Արշակուհի Թէոդիկ/Ամիս մը ի Կիլիկիա

ՄԵԿՆՈՒՄԻ ՊԱՀԸ

14 Հոկտ. 1909

Աշնանավերջի անուշ իրիկուն մըն է։ Վերջալոյսը հետզհետէ կը նուազի հորիզոնի ոսկենշոյլ պաստառին վրայ, ուր, նկարչային գորշութեան մը մէջ թաղուած՝ Ստամպօլը կ՚ուրուանկարուի հիմայ աւելի քան երբեք գեղեցիկ՝ իր սլացիկ մինարէներովն ու գմբէթներուն վէտվէտումովը։

Շոգենաւին կամրջակին վրայ, բազրիքի մը կռթնած՝ չորս բոլորս կը դիտեմ, բաժանումէ մը առթուող տարտամ մտահոգութիւններու սարսուռովը սիրտս լեցուն։ Ալէքսանտռի խարիսխը բարձրացուցած է եւ իր «վինչ»ին խլացուցիչ խորը դադրած։ Կը մեկնինք, այլ եւս կը հեռանանք Պոլիսէն։ Սիրելիներ, բարեկամներ, Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութեան անդամուհիներ իրենց ողջերթի եւ յաջողութեան մաղթանքներուն հետ հրաժեշտնին տուած՝ մակոյկներով կ՚շտապեն նաւուն կուշտն ի վեր, գլուխ ու թաշկինակ թօթվելով։

Անօրինակ թոհուբոհ մը՝ ծովուն վրայ։ Նրբիրան, աղւոր փայլքի մը քովէն՝ հանքածուխ պարպող բանւորներով լեցուած տձեւ նաւակ մը կը սողայ. անդին՝ լայնառագաստ ցռկանաւներու առաջքէն՝ շոգեմակոյկ մը արշաւասոյր. հեռուն, հիւսիս ու հարաւ մեկնող երեկոյեան շոգենաւներ՝ տուներնին վերադարձող ուղեորներով առլի՝ խօլ զիկզակներ կը ձեւացունեն, զիրար կը խաչաձեւեն, զիրար կը հետապնդեն։ Մեր նաւը կը շարժի հիմայ, պարանաձիգի մը առաջնորդութեամբ, ու պահ մը դէմ առ դէմ կու գանք Շիրքէթի 42 թիւին։ Խոնջ վաստակաբեկ շուկացիներ մէկ կողմ դրած հաշիւ ու շահ՝ իրենց սիրելի յարկերը կը դիմեն։ Տեսակ մը խանդոտ վերաբերումով կը նայիմ ցռուկին ու վերնայարկը խտացող այդ երջանիկ բազմութեան -իբրեւ իմ երկրացիներուս, – ու մնաք բարովին պէս խօսք մը կու գայ համր շուրթերուս ծայրն՝ անոնց հասցէին ուղղուած։

Մնաք բարով շուրջս գտնուած քիչ մը ամէն բանի, շնչաւոր էակներէն մինչեւ անշունչ իրերը բնութեան, սա ընտանի եզերքներէն մինչեւ բարձունքը Չամլըճայի։ Սոյլեր, խռպոտ հագագներէ արձակուող աղաղակներու հանգոյն՝ սոյլեր անվերջ ու ընդհատ, այդ պահուն ինձ համար կարծես՝ Մեկնումի անսահման թախիծը դառնօրէն երգող, եղերերգող։

Կ՚զգամ որ յուզումը տեղաւորուած է ա՜լ էութեանս մէջ, եւ ակնարկս տակաւին յառած հեռուի ու մօտի տեսարաններուն՝ ջանք կ՚ընեմ ատոնցմով գրաւուելու, ատոնց պարզած խաղաղաութեանը մէջ սուզուելու, ամոքուելու համար առանձնութեանս տաղտուկէն, պահ մը մոռնալու համար տխրութիւնը բաժանումին, նաեւ միտքէս վանելու համար ամէն դժխեմ կարելիութիւն պատահականութեանց։

Սառայ-Պուռնին դարձած՝ Մարմարայի ջուրերն ենք։ Մայրամուտ հորիզոնը տմոյն երանգի մը մէջ՝ արեւին թաղումը կը շարունակէ խոկալ. անհամար ծուխերէ եւ իրիկնամուտի ստուերներէ գոյացող թաձրութիւն մը կը ծփայ յամրօրէն՝ ծովին ու մեր նայուածքէն խուսափող մայրաքաղաքին վերեւ։ Դեռ կը յամենամ կամրջակին վրայ, անձնատուր՝ բաց ծովերէն եկող թեթեւ հովին, եւ աչքերս անքթիթ՝ հոն, ի բարձունս անդր Սկիւտարի։

ԱՂՕԹՔԻ

Նաւուն հանդիպակաց կամրջակին վրայ տեսակ մը անօրինակ խլրտում դէպ իրեն կը ձգէ նայուածքս։ Բացօդեայ տախտակ սարաւանդին վերեւ խռնում մը կայ մարդկային մարմիններու՝ որոնք խմբովին եւ համաչափ կերպով կը հակին ու կը բարձրանան փոխն ի փոխ։ Հաճի գացող Պուխարացիներու խումբ մըն է որ ծնրադիր ու գետնամած՝ երեկոյեան աղօթքը կ՚ընէ իր Ալլային, լուռ ու պատկառոտ։ Հայեցողի ինչ վերացում անձնիւր դէմքի վրայ, կրօնքի ի՜նչ ջերմեռանդ արբշռանք անոնց բովանդակ կերպարանքին վրայ։ Գլուխներ վեհերոտ ու երկիւղած կը ծռին, ճակատներ մինչեւ տախտակամած կը քսուին, արտեւանունքներ ծանր՝ խորհուրդի խտացումներ կը պարփակեն, եւ շուրթեր՝ պահ մը տարամերժ ամէն սուտի ու կեղտի գովքի եւ օրհնութեան ծորակներ են դարձած։ Մինիչ նաւը կ՚առաջանայ յուշիկ, մինչ ճեղքուող ջուրեր իրենց մեղմ ու միօրինակ երաժշտութիւնը կը մրմնջեն, հոն, վերը, գորշ ստուերներուն մէջ պարուրուած, կրօնքի այդ մարդերն սիրտերնուն իղձերդ կը վերուղղեն, հոգեշունչ փառաբանութիւննին կը ձօնեն իրենց պաշտելի Ալլահին…

Յանկարծ, մոռցած ամէն վիշտ եւ սթափած այն մելամաղձոտութենէն՝ զոր մթութեանց ետեւ կորսուող քաղաքէն բաժանումս եւ անծանօթի պատահականութիւնները դիզած էին ներսս, խորունկ, ցաւագին սարսուռ մը կը թօթվէ ամբողջ էութիւնս։ Ու մթնշաղի, ծփանքի, մրմունջի եւ աղօթքի այդ պահուն, տխուր, մահուան չափ տխուր յստակութեամբ մը՝ տողանցումը տեղի կ՚ունենայ երեւակայութեանս առջեւէն Կիլիկիոյ բոլոր այն աւաններուն ու գիւղերուն՝ որոնք սեւ օր մը, խուժանին կողմէ մզկիթներուն մէջ Ալլահին մատուցուած միահաղոյն թունտ աղօթքէ մը անմիջապէս վերջ՝ կը վերածուէին սպանդանոցներու, արեան լիճերու եւ մոխրակոյտներու։ Ի խորոց սրտի կարդացուած սո՜ւրբ աղօթք՝ որ սիրտեր արիացուցած էր եւ բազուկներ՝ ա՜յնքան ուժովցուցած  Կոտորածի տիեզերասատ առամը բեմադրելու համար։ Յանուն Ալլահին՝ ա՜յսքան ոճիր, ա՜յսքան սեւ ու սուգ…։

Ի զո՜ւր կը դարձունեմ յոգնատանջ նայուածքս այլուր. չեմ կրնար խուսափիլ այն ահարկու պատկերէն որ հզօր կերպով եկած է նկարուիլ յիշողութեանս մէջ։

Քեզ կը մնայ, հէ՜ք Հայութիւն, ջանալ վերակագնել բոյներդ՝ զորս այս մոլեռանդութիւնը քանդեց բիրի, հուրի ու լախտի ա՛յնքան անողոք հարուածներով։ Եւ մինչ քու դահիճներդ հանդարտ խիղճով իրենց սրբավայրերը դիմեն՝ հաւատքի բոցովը խանդավառ, դուն քու արցունքդ սրբելէ վերջ՝ խաչդ հանէ, յոգնէ՛, դատէ՛, օրն ի բուն, խոնջ թեւերուդ եւ ճակտիդ քրտինքին արդար վաստակը տար տուր քու հիւանդ, հաշմանդամ եղբայրներուդ, յանուն այդ հաւատքին՝ այրիացած եւ որբացած քու նօթի եւ անտերունջ քոյրերուդ ։ ԱՅո, ցորչափ կապուած ես հողիդ ու հայրենիքիր, ա՛յս է, ափսո՜ս, քու ճակատագիրդ, ա՛յս է քու պարտքդ։

ՇՂԹԱՅԱԿԻՐ ԶՈՅԳԸ

Մութին մէջէն, մտամոլոր վար կ՚իջնեմ կամրջակին սանդուղներէն։ Քանի մը քայլ անդին՝ շոգեաւին ամբարանոցը կայ, բերանը բաց թողուած։ Ճամբորդներ անոր եզրը շարուած կանգուն՝ ուշադրութեամբ մէջը կը նային։ Կը մօտենամ իրենց, գրեթէ անգիտակից, եւ անոնց պէս գլուխս վար կը բռնեմ, Անհուն վի՛հ մը այդ ամբարանոցը, լայնաբաց, խոր ու մթին։ Յատակին մօտ, որմախորշի մը վերեւ, լամբար մը կը պլպլայ առկայծ՝ որուն աղօտ լոյսովը կը նշմարեմ երկու հուժկու եւ կորովի կտրիճներ, – ջրհանկիրի լայն տաբատով, գօտիներնուն ճերմակ պարոյրը մինչեը իրենց լանջքերը բարձրացած, – որոնք տաժանքով կը շարժաըկին, կ՚երթուդարձեն նեղ միջոցի մը մէջ, անկողինի պէս բան մը պատրաստելու զբաղած, Քիչ մը անդին պահակ կեցող հրացանակիր զինուոր մը իսկոյն կ՚սթափեցունէ զիս իմ միտքի թմրութենէս, եւ այս՛ անգամ աւելի ուշիւ դիտելով, զարմանօք կը նշմարեն որ այդ մարրդոց ոտքերուն շուրջ կ՚երերակայ հաստ շղթայ մը. զարմանքս գրեթէ սոսկումի, կը փոխուի՝ երբ շղթաներուն ծայրի մեծ անուրները կը դիպին աչքիս, բրտօրէն ագուցուած անոնց սլոքներուն։

Ամբարանոցին շուրթէն կախուած՝ կը շարունակեմ դեռ նայիլ այդ մարդոց երեսին, իրենց գործած մեծ յանցանքին ապացոյցը կ՚ուզեմ կարդալ անոնց աչքերուն մէջ. Օրէնքին վճիռով մարդկային արդարութիւնը շղթաղակապ աքսոր կը ղրկէր զանոնք. թերեւս բերարգել, թերեւս կախաղան։ Բայց ո՞ւր կը մնային ասոնց քով գարշունակ ջոլիրը Ճէվատներու, Իհսան Ֆիքրիներու, Ասաֆներու, Ապտիւլգատէրներու, Պօսնալը Ալիներու, Իզզէթներու եւ այլոց՝ որոնց կարծես իրաւո՛ւնք տրուած էր արձակ համարձակ պտըտելու արեւին տակ. երի՜ցս երանեալ արարածներ՝ որոնք չէ թէ ասոնց պէս մէկ երկու հոգիներուն ինչքը յափշտակած կամ կեանքը դադրեցուցած, այլ բիւրաւոր հայերու արիւնը մտած էին, եւ – իբր զովարար օշարակ- ողջ մնացողներուն արցո՛ւնքն էին խմած։

Աշխա՜րհ աշխատողին։ Սուտ խօսք հին փիլիսոփայութեան։ Աշխա՜րհ հզօրին, խղճմտանքէ զուրկ անձին, կեղեքողին, կողոպտողին, վայելողին, աշխարհ՝ ասոնց մէջ լիուլի՛ յաջողողին։ Ահաւասաի՛կ դարուս փիլիսոփայութիւնը…։

ՄԷՐՍԻՆ

20 Հոկտ.

Ահա մեր դէմն է երբեմնի Զեփիւռիոնն, այժմու Մէրսինը։ Մրտենիներ- որոնց մկը պարտի քաղաքս իր յորջորջումը, – մանեկաձեւ պաշարած են շէնքերու շարքը սեղմիւ. մինչ իրենց մթագոյն մշտադալար թաւուտքը կը ծաւալի հեռուները, դաշտերու եւ բլրակներու տարածութեանը մէջ։

Ծովախորշն՝ ուրկէ կը դիտենք քաղաքը, շքեղ դիւթական համայնապատկեր մըն է պարզուածը։ Երկինքի թափանցիկ կապոյտին տակ, լոյծ տարածութիւնն իրեն դէմ յանդիման, մրտենիներու վէտէտուն թանձրութիւնն իր մէջքին, եւ աւելի հեռուն, Տաւորսի լեռնաշղթային փառապանծ վեհութիւնն իր վերեւ։

Այս տխրալի պատկերին հանդէպ խոհուն ու մտամփոփ, վերյիշումը կ՚ունենամ յեղակարծ Ապրիլի օրերուն, երբ օտար մարտանաւներ եկան շարուիլ այս ջուրերուն վրայ, իրենց մեծ մեծ թնդանօթներուն՝ սպառնագին այլ անիմաստ ու անհետեւանք կոթողումով։ Քաղաքակիրթ աշխարհներէ ուղարկուած երկաթէ այդ հզօր ոչնչութիւնները հետերնին բերած էին մարդեր որոնք պաշտօնն ունէին օրն ի բուն դիակներ աչքերնուն՝ ծովափի հայ թշուառութիւնը դիտելու անկարեկիր, կամ ծավախորշին մէջ ծփծփուն հէք հայ դիակները լուսանկարելու, իսկ գիշերը, ներսն՝ ելեկարակն ջահերու լոյսով՝ աշխարհիկ վարկպարազի ցնծութեանց անձնատուր ըլլալու, անհոգ, անտարբեր առանց մազիւ չափ փոյթ ընելու թէ անդին, օ՝հ, անդին, գնդակներ կ՚անձրեւէին անդադար, սուրեր կը շողային աջուձախ  ու Հայու արի՛ւնն էր որ կը հոսէր. ու կրա՛կն էր որ կը լափէր ամենածախ։ Ու խորհիլ թէ այդ ամէնքը պիտի դադրէին, պիտի մարէին՝ եթէ զրահապատ այդ պատկառելի զանգուածներէն նաւազներ ոտքերնին դնէին ցամաք, իրենց պետերուն հրահանգովը սպառնադէտ։

Ու չըրին, ու հազարաւոներ անէացան մահերուն ամէնէն դառնագոյններով, ու շէն ու բարգաւաճ երկիր մը փճացաւ, կործանեցաւ հիմնայատակ։

Գրեթէ իրիկուն է ալ՝ երբ ցամաք կ՚ելլենք։ Առաջնորդարանին մէջ- ուր կը դիմեմ առաջին առթիւ- չեմ տեսներ փախստականներու, վիրաւորներու եւ հալածեալներու այն հոծ համախռնումն որուն շաբաթներով թատերավայր հանդիսացած էին պաշտօնական այս անշուք յարկն ու յարակից պարտէզը։

Ո՛չ ոք, բաց ի անոքիկ ու խելօքիկ որբերէն՝ որոնք խորը գտնուող շէնքը պատսպարուած են, Հայութեան գութին ապաստանած։ Մեկնած գացած են անդարձ՝ եղկելի այն էակները, գաղթած են բոլորն ալ, ծովերէն, ցամաքներէ անդին, որսորդի գնդակներէն հրաշքո՜վ ազատած եղնիկներու պէս լեռնէ լեռ, սարէ սար։ Եւ չե՜մ կարծեր որ անոնցմէ գտնուած ըլլան այնպիսիներ որոնք Ատանայի ճամբան ձեռք առած ըլլան վերստին։

Ճնշող հանդարտութիւն մըն է որ կը տիրէ հիմայ, գոռ փոթորիկներու յաջորդող մահատիպ հանդարտութիւն մը որ շա՜տ բան կը խօսի ամպրոպին աւերածութեանցը վրայօք- Հայութեան պատուական Տապանը ջախջախուած, երդիքներ ամայացած, անթիւ կեանքեր ոչնչացած, ողջ մնացողներու թողլով կարօտութիւն, սուգ ու արտասուք յաւիտենական…։

Բոլոր այս ցուրտ հանդարտութիւններու մէջ, անհուն թախծութեամբ ծանրաբեռն բոլոր այս մթնոլորտին մէջ, առաւել քան ո եւ է հայ՝ դէմք մը միայն կայ՝ Կիլիկիոյ սարսափն ամբողջ իր մէջ խտացուցած, բովանդակ Հայութեան մորմոքանքը ներսիդին ամբարած, իր տկար ուսերուն վրայ բարձած՝ Անոր հոգը, կարիքն ու տրտունջն ողջոյն. ու այդ ողբագին վիճակին մէջ՝ եկած է կկզիլ անիկա Մէրսինի անկիւնը, հոնկէ՛ լսելի ընելու համար իր ձայնը հայրական՝ որ ա՜լ մարած է աղաղակելէն, աղերսելէն ու արտասուելէն։

Այդ մարդը Սահակ Կաթողիկոսն է, իր կորած ու վայրավատին Հոտը ջանալով դեռ հովուելու, հառաչանքը կուլ տալով կսկիծներ մեղմելու եւ արցունքներ սրբելու։ Եւ երբ խորին պատկառանքով խոնարհեցայ՝ իր աջն առնելու, տարապայման փղձուկ մը զգացւ սիրտիս մէջ։ Վեհափառը համակ մարմնացումն էր Հայ Տառապանքին։ Իր կայծկլտող մութ բիբերուն խորը մեծ սուգը կար ջարդուող հայորդիներուն, եւ միա՛կ մտատանջութիւնը՝ խեղճ որբուկներուն եւ այրիներուն մասին. մինչ արցունքէ մաշած իր այտերը համր պատմութիւնը կ՚ընէին գոգցես Կոտորածի օրերուն։

-«Ի՞նչ լուր, զաւակս, ի՞նչ լուր…» կը ձայնէր ան, համրիչն արագօրէն շարժելէն ջղաձիգ մատներուն տակ, անոր հատիկներուն վրայ թարթելով իր խոհուն ակնարկը։

Հէ՜ք Հովուապետ. ինծի պէս մէկէ՛ մըն ալ լուրի կ՚սպասէր. մխիթարիչ խօսք մը, բա՛ռ մը կ՚ակնկալէր ինէ։

ՏԵՍՔԵՐ ԵՒ ՅՈԻՇՔԵՐ

     21 Հոկտ.

     Առաւօտուն կանուխ կայարանն եմ։ Անձկութեան բոլոր նոպաներէն կ՚անցնիմ. քանի մը ժամէն պիտի հասնիմ հուսկ ուրեմն հո՛ն, Ատանա, ոտք պիտի դնեմ նախճիրի ու խժդութեանց այդ ահաւոր սեմին վրայ։ Բոլոր տեսած մարդիկս զոհեր կամ դահիճներ միայն կը թուին ինծի։ Չարաղէտ պատկերներ աւելի որոշ գիծերով կը յաճախեն, կը գրոհեն դէպ ի միտքս, եւ անագրոյն մղձաւանջներ աւելի քան երբեք կը չարչարեն խեղճ երեւակայութիւնս։ Պիտի հասնիմ հուսկ ուրեմն հոն, Ատանա։ Կոչում պէտք է ընել անպարտելի կորովի մը, զօրեղ սրտապնդումի մը, քան զի կ՚զգամ թէ սիրտիս զարկերն երագացած են եւ սարսուռ մը կ՚սկսի կծկել մկաններս։

     Ի՜նչ ճակատագիր. հալածանքի ու չարչարանքի դատապարտուած ազգի մը զաւկին ըլալլ եւ դժբաղդ առիթն ունենալ երթալու հայրենի աւերակներ տեսնելու եւ հայրենակիցներու գերեզմաններն այցելելու։

     Շոգեկառքը կը սուրայ ընդարձակ դաշտերուն մէջէն՝ որոնցմէ հնձուած է եղանակին րամպակը շահաբեր։ Նայուածքս կ՚Երթայ հորիզոնին շքեղութեանը վրայ թափառի անարգել. Տաւրոսի լեռնաշղթան ամբողջ վեհութիւն մըն է՝ հոյակապ, ամպածրար կատարներով։ Հեռանկարին սքանչելի տեսքը հոգիդ կը գրաւէ. դէպի կեանքը՝խոյանք մը կ՚ունենաս անզուսպ, ու ներսդ կուտակուած վիշտի սեւութիւններուն հետ՝ ապրելու իղձը խուլ պայքար մըն է որ կ՚սկսի ասանկ վայելչագեղ բնութեան մը ծոցը՞։ Կուրծքդ կ՚ուռի յանկարծ, հեկեկանք մը կոկորդդ կը նեղէ ու կղպուած ակռաներուդ մէջէն սոյլի պէս հառաչ մը կը խուսափի՝ լանջքդ ուռեցունող վիշտը դուրս տալու վերջին անզօր ճիգով մը, մինչ դառն մտածումը խրած մխուած է ուղեղիդ մէջ. «Ո՜վ աստուած, ինչպէ՜ս հնար է որ մարդիկ այսքան չար ու անգութ եղած ըլլան՝ այսքան գեղեցիկ Երկրի մը մէջ եւ թոյլ  չի տան որ մենք ալ ապրինք հոն խաղաղ ու երջանիկ»։

     Կ՚անցնինք առուակներու եզրերէ, ամայութեանց ծոցը ծրարուած գիւղերէ, Յունական, Հռոմէական Եգիպտական արշաւանքներէ մնացորդ աւերակներէ. Թրմլի եւ Կիւտիւպէզի [1] բերդերու բեկորներ՝ անցեալի փառայեղ յիշատակներու պէս կը կաթողուին հեռաւոր դաշտանկարներուն գիրկը։

     Հասած ենք վերջապէս Զէյթունլիի կայարանը։ «Ասկէ անդին շատ բան չի մնաց, գրեթէ կէս ժամ կայ Ատանայի համար» կ՚ըսեն ինծի ճամբու ընկերներ՝ որոնց ստէպ անհամբերութեամբ կը հարցունեմ Ատանա երբ ժամանելիս։

     Այլ եւս համակ նայուածք դարձած՝ վակոնին լուսամուտէն դուրս կը նայիմ ակնապիշ։ Ահա, այգեստաններու խանծած որթատունկերուն մէջտեղ՝ ահա առաջին  սեւ աւերակոյտը կը պարզուի տեսողութեանս առաջ. կրկին թափով կը յառնէ մէջս անբացատրելի կսկիծը։ Օ՜հ, այդ աւերակոյտը՝ լքուած, խոպանացեալ եւ անշուք այդ այգիին մէջ… Ո՞ւր էին այն արի եւ հաստաբազուկ մշակներն որոնք օրուան խոնջէնքէն պարտասուն, խաղողի հնձանէն վերջ, կու գային իրենց հանգիստն առնելու եւ քունը նիրհելու ստուերոտ ծառերուն տակ։ Ո՞ւր էին անոնք որ իրենց խաղողներուն կենսաւէտ հոյզովը կու գային տարեկան շարոցնին շինել, իրենց միւռոնաբոյր գինին ու ռուփը պատրաստել եւ լեցունել իրենց մառաններն՝ օրհնեալ այգիին բերքուբարիքով։

     Եւ մինչ նայուածքս յառած հրդեհուած պատերու կը դողամ ահագնութեամբ հոն գործուած եղերական առամին, շոգեկառքին վազքը դէմ յանդիման կը բերէ զմեզ վերստին նոր նոր փլատակներու եւ մոխրացած վայրերու, մէկը միւսէն աւելի մռայլ, մէկը միւսէն աւելի լքուն ու տխրատեսիլ. փլած քարեր ու տապալած սեւ գերաններ համասփւռ, իրենց լուռ ու անխլիրտ տարածութեանը մէջ ողբալով կարծես Հայոց երբեմնի շէնութիւնները բոլոր։ Կը լքեմ պատուհանը, վակոնին խորքը կկզելու համար. ալ չեմ կարող դիտել։


[1]            Ըստ Խ. Ուղուրիկեանի, Կիւտէպէզ պարսկերէն յորջորջում մըն է, քիթիպազ որ «գաւառապետ, աշխարհատէր» կը նշանակէ, պարսիկ աշխարհակալութենէ մնացած. իսկ Թըրմըլ յունական ազգի մը անունն է։

ԱՏԱՆԱ

Հասած ենք։ Կայարանին առաջք ամբոխ մը լեցուած է՝ ճամբորդներու վարձկան ծառայութիւններ մատուցանելու պատրաստ։ Սարսափած կը նայիմ անոնց։ Ի՜նչ դէմքեր եւ ինչ աչքեր։ Յանկարծաթափ կատաղութիւն մը կը մրրկի ներսդ. յիմարական իղձը կ՚ունենաս պօռալու այդ հրէշներուն երեսին, սիրտդ նողկանքը, զայրոյթիդ ժահրը յորդելու այդ վայրերնիներուն գլխուն, կռուփներ իջեցունելու անոնց կուշտերուն ու քամակներուն. վասն զի ահ դէմդ են շարուած մարդեր որոնց կիրքերուն ու գազանութեան զոհն եղաւ տարաբախտ Կիլիկեան՝ հիմնայատակ կործանելով։

Ո՞ւր պէտք էր երթալ. Առաջնորդարան. ազգային միա՛կ հիմնարկութիւնը Մայր Եկեղեցիով. հրա՛շք որ ան ալ ազատած էր ընդհանուր աղէտէն։ Արտատրոփ կ՚անցնիմ բոլոր այն փողոցներէն՝ որոնց մէջէն Արհաւիրքը վիշապի մը պէս վազվռտած է մոլեփրփուր, ամենուրեք աւեր ու մահ սփռելով։

Հայապատկան կրպակներու փլատակներու մէջ, – վեր ի վերոյ յարգարանօք, – եկած տեղաւորուած են Զարդի աշխարհին հերոսները՝ յապուրակի տիրացած իրենց վաճառքներուն ունեւորութեամբը հիմայ սոնք ու անպատկառ։ Զարմա՜նք, բայց այլ եւս ի՜նչ զարմանք. երկիրը միթէ իրենցը չէ՞, միթէ հայուն գոյքն ու գոյութիւնը կախում չունի միշտ իրենց խուժգուժ քմայքէն. միթէ մեր դիակներուն ու աւերակներուն վրայ թառելու համար չէ՞ր որ այդ ագռաւները սարքեցին փտութեան այս Սեղանը, Կիլիկիոյ քայքայումը բովանդակ։

Փողոցի մը անկիւնէն կարելի կ՚ըլլայ տեսնել քանդուած ու հրկիզուած շէնքերու տխուր տարածութիւն մը անհուն։ Միջոցին մէջ, սոսկավիթխար ուրուականներու պէս ցցուած սեւ ու մուր պատեր, ծխնելոյզներ, որոնց առընթեր՝ իրենց թշուառ մեծութեամբը կը կանգնին Մուշեղեան վարժարանի որմերը՝ խաւարամած պարիսպերու տեսքով։

Անձայն անշշուկ է եկեղեցին, թափուր է առաջնորդարանը. հազիւ քանի մը մարդկային խլեակներ՝ շրջափակին դրան առաջք՝ վէրքոտ արտեւանունքով, քամակաբեկ, ներգեւեալ, ցնցոտիներ հագած։ Կը նայիմ այդ խեղճերուն եւ կը յամենամ սրահ մը անոնց մօտ. առաջին հայերն են զորս կը տեսնեմ աղէտի սեմին  վրայ։

-Ասոնք ի՞նչ են, հիմակ ի՞նչ կը տեսնէք որ, կը ձայնէ ազգային դպրոցներու տնօրէնը՝ Գունտուրաճեան որ փութացած է քովս, ծառայութիւն մը մատուցանելու մտադրութեամբ։

Ինչ տեսած էի որ… Դեռ ի՞նչ տեսած ըլլայի. շէն քաղաք մը՝ անսահման աւերակոյտ, անմարդաձայն եւ անտուն թաղեր, հայ բնակչութիւնը քիչւորցած, դէմքեր հրէշացած՝ սոսկումներէ եւ վիշտերէ. մինչ կ՚ըսէին ինձ թէ այս օրը բարօրութիւն ու երանութիւն էր՝ արհաւիրքի օրերուն բաղդատմամբ։

Օ՜հ, ինձ համար հոկտեմբեր  21ը անմոռանալի թուական մը պիտի ըլլայ այսուհետեւ, Ատանայի մէջ անցուցած առաջին գիշերս մինչեւ առաւօտ, մղձաւանձներով, բանդագուշանքի յաճախանքներով, արեան հեղեղներէ կազմուած գետակներ շուրջս են պատեր, գանկեր, գանկե՜ր ամէն կողմ, ջախջախուած մարմինի բեկորներ չորս դին։ Ու ատոնցմէ վեր, ատոնցմէ գերագոյն՝ գիշերապահին սուլիչին ձայնը։ Ո՜ւհ, այդ ձայնը, տգեղ, անճոռնի, տարօրինապէս ահարկու, հազար բուերու հագագներէ միանուագ արձաուած ողրի մը պէս կերկերուն ու կեղերջական՝ որ պահ առ պահ կ՚արձագանգէ նեղ ու մութ փողոցներու պարսպանման պատերէն ներս…։

Արշալոյն ե՞րբ պիտի ծագի, ե՞րբ պիտի ողջունեմ այգուն լոյսը բարերար։ Նարեկէն հատուած մըն է զոր կը քաղեմ կարծես սարսռուն շուրթներով, «Փարատի մռայլն, վերանայ մութն, գնայ գիշերն, տատագրի տագնապն…»։ Ե՞րբ պիտի չքանայ այս անգութ խաւարն իր մէջ պարփակող պակուցիչ տեսիլներով ու խռովայոյզ պատկերներով։ Բարէ՜, միթէ տեսիլնե՞ր են ասոնք. լոյսը միթէ նուա՞զ ահաւոր ցաւեր ունի մեզ ներկայելիք քան այս աղջամուղջը համատարած։

ԼԱՑԻ ՈՒ ՔԱՂՑԻ ՕՐԵՐ

22 Հոկտ.

Ամիսներու ընթացքին՝ առիթը շա՜տ ներկայացած էր ականատեսներու սարսափելի պատմութիւնները կարդալու թերթերէ, Աղէտքին ու անոր մանրամասնութեանը վրայօք։ Լալագի՜ն ընթերցումներ՝ որ -գիտեմ- նոյնիսկ արգիլուած էին շատ մը հայու տուներէ, վասն զի ատոնցմով խորապէս ազդուողներ էին եղած, զգայնիկ անձեր՝ սոսկումէ ցնցում, ցնցումէ տագնապ ծածանուտ՝ հիւանդ ինկած էին։

Հապա ո՜րքան բուռն պարտի ըլլալ մարդուս տպաւորութիւնն, երբ կու գայ մինչեւ Աղէտավայր։ Իրա՞ւ էր արդեօք, ճշմարի՞տ էր թէ կը գտնուէի այն երկիրն ուր ցեղիս արիւնը հոսած էր առուակ առուակ, ուր այնքան ոճիր ու նախճիր գործուած էին, ու երախաներ փողոտուած էին դաշունահար, այրեր գնդակահար, մէկ քանիներ Յիսուսի պէս խաչուած, մայրեր անլուր կեղեքումներու ենթարկուած, հարսեր լլկուած եւ ամօթխած օրիորդներ հեռու հեռու փախցուած՝ «հարէմ»ները շէնցունելու համար, ուր, վերջապէս, մահուանէ հրաշքո՜վ խուսափած հայութիւն մը օրերո՜վ անօթի էր մնացած, տառապագին, ջղագրգիռ ու խելայեղ։

Մտադրած եմ այցելել ամէն տեղ. Ո՞ր կողմ կարելի է նայիլ, առանց աւերածք ու քայքայում տեսնելու. ո՞ր կեղմ նայիլ, առանց նշմարելու նայուածքներ որոնք արիւնի եւ աւարի պարգեւած հեշտանքովը գինով են տակաւին. ո՞ր կողմ նայիլ առանց ողջունելու հայ թշուառութիւնն իր յետին փուլերուն մէջ. ո՞ր կողմ նայիլ ու շիռովիլ սրտամորմոք։

Կը քալենք բարեկամներու հետ՝ այլ եւս անանուն փողոցներէ, քարի եւ աճիւնի անսահման խառնակոյտներէ որոնք ամիսներ առաջ Հայնոցը կը կազմէին այս պատուական քաղաքին։

-«Սա ալ Գերմաններու գործարանն է. բաւական թիւով հայեր հոս ապաստանեցան ջարդին եւ անկէ վերջը» կ՚ըսեն ինծի. ցոյց տալով ընդարձակ բացաստան մը՝ որուն մէկ կողմը կը բարձրանայ բամպակի գործարան մը։

Խե՜ղճ հայեր, ի՞նչ վայրկեաններու մէջ կրցած էին ապաստանիլ հոգ կամ այլուր. անոնցմէ քանինե՜ր արդեօք տեսած էին իրենց սիրելիներուն մորթուիլը, քանինե՜ր ալ արիւնոտ դիակներ կոխոտելով վազած էին փախ ի փախ, որչափ կրնայ մարդ վազել իրական Մահին առջեւէն, կատաղութեան, խուճապի, գոռումի եւ զուլումի այդ գերագոյն րոպէին։

Սրտաճմլիկ եղած էր այն պահն ուր այդ եղկելիները- սարսափի առաջին նոպայէն վերջ- փնտռտուքի սկսած էին, եւ իրենց խուզարկութիւնները՝ զիրենք քասքնելի՜ պակասներու յանգեցուցած։ Ան ատեն լացած էին ընքուռ ընքուռ, կուրծքերնին ծեծած ու մազերնին փետած. բայց անօթեցած էին միանգամայն։ Քաղցը -մարդկային գոյութեան անողոք ու պահանջկոտ հոգեվարք՝ որ ամէն բան կ՚ուրանայ, ամէն բան կը մոռցունէ, – չէր կրնար ճանչնալ ո՛չ մեծութիւնը կորուստներուն, ո՛չ աւարի ու հրդեհի սուգը դառնակսկիծ։ Քաղաքն ամբողջ բոցի ալիքներու մէջ կը լողար, երկինք ծուխի կոհակներու ովկիանոս մըն էր, արիւն եւ դիակ իրենց չորս դին. մինչ վերապրողները տանջանքէ ու խոնջէնքէ քամուած իրենց էութիւններուն խորը նոր տանջանքի մը յառնումը կ՚զգային՝ որ որդի պէս կը կրծէր, կ՚սպառէր իրենց սիրտը յամր քայքայումով մը։ Քա՜ղցն էր անիկա։

Անօթի՜ էին. ծեր, մանուկ, կին ու տղամարդ ՀԱ՜Ց կ՚աղաղակէին։ Հազարաւոր մարդիկ իրենց հիւանդներուն ու նորածիններուն հետ, երկրորդ անսո՛ւտ մահուան մը եզրն էին հասած՝ իրենց պարապ ստամոքսներուն սուր բողոքով։ Եւ հազի՜ւ քանի մը օր վերջ միայն հնարաւոր եղած էր հաց հասցունել իրենց թագստոցներուն մէջ խռնուած այդ թշուառներուն։

-«Սա  բակին մէջ հայերուն հաց բաժնուած ատեն, շատեր ոտքի տակ գացին, կոխկռտուեցան, ճղմուեցան, նոյն իսկ մէկ քանի հոգի ալ մեռան» կը ձայնեն ինձ ընկերացողներ դառնագին շեշտով մը։ Յետոյ մէկ կողմ բարձրացած շէնք մը ցոյց տալով՝ կը շարունակեն.

-«Վերջը սկսան հացեր վար նետել ժողովուրդին։ Կ՚երեւի թէ անօթիներուն կատաղօրէն հացին վրայ նետուելու տեսարանը շատ զբօսցուցած ըլլալու էր բարեխիղճ Գերմանները, քանի որ այդ բանը քանիցս կրկնուեցաւ հացի պզտիկ կտորներով, պարզապէս ժողովուրդին այդ անձկագին խոյացումը դիտելու, եւ ուրիշ անգամ մըն ալ՝ պատուհանէն վարինները լուսանկարելու համար…»։

Աստուած իմ, ինչպէ՜ս հաւատալ այդ աստիճան անխիղճ հաճոյքի մը իրականութեան։ Ինչպէ՜ս սիրտ ըրած էին քաղաքակիրթ ազգի մը այդ մարդասէր ներկայացուցիչները տարօրինապէս վայրագ այդ բանին։ Խաղալ աներեւակայելի կերպով կեղեքուած, հարստահարուած եւ նօթութենէ նքողած ժողովուրդի մը թշուառութեանը հետ, անոր՝ պատառ մը հացի համար ի յայտ բերած կռիւին աղեխարշ տեսարանովը զբօսնուիլ եւ քաղցելաբար ճաշակողներու նկարն առնուլ։ Եւ այս՝ քրիստոնեայ, լուսամիտ, զարգացեալ ազգի մը զաւակներուն կողմէ։ Հացի այդ բեկորները մէյմէկ թունալից ապտակներ էին՝ իջեցուցած հայոց արդէն տառապած դէմքերուն, մէյմէկ քարեր՝ արձակուած անոնց գլուխներուն, մարդկային արժանապատուութիւննին հարուածող, անսուազ հիքութիւննին բրտօրէն աքացող. մինչ, փոխադարձօրէն, անոնց շնորհակալութեան աղաղակը- լսեցի՞ք դուք, ո՜վ Գերմաններ, – կը դառնար կ՚ըլլար դժոխային այդ րոպէին՝ վայնասուն մը, հայհո՛ւչ մը՝ շեշտակի ձեր երեսին պօռացուած…։

Եւ յետոյ, արդեօք ինչո՞վ էր արժանի հայ ժողովուրդը ձեր այդ ապտակներուն, ձեր քարերուն եւ ար համարհանքին, ո՜վ բարեխիղճ Գերմաններ։ Տուներնուդ առաջքը, ձեր հացին շերտերը շուներու պէս իրարմէ խլողներէն շատեր ի վիճակի էին ձեզի պէս գթասիրտներ օրերով՝, ամիսներո՜վ կերակրելու. բայց ափսո՜ս որ ճակատագիրը զիրենք հայ էր ծնած, եւ իբրեւ հա՛յ էին որ կը տառապէին հիմայ ձեր քով։ Խրկեցէք այլ եւս ո՛ւր որ կ՚ուզէք՝ քաշած զանազան պատկերներնիդ. թող հանդէսներ հրատարակեն զանոնք, թղթատող չփոյթին՝ փոփոխական ժամանց մը առթելու համար. թող ամէն եւրոպացի հրճուի՝ սովալլուկ գալերու այդ դռոյթը դիտելով. ու գտնուի գուցէ մի ոմն կարեկցող անձ որ կակազէ, որ խոստովանի՛ վերջապէս.

-«Ասո՛նք ալ մարդեր են մեզի պէս…»։

*

Մութը սկսած է իջնել. ստուերները կը տարածուին չորս դին, փլատակներու աշխարհը պատանքելով յուշիկ։ Եւ մինչ կը հեռանանք այս վայրերէն, նայուածքս անգա՛մ մըն ալ կ՚ուղղուի ակամայ դէպ ի ճակատը Գերմաններու գործարանին՝ ուրկէ հացին հետ նախատի՛նք էր տեղացած աղէտակոծ ազգակիցներուս գլխուն։ Եւ անհնար կ՚ըլլայ ինձ այդ վայրկեանին պժգանքիս ու ատելութեանս համաչափ մտածում մը ձեւակերպել միտքիս շփոթութեանը մէջ, ցորչափ ծանրութիւնը կ՚զգամ ցաւի մը բեռին՝ սիրտիս վրայ զետեղուած։

ԱՅՐԻՆԵՐ ԵՒ ՈՐԲԵՐ

22 Հոկտ.

Տեսեր էի զինքը շոգենաւին մէջ, դուրսը՝ բաց օդին, գիշերուան խոնաւին ու ցորեկուան արեւին դէմ, հայ ծերունի կնոջ մաքուր դէմք մը։

– Ո՞ւր կ՚երթաս, մայրիկ։

– Ռոտոսթոյէն եմ եկեր, Ատանա կ՚երթամ, քսանեւերկու տարու ճահիլ զաւակս փնտռելու։ Տարի մը կ՚ընէ, միւֆէթթիշի պաշտօնով հոն էր. դէպքէն ի վեր է որ լուր չունիմ։

Հեծկլտանքի մը մէջ իր վերջն բառերը խեղդուած են, եւ անփայլ, մարած աչքերէն կը թափթփին գոգն ի վար արցունքի խոշոր կաթիլներ։ Փնտռել կ՚երթար իր զաւակը… գերեզմանը գուցէ. բայց վստա՞հ էր զայն գտնելուն։ Ազնիւ պառաւը սակայն հակառակ իր վշտահար վիճակին՝ յամառօրէն կ՚ուզէր կառչած մնալ իր տղուն ապրած ըլլալու գաղափարին։

– Սիրտդ վեր մի հաներ, մայրիկ թերեւս կը գտնես, ի՞նչ գիտես։

*

Զարհուրանքի պատկերներով ու դժնէ մղձաւանջներով երեւակայութիւննիս առլի. ցաւի մխացող այս պատկերն ալ աչքերնուս տակ, այսպէս էր որ հասեր էինք Մէրսին, հոնկէ ալ Ատանա որուն ժողովուրդին խոցերովը խոցոտուած ու գալարումներովը գալարուած էինք արդէն ամիսներէ ի վեր։

Կը յիշեմ դեռ այն խռովքս երբ ծովերուն բացէն Մէրսինի նաւահանգիստը նշմարեր էի. սիրտի ուժգին զարկ մը ունեցեր էի՝ որուն հարուածներուն տոկալու համար գերագոյն դդիմադրութիւն մը պէտք էր։ Կը յիշեմվ դեռ այն խռովքս։ Հոն, այդ եզերքներէն չէ՞ր որ ջարդէ ահաբեկ Հայութիւն մը ուզած էր ապաստանիլ շոգենաւային օտար դրօշներու տակ։ Ի՜նչ օրեր, ի՜նչ ժամեր։ Հոն չէին միթէ հուրէ եւ սուրէ հրաշքով փախած, սար ու ձոր տապլտկած այրիներ ու որբեր՝ որոնք ինքզինքնին հազիւ կրցած էին նետել ՄԷրսին, բոպիկ, կիսամերկ, փոշիներու մէջ թաթխուած, սարսափէ ընդլայնուած բիրերով, իւրաքանչիւրն ահռելի անօրէնութիւններու. կրուած անլուր տառապանքներու իր ուրոյն պատմութիւններով ու ցաւերով։

Առաջին անգամ երբ գացեր տեսեր էի զիրենք որբանոցին մէջ՝ երգ մը երգելու վրայ էին, գաւառիկ խանդոտ երգ մը՝ զոր իրենց ուսուցած էր Չօք Մարզուանցի փախստական ուսուցիչ մը՝ Պ. Ատիլպէր։ Այդ երգը դոյզն ոգեւորութիւն մը դրած էր իրենց որբուկի չարաբաստ դէմքերուն վրայ, եւ այդ իսկ պատճառաւ չէինք նշմարած վարանքի արտայայտութիւնն ու յաւիտենապէս մարած օճախներու դատարկութիւնը՝ զորս ունէին իրենց նայուածքները։ Երեք հարիւրի մօտ երկսեռ որբեր էին որ դիզուեր էին հոդ. մաշած վրայ-գլուխով, շատեր բոկոտն, անվարտի, անհունապէ՜ս խեղճուկրակ կերպարանքներով։ Ատոնք, այո՛, որբեր էին, եւ որբէ՛ աւելի բան մը. ատոնք Հայո՜ւ որբեր էին։

Վայրկեանը շատ դառն էր. գերմարդկային ճիգ մը պէտք էր՝ ետ մղելու համար արցունքներ՝ աչքերու մէջ լճացած, ի տես այս որբացեալ մանկութեան։ Հոն էր Սարգիսն՝ երկուքուկէս տարու տղեկ՝ քանի մը տեղէ վիրաւոր, որ լալագին կառչած մնացած էր իր մօր անչնչացած դիակին՝ երբ գտեր էին զինքը։ Վէրքերն անցած էին ալ. աղէկ էր, ոտքի վրայ. բայց ո՛չ ոք տեսած էր դեռ անոր խնդալը։ Հոն էր Արաքսին, փոքրիկ աղջիկ մը վիրաւոր՝ որ նոյնպէս առողջացած կը պտըտէր։

Այսօր Կիլիկիոյ քաղաքներուն, գիւղերուն եւ աւաններուն հարազատ զաւակներն ունէինք մեր դիմաց, անոք, անօգնական, բոլորն ալ անբարբառ, սրտաճմլիկ, բոլորն ալ թշուառութեան աւազանին մէջ մկրտուած, բոլորին ալ ժպիտը դէմքերնուն վրայ մեռած։ Ի՞նչ պիտի ընէինք Ողջակէզ Հայութեան մը այս թանկագին մնացորդները։ Դիւցազնական ջանքեր եղած էին թէեւ՝ զանոնք պահպանելու, խնամելու եւ կերակրելու համար, բայց ապրելու պահանջներն այնքան բազմաթիւ ու բազմադիմի էին, եւ խմբովին խռնուած մանկութիւն մը մեծցունելու մէջ առողջապահական նկատումներն ա՛յնքան հարկեցուցիչ որ չէր բաւեր զանոնք կերակրել, քով քովի նստեցունել եւ քով քովի ննջել տալ։ Մէրսինի եկեղեցւոյն խոնաւ շրջափակին մէջ շինուելու վրայ եղող քարուկիր միայարկ շէնքը պիտի կրնա՞ր լրացունել քիչ շատ ամէն պահանջ ու նկատում։ Դաշտի, այգիի, «սարի զաւակ»ներ էին, ազատ մեծցած հայորդիներ էին անոնք, հիմայ անշուք շրջափակի մը մէջ ակնահոյլ, ան ալ՝ Մէրսինի պէս վատառողջ կլիմայ ունեցող տեղ մը։

Սրահի մը մէջ, նստարաններու վրայ շարուած էին խիտ առ խիտ։ Պէտք էր սեղմ նստիլ. տեղը նեղ էր։ Կը նայէի՜ն իրարու երես, կը նայէին, երբեմն ալ բաներ մը խօսելով։

– «Բան մը չեն ուսնիր այս տղաքը» հարցուցի։

– Ո՛չ, որովհետեեւ ո՛չ գիրք ունին, ո՛չ գրիչ, ո՛չ մելան եւ ոչ ալ թուղթ. թէեւ շատ ալ փափաք ունին  կարդալու։ Միացեալը խոստացած է անոնց գրենական պիտոյքը հայթայթել եւ ստանձնել կրթական հոգը. բայց դեռ լուր մը չկայ։

Կեանքիս մէջ, թերեւս առաջին անգամն ըլլալով հզօրապէս զգացի թէ ի՜նչ մեծ բարիք մը եղեր հացին հետ տալ նաեւ տղոց ձեռքը գիրք. թուղթ. գրիչ ու մելան, երբ մանաւանդ այդ տղաք որբե՜ր ալ են։

Ատանա չգացած, Մէրսին, ճամբուս վրայ կը հանդիպէի նորէն Ռոտոսթոցի կնոջ։ Եազման աւելի յօնքերուն իջած էր, ու դէմքը, հալած, սպառած այդ դէմքը մեղրամոմի դժգնութիւն մը ունէր։ Վարանեցայ հետը խօսելու, քան զի իմացած էի ամէն բան։ Ինքն էր որ մօտեցաւ ինձ, շոգեկառքին ժամերը հարցուց։ Հանդարտ էր դէմքը. մեր նայուածքներն իրարու հանդիպեցան. հասկցած էինք զիրար։

– «Ա՜խ, Ստեփան լմնցեր է, լցմներ… իմացայ ամէն բան… գնտակը բերնին է կերեր…» կ՚ըսէր ու կըւ մնար կիսով իմն նուաղուն։

– «Եթէ կ՚ուզես, մայրիկ, դուն այս տեղէն ետ դարձիր, ի՞նչ պիտի ընես Ատանա գաս» ձայնեցի իրեն, պարզապէս բան մը ըսած ըլլալու համար։

– «Չէ, չէ, – կը կրկնէր ան, – պիտի գամ, տղուս գերեզմանը գտնեմ՝ օրհնե՛լ պիտի տամ…. »։

Ի՜նչ սեւ բախտ։ Որդեկորոյս մայրն իր կորուստին ահաւորութիւնը մէկ կողմ դրած՝ իր մխիթարութիւնը կ՚որոնէր զաւկին գերեզմանը գտնելով օրհնել տալուն մէջ։ Անոր հողակոյտին կը տանէր իր բովանդակ սէրը, գուրգուրանքն ու արցունքները։ Պիտի գտնէ՞ր միթէ զայն։ Գերեզման, ամբողջ Կիլիկիան էր գերեզման. ամբողջ  դաշտերն էին ոռոգուած հայու արիւնով, պէտք էր օրհնել տալ այդ հողերն ամբողջ, Սիհունն ամբողջ՝  ուր, ո՛վ գիտէ, շատերուն հետ նետուած էր նաեւ իր զաւկին դիակը։

Ատանա, մեռելաքաղա՜ք արդարեւ։ Սիրտ բզքտող կսկիծը թոյլ չտար որ մարդ կարենայ աչքովը չափել կարենայ դիտել աւերակաց ու փլատակաց անծայրածիր շեղջակոյտն որ կը պարզուի դէմը։ Ամէն ինչ կործանած ու քանդուած է հոս, ամէն ինչ. Հայոց փառապանծ դպրոցները, Հայոց շուկաները, Հայոց բոլո՜ր սիրտերը։ Գիտէինք թէ գեհենական ի՜նչ հուր, գազանային ի՜նչ ճիրաններ եկեր՝ խելայեղօրէն գիշատեր ու լափեր էին այդ ամէնը։ Վիշտը կը խեղդէ կոկորդնիս, եւ աչքերնիս պղտոր կը տեսնեն։

Երթանք սակայն որբերուն, փճացած բնակչութեան մը վերապրող այդ մնացորդներուն, – ուրիշներ ըսէին թերւս՝ «ապագայի այդ յոյսերուն»։

Հարիւր մօտ հազիւ կան ասոնք, որոնք առ ի չգոյէ յարմար շէնքի մը՝ կը գտնուին տան մը մէջ որուն ախոռն ապաստանած քառասունեւհինգ հայեր- աղէտին օրը- ձեռք անցուած են եւ տախտակի մը վրայ դրուելով՝ մորթուած են մէկիկ մէկիկ…։ Այսօր տեսայ այդ տախտակը։

Վերը՝ տղաքը կ՚զբօսնուն իրենց խաղերով։ Նոյն Որբութիւնն է հոս ալ, մեծ մասամբ րոպիկ ոտքով, վրայ-գլուխ չկայ, թուղթ-կրիչ չկայ։ Բայց տարօրինակ է հաստատել. այս որբանոցը հակառակ Մէրսինի որբանոցէն նուազ կազմակերպութիւն ուեննալուն, հակառակ խնամող ձեռքերու ոչ առատութեան, աւելի կայտառ ու գունեղ կ՚երեւին իր որբերը՝ քան ՄԷրսինները։ Եւ այս՝ պարզապէս վերագրելի է եղեր Ատանայի օդին գեղեցկութեան։

Տրուած ըլլալով նիւթական նեղ պայմանները, գոհացուցիչ կամ կէս վխիթարական այլեւս ոչի՛նչ կայ ուրեմն. սակայն եւ այնպէս ցաւալի է խորհիլ թէ շատ բազմաթիւ են այրիացեալ կիներ՝ որոնք զաւակներնին այս որբանոցը դնելու համար բիւր աղաչանք ու պաղատանք ունին բերներնուն մէջ։

*

Ախոռի  նման տեղերէ, մութ ու խոնաւ ծակերէ, պատերու ծերպերէ մարդկային կերպարաններ կ՚անջատուին. աւերակաց աշխարհին բուերն ըլլային կարծես, Ատանայի արկածեալ Հայութիւնն է այս. մօր քոյրերն ու եղբայրներն են ասոնք, մարդե՛ր են ասոնք։

Բացաստաններու մէջ կանգնուած վրանները վերցած են, եւ վերին հրամանի մը համաձայն, վշտակիր հայեր քաղաք եկած ու բնակարանի չգոյութենէն՝ մէյմէկ անկիւն խօթուած են։ Ու դեռ երանի՜ անոր որ կրցած է անկիւն մը գտնել իբր պատսպարան. քիչւոր չեն անոնք որ տակաւին փողոցներն են, մայթերու վրայ թափառկոտ, սպասելով եւ յուսալով խոռոչի մը տիրացման։ Միջազգայինը կրցած է հինգ հարիւրի չափ կիսաւեր տուներ նորոգել տալ. բայց բնակարանի ահագին խնդրանքին առջեւ բոլորովին անբաւական են անոնք։ Կառավարութիւնը պիտի շինէ իր երկար ատենէ ի վեր խոստացած շէնքերը. բայց ե՞րբ։ «Պիտի»ն եկած հասած ձմրան համար ո՛չ մէկ իրական օգուտ ունի, եւ այս տնանկ հայերն ամէն բանէ վեր. ամէն բանէ առաջ …….

Կը պաշարեն զքեզ, վիզերնին ծուռ։

– «Ա՜խ, կը գոչեն ամէնքն ալ, ա՜խ, ողջ ըլլայ, ազգերնիս հասաւ մեզի, թուր ու թըֆանք կերանք, քիչ բան չքաշեցինք, ազգերնիս հասաւ մեզի. շատ շնորհակալ ենք. բայց ի՞նչ ընենք, ձմեռ կու գայ՝ հագուստ չունինք, ղուրպան ըլլամ, ուտելիք չունինք, մենք ասանկ ըլլալո՞ւ էինք…»։

Ու լալէ յոգնած աչքեր դեռ կը գտնեն տա՜ք արցունքներ՝ վիշտերէ ակօսուած այտերէ վար գլորելու համար։ Ու դառնագոյն բան է խորհիլը թէ Ատանացին. առատութեան այս երկրին բնակիչը հիմայ չքաւոր՝ ձեռքն ի մո՜յր կը կարկառէ հանուր Հայութեան, հանուր աշխարհի, ինք որ աղքա՜տ մը չունէր ծոցին  մէջ։

Ձմեռն ահա եկած հասած է գրեթէ, երկինք կարծես մեր գլխուն պիտի փլչի. փայլակները կը շողան. ահագնադղորդ կը գոռան ամպերը, տեղատարափ մըն է որ կը տեղայ երեք օրէ ի վեր, ամէն կողմ հեղեղ, շուկաներն ողողուած են ջուրերով։ Անձրեւ մի՛շտ անձրեւ չգիտցուիր թէ ե՞րբ պիտի դադրի երկինքի բարկութիւնը։

Ատանացին պէտք է ասո՛ր ալ տոկայ, իր գոյութեան ապահովումին համար ասոր դէ՛մ ալ մաքառի։

Անխնայ կը տեղայ անձրեւը։ Սիրտեր կոտրած են, գրպաններ դատարկ, ոտքեր բոպիկ։ Ամէն դի, ամէն գլխու վերեւ կը ծածանի անսուաղութեան, հիւծախտի ու բոլոր դժնդակ հիւանդութեանց ուրուանկարն ահաւոր։

Բաղդատմամբ աղէտին մեծութեան՝ պէտք էր մեծ ըլլար նաեւ ձեռնատուութիւնը։ Ո՜հ, օգնութեան հասէք, Հայեր, հասէ՛ք այս ժողովուրդին, գէթ ա՛յս ձմեռ։ Աշխատասէր է ինք, գործունեայ, վաղվաղկոտ, ուշ կամ կանուխ պիտի կրնայ իր հացը ճարել. բայց այս ձմեռ թող մի՛ տաք որ մեռնի անիկա ցուրտէն ու քաղցէն։

Ահա դէմս, ծածքի մը տակ, պզտիկներ հաւաքուած են կաշեայ ծակ գնտակ մը անոնց բոլորին հեշտանքը կազմած է։ Յանկարծ անոնցմէ մին, հինգ-վեց տարու տղեկ մը։

– «Ո՜ւֆ, կը մսիմ կոր…» ըսելով կ՚անջատուի ընկերներէն, ճլըմբ ճլըմբ թացութիւններու մէջ կոխոտելով կը մտնէ փլփլկած դուռնէ մը ներս։ Ինչ պիտի զգայ անոր մայրիկին այդ վայրկենին, երբ ի զո՜ւր պիտի փնտռէ իր շուրջը գուլպայ մը կամ կօշիկ մը՝ անոր ոտքն անցունելու, կամ վերարկու մը՝ վրան տալու։

Անհանդուրժելի՜ կացութիւն, յիմարեցուցի՜չ թշուառութիւն։ Կ՚երեւի թէ մարդ կայ ըլլալու է եղեր աշխարհի վրայ ա՛յսքան չարարանք կրելու, ա՛յսքան տառապելու, ա՛յսքան խոշտանգուելու, ա՛յսքան չարքաշ ապրելու, եւ պարտաւորուա՜ծ ըլլալու՝ տոկալու այս ամէնուն։

*

Երեկոյեան ստուերները հետզհետէ կը թանձրանան։ Անձրեւը կը տեղայ դեռ կատաղօրէն։ առաջնորդարանն ենք։ Ստուեր ու մեռելութիւն շուրջերնիս։ Քաղաքն իր աւերակներով՝ ահագին դամբարան մըն է մեր դէմ։ Եկեղեցին գոց է եւ լուռ։ Դուրսը՝ բակին մէջ, ջարդի առաջին օրերուն, առաջին նահատակներ իրենց յաւիտենական քունը կը նիրհեն։ Անձայն անշշուկ է առաջնորդարանն ալ։ Ո՛չ ոք, բաց ի մենէ։ Անձրեւն աւելի յիմարական թափով մը կ՚իջնէ եւ պատուհանի մը փտած շրջանակէն ջուրը կ՚սկսի ներս կաթիլ։

Դատարկութիւն հոգիներու մէջ. լքում, սգու՜մ ամէն կողմ։ Չկայ մխիթարող ձայն մը, առաջնորդող. վարիչ ձեռք մը, կարեկից մէկը, լուսամիտ ու սրտոտ անձ մը որուն շունչով առ վայր մի տաքնան ցրտացած  սիրտեր, որուն խոհրուրդով վարուին մոլորուն հոգիներ, որուն կորովին ու կարողութեան շնորհիւ սփոփուին զրկեալներ եւ անիրաւեալներ։

Շուարուն, անճրկած ժողովուրդ մը մնացած է հոս, անհովիւ, անառաջնորդ։ Իմաստուն, լեզուագէտ ու բարեգութ առաջնորդ մը նուազ բարիք մը չէ՛ որ պիտի ըլլայ անոր։

… Փողոցն ենք. ժամկոչը դանդաղ ճռնչիւնով մը գոցած է եկեղեցւոյն դուռը, ու նիգը դրած մեր ետեեւէն։ Կատարեալ դամբարան մը հիմայ եկեղեցին ալ, առաջնորդարանն ալ։ Մութ է դուրսը, բոլորովին մութ։ Աւերի այս քաղաքին յատուկ սոսկումը կը տիրապետէ մեր վրայ։ Ու խաւարին մէջ, շուրջի կեանքին անհաղորդ այս վայրկեանին, գաղափարներու յորդ խտացումով մը, աւելի յստակ կը պատկերանայ երեւակայութեանս առջեւ Ատանայի հայութեան թշուառութիւնը դժպհի։ Բուռն կարեկցութիւն մը կր դղրդէ հոգիս. կ՚ուզեմ այս պահուս ըլլալ աղաղակ մը, ուժգին եւ անհուն պաղատանք մը՝ երթալ հասնելու համար բոլոր անկիւններն աշխարհի, ամէն ո՛ւր որ հայ կայ, ամէն ո՛ւր մարդ կայ, ըսելու համար անոնց։

-«Հայրե՜ր ու մայրեր, քոյրե՜ր ու եղբայրներ, եւ դուն, ո՜վ Որբախնամ Հայութիւն, գրկեցէ՛ք  ձեր ծոցին վրայ սեղմեցէք որբուկի այս գլուխներն անմեղ ողջագուրեցէ՛ք զանոնք, ձեր կուրծքին վրայ տաքցուցէք Կիլիկեան արհաւիրքէն ճողոպրած մնացորդներն այս թանկագին, առէ՛ք, քովերնի՛դ կանչեցէք զանոնք, ու տուէ՛ք եղբայրութեան եւ օգնութեան ձեռք մը այն ժողովուրդին որ ահա եզրն է հասեր կարօտութեան ու կորուստի…»։

ՍՓՈՓԱՐԱՐ ԵՐԵՒՈՅԹ

27 Հոկտ.

Այսօր, առաջնորդարանին մէջ, կը հանդիպիմ Փափազեան Լեւոնի՝ որ եկած է հոս, արկածեալ հայերու ապահովագրական խնդիրներուն համար։ Անձնուէր, ուսումնասէր երիտասարդ մըն է. «Ազգանուէր»ին բանալիք վարժարանովը շատ կը հետաքրքրուի եւ ինքնաբերաբար պատրաստակամութիւն կը յայտնէ մեր ձեռնարկին մղում տալու։

– Մենք նախ եւ առաջ պէտք ունինք. կը յարեմ, տեղացի ազնիւ եւ գործունեայ անձի մը որ հաճի անձնուիրաբար ստանձնել Ընկերութեանս ներկայացուցիչի պաշտօնը, դպրոցին գործերը ձեռնահասօրէն վարել. սանկ վստահելի մարդ մը վերջապէս։ Միայն թէ տեղացիք անծանօթ ըլալլով ինծի, դժուար պիտի ըլլայ ընտրութիւնն ընել։

Խօսակիցս առանց երկար բարակ մտածելու կը պատասխանէ։

– Մէկ անձ մը կայ որուն ուղղամտութեան ու կարողոթեան մօտէն ծանօթ ըլլալով՝ յարմար կը տեսնեմ զինք այդ պաշտօնին. Քէշիշեան Միհրանը։ Բայց խնդիրը զինքը համոզելն է, որովհետեւ իր գործերով շատ զբաղած է։

Տեղացիներ որոնց կը խօսիմ Քէշիշեանի մասին՝ համարումով ու համակրանքով կը վերաբերուին։ Այս կրկնակ վկայութիւններով սրտապնդուած՝ անոր կը դիմենք եւ կ՚աջողինք ընդունիլ տալու այդ պաշտօնը։ Եւ ասիկա պզտիկ յաջողութիւն մը չէր մեզ համար՝  մեր նախաքայլին ատեն։

Իր թանկագին աջակցութեամբ կ՚սկսինք դպրոցին անմիջապէս պէտքերուն յանձանձումին. պաշտօնէից ընտրութիւն. – վարիչ վարժուհիէն մինչեեւ տնտեսուհին, – ամսականներու սակարկում, դպրոցական յարկի կահաւորման պիտոյք ՝ իրենց սարօքը։

Կիրակի առաւօտ եկեղեցին եղած ծանուցման մը վրայ, ծնողներ իրենց աղջիկներուն ձեռքէն բռնած՝ կը դիմեն խմբովին՝ զանոնք աշակերտուհի արձանագրել տալու համար։ Չնայինք խեղճերուն վրայ-գլուխին՝ որ գրեթէ չկայ, չնայինք անոնց գուլպայէ զուրկ ոտքերուն, այլ նայինք, եւ սխրանքո՜վ նայինք այն անուշ փափաքին՝ զոր ուսման համար ունին այս դժբախտ օրիորդներն իրենց ցաւոտ կուրծքերուն տակ, նայինք այն եռանդին՝ զոր տակաւին կը կրեն այրիացեալ մայրերնին իրենց սիրտին մէջ, զաւակներնին մօտ ատենէն կրթուած եւ հայախօս տեսնելու համար։

Դիմում, անվերջ դիմում, ի՞նչպէս գոհացում տալ ամէն խնդրանքի եւ ո՞ւր սեղմեցունել այսչափ աղջիկ։ Վարժարանին շէնքը- ժամին բակին վրայ նայող շնորհքով բնակարան մը՝ հայու սեփականութիւն՝ զոր Կառավարութիւնը տարեկան վաթսուն ոսկիի վճարումով վարձած ու տրամադրած է մեր Ընկերութեան, – հազիւ կրնայ 200-210 աշակերտուի պարունակել։ Սակայն ո՞վ նկատի կ՚առնէ այս պարագան, կու գան կը լեցուին հայրեր ու մայրեր իրենց աղջիկներուն հետ. կ՚աղաչեն կը թախանձեն, Դպրոցին փրկագործող դերին գիտակցութեամբը զօրացած։ Եւ ո՞վ պիտի ուզէր միթէ մերժել հայու այդ թրքախօս զաւակները …։

Ուսման ու դաստիարակութեան հանդէպ ծնողաց ցոյց տուած այս փութկոտութիւնը միա՛կ սփոփարար երեւոյթն է զոր երբեք ողջունած ըլլամ Ատանա գալէս ի վեր։

ԴԷՊ Ի ՊԱՇՏՕՆԱՏՈՒՆ

  28 Հոկտ.

Տեղւոյս առաջնորդական փոխանորդ Տ. Արսէն Հօր հետ կ՚երթանք այսօր Վալի ին ներկայանալ, խնդրելու համար որ մեր վարժարանին պէտք եղած գրասեղաններու դրամը հոգայ։ Ոչ ապաքէն խուժանին ձեռքովն էին այրած՝ դպրոց, գրասեղան, ամէն բան։

Քաղաքին անաւեր մնացած մասէն՝ թրքաց թաղէն է որ կ՚առաջանանք դէպ ի կառավարական պաշտօնատուն։

Ըստ յուն. դիցաբանութեան. երկնի եւ երկրի որդի՝ Ատանայի եւ Սարոս (Սիհուն) [1] ի հիմնած այս քաղաքը. փռուած արգաւանդ լայն դաշտի մը մէջ՝ Սիհունի ափանցը վրայ, – ոչինչ ունի գրաւիչ ու սիրուն։ Բաց ի մէկ երկու պողոտաներէ, մեծ մասամբ նեղ ու մութ փողոցներ են ուրկէ կ՚անցնինք։ Շէնքերը՝ քարուկիր ու երկյարկ՝ զուրկ են կողմնակի պատուհաններէ, իրենց յառաջամասերն ալ գոցուած ամրակուռ պատնէշներով, երբեմնի արաբական, բիւզանդական եւ եգիպտական աշաւանքներու եւ յարձակումներու երկիւղէն կարծես հալածական։ Ատանա միջնադարեան այս դրոշմով խիստ տխուր երեւոյթ մը ունի։ Իր հնագոյն յիշատակարանը կրնայ սեպուիլ Սիհունի վրայ ձգուած հոյակապ կամուրրջ 22 կամարով եւ 200 կանգուն երկայնութեամբ։

Ճամբան Տէր Հայրը ցոյց կու տայ ինձ պատմական նշանակութիւն ունեցող շէնք մը, Ուլու Ճամին որ ատենօք յունական եկեղեցի մըն է եղեր, յետոյ մզկիթի վերածուեր՝ համբաւաւոր Րամազան Օղլուի ձեռքով։ Հիանալի են մինարէն ու դուռը, զարդարուած ութանկիւն խայտախարիւ քարերով։

Փողոցներու շրջանն ընելէ վերջ՝ կը հասնինք պաշտօնատուն։ Մեծ, լայնանիստ շէնք մը՝ գետին եզերքի բացաստանին վրայ կառուցուած. բազմութիւն մը բակին մէջ, դուրսը, ներսը, սանդուխներուն վրայ։ Ամէնքն ալ խնդրանք մը ունին ընելիք անվրէպ, առաջակ մը, կարգադրելիք գործ մը։

Բոլորովին անվարժ՝ կառավարական սեմերէ ներս մտնելու, սանդուխներէն վեր կը բարձրանամ պտադող, ու Տէր Հօր քովն ի վեր՝ կը ներկայանամ կուսակալին։ Պարզ ու կտրուկ է մեր առաջարկը՝ զոր ընդունել կու տանք. պայմանաւ որ դպրոցներու համար ապագային հատուցուելիք դրամէն- եթէ երբեք տրուի- զեղչուի հիմակուան վճարուելիքը։ Համաձայնութիւնը գոյացած է։

Հեռապատկերին մխիթարական երեւոյթը խանդաղատանքով ու հրճուանքով կը լեցունէ հոգիս. – Մեր սանուհիները ծալապատիկ պիտի չնստի՜ն գետինը, ծունկերնուն վրայ պիտի չպատրաստե՜ն իրենց դասերը՝ կորաքամակ, այլ իրենց նոր գրասեղանները պիտի ունենան, աշխատութեան, գիրի եւ ընթերցումի այդ սո՜ւրբ կարկահները։

Այս անգամ սակայն պաշտօնատան բակէն մեր անցքը կը դժուարանայ։ Բազմաթիւ աղէտեալներ կը կառչին Տէր Հօր քղանցքներուն, անձնիւրը մէյմէկ թուղթ ձեռքին մէջ՝ զայն ստորագրել տալու, անձնիւրը մէյմէկ խօսք շրթունքին վրայ՝ խելք ու խորհուրդ մուրալու։ Ծննդեան եւ ամուսնութեան վկայագիր, «համիտիէ», տունի տեղի «հէօճէթ», ատոնց ամէնքը հրդեհի միջոցին ոչնչացած են, առանց որոնց ո՛չ մէկ դիմում կրնան ընել խեղճերը Կառավարութեան մօտ, ո՛չ գաղթել, ո՛չ մանաւանդ տէր հանդիսանալ իրենց այրած տուներուն հողին ու պարտէզին։ Ձեռքի թուղթերնին աղերսագիրնե՜ր են բոլոր՝ ատոնցմով կարեւոր թուղթեր ստանալու յուսադրութեամբ։ Խեղճ, շուարակոծ ամբոխ մըն է վերջապէս որ, իր վիշտով եւ օրական ապրուստով արդէն ծանրաբեռն, մեր շուրջը կը խլրտի, կը պաղատի, լեզու, արցո՛ւնք կը թափէ տակաւին, կը քաշկռտուի ասդին անդին, անձրեւին տակ, դուռներուն առաջ, տէրտին տէրման գտնելու համար…։


[1]            Որոնց անուամբ մկրտուած են քաղաք ու գետ։

ՀԻՒԱՆԴՆԵՐՈՒՆ ՄՕՏ

29 Հոկտ.

Առաւօտեան կառախումբով տեղս կը հասնին «Կիլիկեան Որբախնամ Յանձնաժողով»ի պատուիրակ՝ Աբիսողոմ քահանայ եւ Խ. Գռուզեան։ Անօրինակ կերպով կ՚անձրեւէ։ Կ՚իմացուի որ Որբանոցի հիւանդ տղաքը Նոյեմբերէն անդին պիտի չընդունուին Ամերիկեան հիւանդանոցը։ Լուրը բաւական տագնապեցուցիչ է։ Երկոքին պատուիրակք անմիջապէս կը մտադրեն դիմել տեղւոյս «Միջազգային» ի նախագահ Մր. Չէմպըրսի, եղելութիւնը ստուգելու համար. այս առթիւ պատիւը կ՚ընեն ինձ՝ իմ ընկերակցութիւնս ալ խնդրելու։

Մր. ՉԷմպըրս սիրալիր ընդունելութիւն մը կ՚ընէ մեզ եւ մեր այցին նպատակն իմանալէ վերջ կը յարէ թէ ինք ոչինչ գիտէ այդ կերպ կարգադրութեան մը մասին. կրնայինք Հիւանդանոցի տնօրէնուհին տեսնել՝ իրողութեան վերահասու ըլլալու համար։

Կը դիմենք Ամերիկեան հիւանդանոց եւ Տիկինէն կը տեղականանք թէ սկզբունքով հիւանդ որբեր մերժելու հրահանգ մը չկայ. միայն, թէ հիւանդանոցը լեցուն ըլլար՝ բնական էր որ զանոնք եւս ընդունելու տեղ չէր մնար։ Այդ պարագային, կը մնար մեզ մաղթել որ մեր որբերը չհիւանդանային, եւ կամ, թէ որ այդ տեսակ դժբաղդութիւն մը պատահէր՝ հիւանդանոցը տեղ գտնուէր։

Ներկայիս մէջ որբերէն չորս պզտիկներ կան հիւանդ՝ որոնց մօտ կ՚առաջնորդէ զմեզ տնօրէնուհին, – բարի դիւրահաղորդ կին մը։ Կը բացատրէ մեզ անոնց ախտին բնոյթը, վիճակացոյցները կը ցուցունէ՝ որոնցմէ հաճոյքով կը տեղեկանանք թէ տղաք օր աւուր ապաքինելու վրայ են։ Մաքուր, ճերմակ սնարներու վրայ հանգչեցուցած իրենց գլխիկները՝ չենք նայեր այլեւս անոնց, վտանգի մը սարսափովը համակուած աչքերով։ Անկողիններէն շատեր դատարկ են. ցանցառ են կիներ որոնք վերմակներու ներքեւ կզկտիկ՝ իրենց վիրաւոր կամ տառապանքէ ծիւրած մարմիններուն կոտտուքովը հինինան։ Ասկէ քանի մը ամիս առաջ ինչե՜ր կային արդեօք սա սրահներուն մէջ…։

Երեք հիւանդներ կան միայն այրերու սրահը։ Անոնցմէ մէկուն քով դեռատի կին մը նստած, գրեթէ փարած անկողինին՝ գուրգուանօք կը շարունակէ նայիլ անոր երեսն ի վեր։

– «Դէպքերուն հետեւանքով ախտաժէտ մըն է. չեմ կարծեր որ այս գիշեր հանէ» կը կցէ տնօրէնուհին մեր քովէն։

Անբացատրելի սարսուռ մը կ՚անցնի հոգիէս. բռնի ժպիտով մը կը նայիմ այդ հոգեվարքին, երբ մտածում մը կրակի պէս կու գայ տաղել ուղեղս, թէ քանի մը ժամ վերջ՝ երբ այդ աչքերը գոցուին ընդ միշտ՝ հատ մը եւս պիտի աւելնայ այրիներու ա՜յնքան ստուար թիւին վրայ …։

Նոյն սրահը, տնօրէնուհին կը ներկայացունէ մեզ առոյգ, մանկամարդ nurse մը որ այսօր իսկ ժամանած էր Անգլիայէն։ Քաջարի ու պատուական անգլուհի մը, որ այսպէս, հակառակ իր գեղեցկութեան եւ թարմ տարիքին, հայրենիքէն մղոններ հեռու, ծովերէ անցած եկած էր մինչեւ Ատանա, հիւանդանոցի մը տխուր յարկին տակ, ախտակիր անձեր խնամելու, դարմանելու, անոնց օրհասական հռնդիւններուն ներկայ գտնուելու. մինչ մենք՝ Հայերս դեռ տխմարութիւնը կ՚ունենանք խորհելու, – կամ լաւ եւս է ըսել՝ ուրիշներ մեր հասցէին խորհելու, – թէ զոհողութեան, անձնուիրաութեան պէս բան մըն է զոր յանձն առած ենք՝ քիչ մը ատենուան համար հոս գալու, մեր հայրենակիցներուն պատահած անլուր աղէտէն ազդուած…։

ՓՐԿԱՐԱՐ ԹԱԳՍՏՈՑԸ

Հիւանդանոցէն Թրփանիի բամպակի գործարանը քայլ մը տեղ է։ Դարձին՝ կը մտնենք հոն եւ գործարանատիրոջ կողմէ սիրալիր ընդունելութեան մը արժանանալով, իբրեւ մարդ եւ իբրեւ հայ՝ կը յայտնենք մեր ջերմ շնորհակալութիւնն այն գերազանցապէս վսեմ ասպնջականութեան համար՝ զոր յօժարակամ ցոյց տուած էր այս վեհոգի Յոյնը, գնտակի, արիւնի ու կրակի ահաւոր օրերուն՝ իր գործարանին դուռները լայնօրէն բանալով տաս-երկու հազար հայերու առաջ. ստոյգ մահերէ փրկելով անոնց կեանքերը, մանաւանդ օրերո՜վ շոգիի վրայ պահելով իր մեքենաները՝ յարձակումի ատեն մարդասպաններու վոհմակը ցիր ու ցան ընելու եւ անոնց հրձիգութիւնը կասեցունելու համար տաք ջուրի հեղեղներով…։

Ահագին է գործարանը։ Այս աստիճան կատարելագործուած շոգեշարժ մեքենաներով ֆապրիքա մը յայտնութիւն մըն է պարզապէս. երբ խորհի մարդ թէ հոս, բնակչութենէն սկսեալ մինչեւ ճարտարարուեստ ու քաղաքակրթութիւն՝ ամէն ինչ իր նախապատմական քունը կը խորդայ տակաւին։ Զարմանալի էր որ տեղացի հայեր հակառակ իրենց երբեմնի փարթամութեան, ընկերովի կամ առանձինն ունեցած չէին համանման գործարան մը բամպակի։ Այս երեւոյթը վերագրելի չէ՞ր միթէ կառավարական արգելքին՝ «հին ռէժիմի»ի օրով։ Եւ արդէն ի՞նչ բան արգիլուած չէր Հայուն…։

Աշխատանքի անուշ գոռուգոչ մը լեցուցած է ամբողջ առքը գործարանին։ Բամպակի բերքը խողակներէն իստակուած՝ բերուեր դիզուեր է. հունտերը կը զատուին մէկ կողմէ. մեքենաներու միջոցաւ կատարուած անհամար ճախարակներու դարձդարձումով՝ բամպակը- կաթերու պէս ճերմակ- աստիճանաբար կը գզուի, կ՚անօսրանայ, կ՚ազնուանայ, կը մանուի։ Մեծաշռինդ, խլացուցիչ աղմուկներու մէջ՝ հարիւրաւոր կիներ, աղջիկներ եւ այրեր յոտին կանգուն՝ վիթխարի երգեհոնի մը տեսքով երկաթեայ զանգուածի մը առջեւ՝ լեցուած ճախարակները կը հանեն գլանաձեւ կկոցներու վրայէն, պարապներ անցունելու, եւ պատահաբար փրթած թելեր մատներու թեթեւ հպումով իրարու կցելու համար։ Դերձանը պատրաստ է, անդին, ուրիշ ընդարձակ բաժինի մը մէջ. բարակցած թելը կը մտնէ ոստայնանկ-գործիքին մէջ՝ ուր կտաւն է որ կը հիւսուի եւ ծրարներու կը վերածուի։

Դուրսը, բակի մը խորը կը տեսնենք ջրաղացքի մը ժանգոտ մնացորդները՝ քանի մը լայն խողովակներու հետ։  Ասոնք նշխարներն են եղեր այն սկզբնական պարզուկ աղօրիքին. – թանկագին՝ յիշատակ Թրփանի ընտանիքին համար, – զոր ժամանակաւ հայր Թրփանի հեռաւոր տեղէ մը Ատանա գաղթելուն՝ կորովն ու նախաձեռնութիւնն ունեցեր էր զայն հաստատելու եւ բանեցունելու. մինչ այսօր՝ միեւնոյն աղօրիքին տեղը՝ տղաքը կառուցեր են այս հսկայ արհեստանոցը, բամպակի դէզերուն հետ դիզելով անհուն հարստութիւն։

Եւ մինչ սեւ սեւ անիւներ իրենց շրջանը կ՚ընեն մշտահոլով, եւ ճախարակի ու մագոգի բաւիղ մը կատղած հոլերու պէս հիռ կու գայ անդադար, ատոնցմէ առթուող աղմուկը միտքս կը ձգէ յանկարծ դժոխային այն ժխորը՝ զոր բարձրացուցած էին ա՛յս յարկին տակ ապաստանող հայեր Ապրիլի օրերուն, մինչ գազանադէմ պանդոյրներ դուրսէն կ՚ոռնային՝ բարձրաղաղակ, արիւններու ծարաւէն գերագրռուած…։

Ի՜նչ փրկարար թագստոց։

Please follow and like us: