Զապել Եսայան/Երգ առ գիշեր

Եկո՛ւր, ով գիշեր. եկո՛ւր քու սև քղանցքներովդ աշխարհը ծածկէ՛, քու զովութեանդ մէջ մարէ՛ վերջալոյսին յետին շունչը, ծածկէ՛ աշխարհը քու դամբանական մութիդ մէջ:
Օրը կը մտնէ քու մռայլ ծոցիդ, իր գերեզմանին մէջ, իր հետ քաշելով իր մէջ բողբոջած բոլոր յոյզերն ու հոգերը:
Սիրող սրտերը անձկութեամբ քեզի՛ կը սպասեն, քու մթութեանդ մէջ իրենց անուրջները խեղդելու: Քու աներեւոյթ մատներովդ եկո՛ւր գոցէ՛ անոնց յոգնած աչքերը: Տա՛ր զանոնք, քանի մը ժամ, քունին խորութիւններուն մէջ:
Սեւ թեւերուդ վրայ առած՝ հեռո՜ւն տար անոնք որ կեանքէն ուժասպառ են եղած. քու զովութեանդ մէջ քնացուր անոնք անուշ երաժշտութիւններովդ, թող քանի մը ժամ հալի՜ն անոնց հոգերը քու սեւաթոյր մթնոլորտիդ մէջ:

Քու գալուստդ սիրելի յիշատակներ կը բերէ իր հետը: Դուն բարեկամն ես մենաւորներուն. ամէնէն ծածուկ արցունքները դո՛ւն կը տեսնես:

Բաց պատուհաններու առջեւ անքուն անցընող թշուառներ քու զով սեւութիւնդ կը ծծեն:

Անոնց մտածումները, յուզումները քու ծոցիդ մէջ կը թափառին: Եւ դուն այդ ամէնքը կ՛առնես, քու մխիթարող աղջամուղջիդ մէջ կը թաղես:

Please follow and like us: