայ: 

– Դո՞ւն էիր երգողը, ըսի կամաց ձայնով մը՛, իբր թէ վախնայի խանգարել շուրջս ծանրացող լռութիւնը։

– Այո՛, ըսաւ. եւ պահ մը ետքը աւելցուց. Օհ, խենթեցեր էի այս գիշեր. յիշատակներէս չարչարուած՝ պարտէզ փախայ եւ մոռնալով ամէն բան երգեցի, հիմա չեմ գիտեր թէ ո՞ւր եմ, խարխափելով հասայ հոս: 

Միշտ հետաքրքիր եղած էի գիտնալ խեղճ աղջկան անցեալը. առիթը չուզեցի փախցնել, եւ հարցուցի․

– Ի՞նչ յիշատակներէ յուզուած էիք։

– Վաղը, ըսաւ ծանր ծանր, եղրօրս մահուան տարեդարձն է: 

– Եղբօ՞րդ․․․ 

– Ա՜խ, հիմա մի՛ հարցներ, պատասխանեց, վաղն առտու կը պատմեմ քեզի։

Գիշերը բաւական յառաջացեր էր, տուն դարցանք։  Անհանգիստ անցուցի մնացած ժամերը. եւ դեռ բոլորովին չէր լուսցեր, երբ ելայ: Կողմնակի պատուհանէ մը կը տեսնուէր ընդարձակ դաշտ մը որ կը վերջանար լեռներու շարքով մը: Հեռուն, միայնակ շոճի մը իր հաստ ճիւղերը կը տարածէր: Դեռ գիւղը կը քնանար: Հեռուէն բոժոժներու հնչուն ձայն մը կուգար. գիւղացիներ էին որոնք ձիերու վրայ ամաններով կաթ բեռցած կանուխէն մօտակայ տեղերը կը տանէին: Քիչ մը ետքը աքաղաղները խօսիլ սկսան․ անոնց խառնուեցան ոչխարներուն մայիւնը եւ հորթերուն բառաչիւնը: 

Վարը տանտիրուհին արթնցած էր արդէն եւ կովու մը ետեւէն կ’երթար, խթանով մը զայն դիմացի դաշտը քշելով։ Վար իջայ. տասը վայրկեանէն ամբողջ գիւղը արթնցած էր: Հոսկէ մարդ մը կ’երթար մշակի գործիքները ուսերուն վրայ առած, հոնկէ աղջիկ մը կ’երեւար որ կաթ կը բերէր: 

Լեռներու երկու ծայրերուն մէջտեղը խտացած գորշագոյն ամպերը հետզհետէ կը ճերմկնային կը վարդագունէին, հորիզոնին վրայ ցրուած բոլոր ամպի պատառները դէպի հոն կը վազէին: Հինգ վայրկեան ետքը թեւ թեւի կը քալէինք թարմ խոտերուն վրայ։

Հօտերը արածելու կը հանէին. ոչխարներուն մէջէն կ’երթայինք ծծելով մաքուր օղը, որուն մէջ վայրի ծաղիկներուն հոտը խառնուած մեղրի համ ունէր: 

Եղեամէն թրջուած խոտերը մեր ոտքերուն տակ ճնշուելով, իրենց ներքեւ պահուած մանուշակներուն հոտը օդին մէջ կը տարածուէր։ 

Եկեղեցիին զանգակը տարտամօրէն կը ղօղանջէր. հեռուն, այծերը խենթի պէս կը ցատքրտէին թաւուտներուն մէջ։

Ծառի մը տակ նստանք եւ մինչդեռ աչքս մեր առջեւ փռուող Մարմարային կապոյտին մէջ կը մոլորէր, կոյրն ինծի իր պատմութիւնը պատմեց։ 

Այն ատեն իմացայ որ քանի մը տարի առաջ եղբօրը հետ երջանիկ կ’ապրի եղեր, երբ ծաղկախտի համաճարակի մը միջոցին՝ եղբայրը կը վարակուի։ Զինքը հեռու կը պահեն եղբօրմէն, եւ հայրը մինակ կը հսկէր զաւկին վրայ։ Մայրը մեռած էր արդէն: 

Իրիկուն մը, չդիմանալով, հակառակ արգելքին, կամաց կամաց եղբօրը սենեակը կ’իջնէ, հազար վարանումներով, ու վախերով, չէ թէ իր անձին համար, այլ այն ահռելի անակնկալին զոր պիտի ունենար սենեակին անկիւնը եղբայրը պառկած տեսնելով։

Կը յաջողի եղբօրը սենեակը սպրդիլ, մինչդեռ հայրը՝ յոգնած՝ քնանալու գացեր էր։ 

Այդ գիշերը, առտուան դէմ, հիւանդին վիճակը կը գէշնայ հոգեվարքը կը սկսի. եւ ալ չեն կրնար զինքն անկէ բաժնել։ 

Քոյր ու եղբայր, իրարու հետ կը խօսին, գլուխ գլխի, արցունքներով:

Մեռնելու մօտիկ, եղբայրը կը խնդրէ քրոջմէն որ երգէ։ Աղջիկը աղուոր ձայն ունէր: 

Արցունքներէն խեղդուած, խեղճը իր եղանակներուն էն անուշը, էն տխուրը կ’երգէ: 

Դեռ երգը չաւարտած, եղբայրը կը մեռնի։

Հետեւնալ օրը ինք ալ հիւանդ էր: Ծաղկախտն իրեն համար աւելի անգութ եղաւ. կեանքը չառաւ, բայց աչքին լոյսը յաւէտ ցամքեցուց։

Երբ այս պատմութիւնն աւարտեց, գլուխն ուսիս դրավ թեթեւօրէն եւ սկսաւ հեծկլտալ՝ ան ի՛նչ տխուր են առանց արցունքի հեծկլտանքները … 

Յետոյ շտկուեցաւ ու նորէն սկսաւերգել իր երգը, այն երգը որ առջի գիշերն ալ երգած էր։ 

Հիմա երգը աւելի տխուր կուգար ինծի, աւելի ցաւոտ։ 

Ու երգին եղանակն այնքան անուշ, այնքան յուզիչ էր որ խոսուն ցաւ մը, ներդաշնակուած հառաչ մը կը թուեր ինծի։

Please follow and like us: