Զապել Եսայան/Չխամրող սերը

Զապել Եսայանի «Չխաբող սերը» տպագրվել է Արշակ Չոպանյանի խմբագրած «Ծաղիկ» թերթի 1895 թվականի թիվ 5 համարում, «Աղջկան հոգիներ» խորագրի ներքո, Զապել Հովհաննիսյան (Զապելի օրիորդական ազգանունը) ստորագրությամբ։ «Չխաբող սերը» պատմվածքը նրա առաջին գրական փորձերից է, որոնք անմիջպես գրավեցին հանրության ուշադրությունը։ Զապելն ընդամենը 17 տարեկան էր։ Վերատպում ենք գրեթե առանց միջմտությունների՝ հավատարիմ մնալով բնագրի ուղղագրական ո կետադրական առանձնահատկություններին։ 

Գրողուցավ

ԱՂՋԿԱՆ ՀՈԳԻՆԵՐ  

Չխամրող սէրը

 Ցուրտ գիշերները երբ հովը ծառերու չորցած ճիւղերը մտրակելով հառաչներ կը խլէր անոնցմէ եւ պատուհաններուն ետեւէն սուրալով կը սարսռացնէր ապակիները, երբ անձրեւը երկինքն ի վար տեղալով պատուհանին դուրսի սեւէն մութցած ապակիներուն վրայ կը կախուէր   հալած արծաթի կաթիլներու պէս, Վերգին աչքերը դուրսի թանձր սուգին յառած, մտիկ կ’ընէր ձմեռ գիշերուան մը ամրողջ երաժշտութիւնը։

Սենեակին ցուրտէն ու զգացած յուզումէն ակռաները իրար կը զարնուէին, եւ անոնց մեքենական ձայնը կը մարէր դուրսի եղանակներուն մէջ որոնք բնութեան հառաչները, լացերն ու հեծկլտուքներն էին իրարու խառնուած: 

Ու իրեն կը թուէր որ ինքն իսկ ամբողջ էութիւնովը թրթռում մըն էր այդ գիշերային նուագին: 

Որովհետեւ իր շուրջը թանձրացող սեւը թող կուտար իրեն ինքն իր մէջ ամփոփուիլ, կ’աշխատէր լուծելու իր հոգիէն անցնող ամէն յուզումները:

Ամենէն զօրաւոր ուժը իր մէջ սէրն էր. ու այդ սէրը ամէն բանէ աւելի արժանի տեսած էր նուագին տալու: 

Եւ հիմա, նոյն իսկ բնութեան երաժշտութենէն օրօրուն, հաճոյքով կը թուէր այն ամէն անցքերը որ իր չափահասութենէն ի վեր անցած էին եւ որոնց ազդեցութենէն ազատ մնացած էր: 

Շատ երիտասարդ էր Վերգին, աշխոյժով, եռանդով, տաք երեւակայութևամբ վառ… սրտի տարտամ յուզումներէ ետքը կը զզար որ իր հոգին կը դիմէր դէպի աւելի աննիւթական աշխարհները։ 

Իրական կեանքի ամենէն նրբին կարծուած յուզումներն իսկ չէին կրցած իր հոգին գոհացնել. կըզգար որ իր սիրտը կ’աղտոտէր, զուր տեղը գործածելով անանկ յուզումներու որոնք չէին փոխարիներ իր սպառած եռանդին: 

Դրացիական, ընտանեկան ամբողջ նախապաշարումներուն հանդիպած էր. բայց անոնց տոկալու համար ճիգ ընելու պէտք չէր զգար՝ հեգնական ծիծաղ մը միայն ունեցած էր բոլոր ողորմելի բարոյականներուն համար զոր իր դէմ նետած էին, եւ իր հոգին անաղարտ մնացած էր բոլոր թուքերէն: 

Ազատ գաղափարներով, ազատ սրտով սնած դեռատը աղջկան մը ամբողջ ըմբոստացումները ունեցած էր մեր ընկերութեան ապուշ կարգուսարքին դէմ. ու երբեք չվախնալով հանրային կարծիքին տխմար բռնաւորութենէն, իր հոգւոյն ու սրտին պահանջումներուն համեմատ կ’ապրէր, համոզուած ըլլալով որ ընկերութիւնը չի տար իրեն ապագային այն ամէն բաները զոր երիտասարդութիւնը կը շռայլէր իրեն: 

Բայց միանգամայն, այն ուժգին վագքին մէջ որով իր խանդը ու երիտասարդական կրակը կը հրէին զինքը կեանքին մէջ, երբէք չթուլ ցաւ ժպտուն ու քծնող հրապուրանքներէն, որովհետեւ զգաց որ ասոնց քանի մը օրերու հաճոյքին փոխարէն չէր արժեր ամբողջ յուսահատութիւնը, թշուառութիւնը, որ ասոնց անխուսափելի յաջորդութիւնը պիտի ըլլար:

Ուզեց անանկ բանի մը կապուիլ որ ամէն ատէն փոխարինէր իր եռանդին, կարող ըլլար զինքը յուզելու այն ազնիւ, վսեմ յուզումով որ հոգին այնքան կը բարձրացնէ։

Եւ որովհետեւ անանկ եռանդ մը, կրակ մը կըզգար երակներուն մէջ որ պէտք էր անպատճառ սպառել, ապա թէ ոչ եռանդը զինքը պիտի սպառէր, բաղեղի պէս փաթթուեցաւ նուագին: 

Իրական երջանկութիւնը, այն հանդարտ, անուշ հրճուանքը զոր կուտայ երաժշտութիւնը, Վերգին զայն զգաց ամրողջովին: Իր հոգին ընդունակ էր ըմբռնելու անոր երազկոտ յուզումները եւ բարձր գրգիռները, եւ յամրօրէն, կաթիլ կաթիլ ընդունեցաւ երակներուն մէջ նուագին րոլոր արբեցութիւնը որ ուրիշ գինովութիւններէ աւելի ուժով հոգին գերի կ’ընէ իրեն: 

Հեռուէն եկող տարտամ եղանակ մը, ձայներու քանի մը ելևւէջներ կը բաւէին զինքը յուզելու, ամբողջ արիւնը սիրտը կը խուժէր, գլուխը բռնկած, երազողի նայուածքով, հոգւոյն տենդէն շրթները դողդոջուն, պաղ ձեռքը կ’անցընէր տաք ճակտին վրայէն՝ հոնկէ սլացող երազանքները շօշափելու համար կարծես: 

Նուագին տարփանքը զինքը մղեց ինքն իսկ սորվելու աստուածային արուեստը նուագին, իր մատներովը արտադրելու ինչ որ իր հոգիին էն մեծ յուզումն էր: 

Գործիքներուն մէջ ջութակը ընտրեց, այն որ հեզիկ բայց ազդու ձայնով մը կը խօսի սրտին, որ մեղմօրէն կը հեծկլտայ կամ գերագոյն զգացումի ճիչերը կ’երգէ, այն որ իր ամենանուրբ ելեւէջներուն մէջ մարած հառաչներ կը պահէ, որ կուլայ: 

Որովհետեւ իր ամբողջ ըղձանքը, ամբողջ երազները այդ նպատակին կը դիմէին, կրցաւ իրագործել իր տենչը. ապագայի ի՛նչ երազներ, ի՛նչ փայլուն տենչեր ունեցաւ. քանի՛ քանի անգամներ հրճուանքէն իրականութիւնը մոռցած, լաւ նուագողի մը պատրանքով երջանիկ, մտիկ ըրաւ ջութակին թելերուն ճիչերը իր անվարժ մատներուն տակ. ջութակին հետ մինակ անցուցած երկար ժամերուն մէջ երքէք պզտիկ ձանձրոյթ մը չխանգարեց իր եռանդը. կը թուէր իրեն որ ջութակին այն անկանոն թրթռումները անհրաժեշտ էին ապագային անուշ երաժշտութիւններուն համար. եւ իր յարատեւ պատրանքներուն մէջ ջութակը պզտիկ տղու մը կերպարանքը կ’առնէր որ անգիտակից ճիչեր, հեծկլտուքներ ունի: 

Առաջին դժուարութիւնները շուտով անցուց, զգալի յառաջդիմութիւններ կ’ընէր. հիմակ ջութակին թելերը աղեղին թեթեւ հպմանը՝ կանոնաւոր եւ անուշ եղանակներ կը հանէին: 

Տարի մը անցաւ. ա՛լ կրնար նուագել անուշ, սիրուն, հոգւոյն ամբողջ յուզումը դնելով թելերուն թրթռումին մէջ։

Ջութակը սրտին վրայ սեղմած անհուն գորովանքով մը իբր թէ այդ առարկան պէտք ունենար գգուանքի, մէկիկ մէկիկ կը լարէ թելերը եւ այն անորոշ անկանոն ձայները որոնք կ’ելլեն մատներուն հպումէն՝ մտիկ կընէ ուշադիր, երազուն, անոնց մէջերէն լսել կարծելով կանոնաւոր երաժշտութիւնը որ անոնց պիտի յաջորդէ. յետոյ, նոյն գորովի արտայայտութեամբ, կամացուկ մը կը տեղաւորցնէ ջութակը թուշին տակ, հաճոյքով զգալով անոր կոշտ ու սլաղ հպումը մորթին վրայ։ 

Ձախ ձեռքին մատները պտտրաստ են արդէն թելերուն վրայ թըռչտելու, մինչ միւսովը աղեղը թեթեւօրէն մատներուն մէջ բռնած՝ թելելուն վրայ կը դնէ, գերագոյն յուզմունքով սպասելով առաջին հպումէն ժայթքելիք ձայներուն։ 

Ու եղանակը կը սկսի. արուեստէն աւելի յուզումը կայ անոր ելեւէջներուն մէջ. ձայները կը բարձրանան, կը նրբանան, մինչդեռ աղեղը կը կը պտուտքի շարունակ թելերուն վրայ հազիւ թեթեւ հպումով եւ միւս ձեռքին մատները զրգռութենէն ելևկտրականացած մեքենաբար կը դպին թելերուն: 

Եղանակէն գինովցած, կամաց կամաց անրջանքներու մէջ կը սլանայ հոգին. շուրջը ամէն բան կը հալի, կ’աներեւութանայ կարծես. պատերը կը փլչին անշշուկ, եւ պարզուած մթնոլորտի մը մէջ ուր կեանքի կապող ումէն բաներ կ’անհետանան ու կը լռեն հետզհետէ, լոյսեր ու ստուերներ միայն կ’երկննան իրենց ոսկեգոյն ու սես տտունները ձգելով իրենց ետեւէն: 

Ու ձայնին րոլոր ելեւէջները կեանք առած դէպ իրեն կուգան ծըփծփուն ալիքներու պէս, եւ հաճելի սեթեւեթներով կը մարին շուրջը, իրենց վերջին մրմունջներուն մէջ։ 

Եղանակը որ կարծես ինքնին կը հոսի ջութակէն, կ’աւելցնէ Վերգինին անուշ պատրանքները, եւ հիմա երազներու աշխարհին մէջ կը պտտկի, շրջապատուած մեղմ նուագներով որոնք հեռաւոր, աննիւթական մթնոլորտներէ կուգան ու երգերով՝ զոր կ’երգեն սլացիկ հուրիներ իրենց շղարշէ քղանցքները ուռեցնելով մաքուր ճերմակ միջոցին մէջ։

Այն ատեն, աչքին առջեւէն կ’անցնէին իր կեանքին բոլոր տխրուիթիւնները, մէկիկ մէկիկ, շրջմոլիկ հուրերու պէս, դիմացը կածկլտալով. քանի մը անորոշ դէմքեր՝ ժպտուն, ծաղիկներու, բոյրերու, գոյներու հետ խառնուած, բայց ասոնք ամենքն ալ կը մարէին իրենց անվերջ շղթայումով. ծածկուելով տարտամ մշուշներու մէջ։ 

Ու միշտ, թրթռացող օդին մէջէն, կին մը կելլէր շղարշներու մէջ փաթթուած, կաթնագոյն լանջքին վրայ վարդի փունջերով, ժպտուն, ©  մազերը արձակ. ու բարձրանալով հետզհետէ օդին մէջ, յաղթական, ոտքը կը դնէր այն մշուշապատ աշխարհին վրայ որուն մէջ Վերգինին ամբողջ կեանքը թաղուած էր. մազերէն, լանջքը ծածկող վարդերէն, ամբողջ մարմինէն ելլող բոյրերը տեսանելի կը դառնային չափազանց թափանցիկ օդին մէջ. եւ անոնց ծալք ծալք ալիքները իր մօտը գալով ձայներ կ’ըլլային այնքան անուշ, այնքան գինովցնող որ կինն իսկ, գրգռուած իրմէ ելած բուրումներէն, թեւերը կ’երկնցնէր Վերգինին։

ԶԱՊԷԼ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Please follow and like us:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *