Յակոբ Օշական/Րաֆֆի

ՉՀԱՆԳԱԾ ՈՒԺԸ

Ամէն անգամ, որ մտածեմ Րաֆֆիին վրայ, գաղափարներու անխուսափելի զուգորդութեամբ մը մտքիս կը ներկայանան գրքի երկու անուններ: Ատոնցմէ մէկը՝ « Թափառական հրեան », միւսը՝ Տիքընսի « Մ. Բիգվիգ »ը։ Երկուքն ալ հսկայ յաջողութիւններ, ինչպէս կ՚ըսեն, գրելու արհեստագիտութեան մէջ։ Ատոնցմէ առաջինին ստեղծած հետաքրքրութիւնը այնքան հզօր եղած է, որ նախարար մը կը ստիպէ կէս ձգել նախարարաց խորհուրդ մը։ Այդ երանելի յիմարը չէր կրցած դիմանալ թերթօնին փորձութեան, ու վազած դուրս, քարտուղարին հարցնելու հեւասպառ,

– Ի՞նչ եղաւ։

Միւսին հետ աչքիս առջեւ կու գան անգլիական նոյն քան երանելի միսթրներսըրեր, որոնք իրենց երիցատուները կամ դղեակները խճուղիէն բաժնող 4-5 մղոննոց ճամբան, անձրեւին, բուքին, յանձն կառնեն կատարել, ոտքով կամ զարդանշանուած քուփէ ներու վրայ, որպէսզի թղթատարական կառքէն ստանան « Մ. Բիգվիգ »ին պրակները, թերթօնի ձեւով տպուած ու բաշխուած ներքին քաղաքներու ընթերցողներուն:

Երկու դրուագներուն մէջ ալ, տիրակա՛ն, արուեստի գործի մը հանդէպ այն շահագրգռութիւնը, որ նշան մըն է շատ բաներու, եւ իրաւացի է մտածել նոյն գիծով, նաե՛ւ տողանցքները: Գիրքերուն Չար ոգին այնպէս կարգադրած է, որ ֆրանսացիները առաջինին անունն իսկ ներս չառնեն իրենց գրականութեան պատմութենէն ներս։ Երկրորդին համար ալ նոյն ոգին համաշխարհիկ ու միատարր հիացման սկզբնական հանդէսը անաղարտ պահէ, գործին ծնունդէն նոյնիսկ դար մը յետոյ։ Այս, թէ անցեալ տարի, անգլիացիք գիրքին հարիւրամեակը տօնեցին։

Դա՞սը:

– Պարզ է, սակայն։

Նորագոյն մեր զոյգ գրականութիւնները չունին երկրորդ անուն մը, որուն գործին ստեղծած խանդավառութիւնը մօտենայ, նոյնիսկ հեռուէն, « Սամուէլ »ին, « Կայծեր »ին, « Խենթը »ին։ փաստ մը, ասիկա։ Բայց ահա ուրիշ մը: Րաֆֆիի մահէն քիչ յետոյ անոր գործը ենթարկուէր պիտի բարբարոս այն խեցեվճիռներէն մէկուն, որոնց մէջ արեւելահայերը երեւան կը բերեն հաստ, որքան անարդար սրամտութիւն։ Պոռնկագրութիւն, ինչպէս որակուեցաւ Վարուժանի բանաստեղծութիւնը։ Զարդախուցերու մրուր, ինչպէս խարանուեցաւ վէպը Տիկին Եսայեանի, երբ տակաւին չէր անցած այս վերջինը անոնց բանակին։ Բառակոյտ, այս ալ ամբողջ արեւմտահայ քնարերգութիւնը։ Ու ահա չնաշխարհիկ տարազը:

– Րաֆֆին գեղարուեստական գրող չի ։

Բարբարոս այս հայերէնին սխալէն դուրս, պարունակութեան վանտալութի՞ւնը: Իբր թէ Շիրվանզադէի գրականութիւնը գեղարուեստին հետ աղերս մը ունենար:

*

Րաֆֆիի գործէն կէս դար յետոյ, դատաստա՞ն մը այդ գործին վրայ:  

– Իմ սերունդին համար այնքան ալ դիւրին չէ ատի կա։ Ոչ ալ հոս՝ տեղը արուեստի շուրջ այն հազարումէ որոճումներուն, որոնց առաքինութիւնը բառին իսկ մէջն է։

Ստոյգը այն է, որ այդ գործը մեր պատանութեան ամէնէն սրբազան սարսուռները, ինչպէս ամէնէն խորունկ վայելքները հայթայթած է: Զայն կարդացել եմ, այն օրերուն, «գլխուս գնովը», գործածելու համար հնօրեայ տարազը, որ այսօր բան մը չըսեր մեր տղոց: Յետոյ՝ կեանքը, ու անոր բարիքները մեր երիտասարդութեան եւ չափահասութեան, որոնց մէկ ուրիշ որակումը անմիտումն է մեր ժողովուրդի կէսին։ Ու մեր իսկ ծոցէն բուսած հոգեկան միւս թշուառութիւնը, քաւութեան նոխազներ ճարելու։ Կա՞ր Րաֆֆիէն աւելի արդարատիտղոս զոհ մը մեր տմարդութեան։ Բայց պէտք է լռել։

Տարիներ առաջ մատենագրական աշխատանք մը զիս նորէն շփումի բերաւ այդ գործին հետ։ Հիասթափումը կատարեալ էր։ Երկար խորհրդածեցի, վճիռէն առաջ։ Յետոյ տարուեցայ մարդկային իմաստութեան յարաբերական արժէքին։ Ու գտայ, որ կործանած հեղինակը ոչինչով յանցաւոր էր իր կործանումին մէջ։ Մենք, այսինքն՝ ընթերցողներս էինք, որ կէս դար առաջ այդպէս ուզած էինք տեսնել ու տեսած։ Հեղինակը ինքզինքը տուած էր միայն ու այդ ինքզինքը մենք էինք, որ բարձրացուցեր էինք իր աստուածութեան։

Այսօ՞ր։

Ի՛նչ որ ալ ըսեն տարիքները, բան մը ստոյգ է սակայն: Ու ատիկա բանակն է իր ընթերցողներուն։ Ոչ մէկ պատանի չի կրնար աւարտել իրական գլուխ-գործոցի մը, օրինակի համար, « Վերք Հայաստանի »ի ընթերցումը, բայց կը լուսցընէ « Խաչագողի յիշատակարանը » հատորին վրայ։ Ու ասիկա վճռական է։ Անիկա սիրական կուռքն է այսօր ալ, պատանիներուն։ Յետոյ, զուր տեղը չէ, որ գրագէտ մը իր շրջանին հիացումը համադրելով կ՚իջնէ գերեզման։ Անիկա հաշիւը պիտի տայ իր փառքին։ Ու փառքը ամէնէն թանկ ու նախանձուած ապրանքներէն է նոր շուկային։ Կը հասկցուի, թէ ինչ անողոք պարտապահանջ է մենէ ամէն մէկը, նախ՝ իր վրիպանքին, երկրորդ՝ իր վարկին հաշուոյն։

Կը խորհիմ, թէ սխալ պիտի չըլլար իր տկարութիւնները բաշխել իր ժամանակին, — բան մը՝ որուն ճշմարտութեան ու արդարութեան մեծ պարտք մըն ալ կար։ Արուեստի գործերը, մարդկային կառոյցներ, ենթակայ են մարդոց հիւանդութիւններուն։ Րաֆֆին դատելէ աւելի, անոր իրագործած շարժումն է, որ մեզ կ՚ընէ շուարուն ու տառապահար։

*

Երբ ամբոխները գնահատումն ու անարդար սրտմտութիւնները զեղչենք արուեստի գործի մը վրայէն, մենք մեզ կը գտնենք բուն իսկ գործին առջեւ, որ այս անգամ տկլոր, պարզ, տարօրինակ կամ ողորմելի արարած մըն է, ամէն կողմով արժանի առնուազն մեր համակրանքին։ Թշուառութիւնն ալ մարդկային է, որքան հարստութիւնը։

Րաֆֆիին հետ նման աշխատանք մը մեզ պիտի տանէր կարգ մը վճռական հաւաստումներու։

Նախ՝

Անիկա արեւելահայ վէպին առաջին ու մեծ գործաւորն է։ Անկէ առաջ այդ վէպը անուանական իրականութիւն մըն է, ինչպէս արեւմտահայոց մօտ բանաստեղծութիւնը Դուրեանէն առաջ։ Վերցուցէք զայն, գրչի դիւրին հարուածով մը, Արեւելահայ գրականութենէն, դուք չեք ունենար անոնց վէպը, այսինքն՝ Արեւելահայ գրականութեան ամէնէն գեղեցիկ փառքը:

Յետոյ՝

Դուք չեք ունենար այնքան տաք, ճկուն, համով ու հայեցի արձակը, որով արեւելահայ անկնիք բարբառ մը, լեզուաբանները պիտի ճշդէին՝ գաւառաբարբառ մը, կը բարձրանայ գրական լեզուի մը վայելչութեան։ Բայց ասոնց հետ մա՛նաւանդ դուք չեք ունենար կարդացող հասարակութիւն մը, որ հակառակ մեր բոլոր արհամարհանքին, ճակատագրական կշիռ ունի արուեստի գործին վրայ: Այդ հասարակութիւնը ձեռակերտն է Րաֆֆիին։ Արեւելահայ բարբառին բախտը սխալ չըլլար կապել իր անունին։ Եթէ այդ բարբառը համեմատաբար շատ աւելի մօտ մնաց ցեղային նկարագրին, ու հետեւաբար ազատ արեւմտահայ բարբառին տիրական մեղքէն – օտարոտի, գրքունակ ու կեղծ որակուելու աստիճան անոնց տարազներէն – ատիկա շնորհիւն է այդ մարդուն։ Թող Պոլսոյ մէջ մեր իմաստուն ները, փոխանակ Հիւկօ կամ Տիւմա թարգմանելու, քաջալեր կենային ազգային բարքերէ վերցուած վէպերուն, արդիւնքը ի՞նչ կ՚ըլլար, գիտէ՞ք։ –Արդիւնքը այն կ՚ըլլար, որ այսօր մենք ձեռքի տակ կ՚ունենայինք հարիւրներով հատորներ, ուր մեր կեանքին բոլոր կողմերը, մեր հոգիին ստեղները պահուած կը գտնէինք։ Կէս դար յետոյ մոմով փնտռէք՝ պիտի չգտնէք այն ապրումները, որոնք մեր ժողովուրդին ստուարագոյն տոկոսինն էին եղեր դարերով։ Ուր է, որ պիտի դիմենք այդ սրբազան մկրտութեան համար։ Արեւմտահայ գրականութիւնը մանդարին ներու ծաղկոց մը ընող այս դժբախտութիւնը բացատրելի է Րաֆֆիի մը պակասովը անոր մէջ։ Այն ատեն, նոյնիսկ ի հեճուկս ամէնէն վայրագ գրաքննութեան, Զարդարեան հատորներ պիտի տրամադրէր մեր վայելումին, փոխանակ նիհար վիպակներու։ Թլկատինցին իր ժամանակին ամբողջ մարդերը պիտի մակաղեր, հսկայական, ֆանթասթիք հօտերու նման, քաւարանեան իր գործին մէջ, մինչ իր տուածը այնքան քիչ է անհուն իր աշխարհէն։ Հրանդ, որ սեւեռումները պիտի չսահմանափակէր դասակարգի մը վրայ ու պիտի առնէր ներս իր սքանչելի հոգիէն ամբողջ զգայնութիւնը մեր գաւառներուն։ Բաշալեան մէկ-երկու մոզայիքներու վրայ պիտի չսպառէր իր տաղանդը։ Ու ասիկա եղերօրէն ճիշդ է մեր բոլոր տաղանդաւոր աշխատաւորներուն համար։

Անցնելով արագ Րաֆֆիի ռոմանթիզմին վրայէն – մինակ մենք չէ, որ կ՚ընենք ասիկա, այլ եւ բոլոր ազգերը – պարտաւոր ենք կանգ առնել իր իրապաշտ վաստակին վրայ: Որքան ալ նիհար, ատիկա, սակայն, զօրաւոր եղաւ բաւական, որպէսզի իրմով սկսի արեւելահայ իրապաշտ վէպը:

Ուրիշ փառք մը նորէն, դարձեալ սկսողի փառքը պատմական վէպին։ Չեմ զբաղիր այն անբաւականութեամբ, որով վիրաւոր է Րաֆֆիի պատմական վիպերգութիւնը։ Նկատի կառնեմ առաջնորդի իր դերը։ Ու, մա՛նաւանդ՝ կը հրաւիրեմ ընթերցողը մեծ օրէնքին, որով արուեստի գործերը շատ քիչ անգամ կը փոխադրուին շրջանէ մը ուրիշ շրջան։ Մահը կը սպասէ անոնց: Դիմացողնե՞րը: Անշո՜ւշտ։ Բայց մեր բախտը ո՞ր կալուածին մէջ չէ դաւած, որպէսզի չդաւէ արուեստի կալուածին ալ վրայ։

Իր ծնունդին հարիւրամեակը տօնելու թելադրող իր յիշատակը փաստ մըն է դեռ չհանգած իր ուժին:

ՄԱՐԴՈՑ ՔՈՎՆ Ի ՎԵՐ

Րաֆֆիի մօտ գրական աշխարհի բացառիկ ընդարձակութիւնը նոր օրերու մեր հոգեբանութիւնը խոշորագոյն կողմերով շահագրգռելէ զատ (այդ հարցերը մեր գոյութեան բարձրակէտը կը գտնեն գրեթէ ամէն ուղղութեամբ, Րաֆֆին ընելու համար իր ժամանակին ամէնէն յատկանշական ընդունարանը), քննադատին աչքերուն կը պարզէ նոյնքան կարեւոր ուրիշ երեւոյթներ, այս անգամ ձեւի, արտայայտութեան պարունակէն։ Հոս արտայայտութեան որ նկատի ունիմ, վասնզի գրական մեծ իրացումները քիչիկ մը անկախ են գրքունակ սահմանադրումներէ: Մեր նոր գրականութիւնը, երկու թեւերուն մէջ ալ, զարգացած է վարժարաններու հակադիր ուղղութիւններով։

Մօտենալ, Րաֆֆիի մէջ, գրական այս յեղաշրջումին, պիտի նշանակէր արեւելահայ արձակին զարգացման processusը վերլուծել դասական մեթոտներով, երեւան բերելու համար, թէ ինչպէս տասնհինգ քսան տարիներու ընթացքին « Վերք Հայաստանի »ի նախնական, կոշտ, անկազմակերպ, թէեւ տարօրէն կենդանի, թելադրիչ ու երանգառատ լեզուն պիտի քաղցրանար, լրջանար, կոկուէր, վերածուելու համար « Ջալալետտինի արշաւանքը » պատկերացնող հարուստ, կանոնաւոր, դաշն ու գրաւիչ գործիքին, որուն առջեւ մարդ կը զգայ գրականութեան մը իրական գոյութիւնը։ Այս աշխատանքը թէեւ շահեկան, կարելի չէ սա նշմարներու ճամբով։ Բաւ է միայն յայտարարել, թէ այդ արձակին գործարանաւորութեան (ներքին) վրայ ամէնէն աւելի տիրական է կնիքը Րաֆֆիի: Ու տակաւին ըսել, թէ գեղեցկութեան, կատարելութեան, յառաջահայեաց առաքինութեանց խնդիրներ չէ, որ կը յուզուին այս առիթով, սա տողերուն մէջ։ Ու աւելցնել, այս անգամ տրտմօրէն, թէ այսօրուան կայանակառոյց ձայնասփռումներուն լեզուն ինչ մուրացիկ պատմուճան մըն է, բաղդատուած « Սամուէլ »ի շքեղ հանդերձանքին։ Յիսուն տարի, այսինքն՝ ուղիղ երկու սերունդ ետք, նոր է, որ կը սպառի Րաֆֆիին ժառանգութիւնը։ Կարդացեք օժտուած գրող Ստ. Զօրեանի վիպակները ու դուք կը գիտակցիք գործադրուած աւերին։ Ժողովուրդին երթալ, մուրացկանի ցնցոտիներով։ Կ՚անցնիմ։

Թերեւս աւելորդ չէ դիտել տալ, թէ արեւելեան մեր նոր գրականութիւնը կ՚ընթանայ իւրայատուկ ճամբաներէ, ու նաեւ՝ իւրայատուկ տեմպով, ինչպէս կախորդին արտայայտել հոգեկան զարկերը շինարարութեան մեր նոր դիւցազներգուները, այլամերժ իրենց կեցուածքին վրայ (ընկերա-քաղաքական) բարդելով նաեւ իմացական արհամարհանքը ամէն այն բաներուն դէմ, որոնք հոսհոսական ծագում ունին։ Ու հետեւաբար խոտելի, անպէտ։ Մինչ, արեւմտեան իր թեւին վրայ, մեր գրականութիւնը երեւան կը բերէ այնքան բացառիկ, յուզիչ կողմերը [1] արեւելեան թեւը կը քալէ ուրիշ պայմաններու, ուրիշ ազդեցութեանց ենթակայ: Արժէքի հարց չեմ յուզեր։ Ոչ ալ կ՚ուզեմ ինք զինքս խաբել արդիւնքներու առջեւ, որոնց կշիռը դուրս է տարակոյսէ: Դժուար է որոշ, հաստատ զանազանութիւն, յաւակնոտ բառով մը՝ յառաջատուական տարրեր երեւան բերել Աղասիի (Խ. Աբովեան) երգերուն եւ « Ձայն տուր, ո՜վ ծովակ » (Րաֆֆի) քերթուածիկին միջեւ, արտայայտութեան ու թերեւս խորքի ալ պարունակէ։ Մարդեր կան, որոնք մոգական հարուածով մը գաւառաբարբառէ մը ոստանիկ լեզու մը կը ստեղծեն։ Րաֆֆիին կնիքը այդ բարբառին վրայ գեղագիտական (esthétique) ըլլալէ աւելի, գրեթէ ընկերային երեւոյթ մըն է։ Ասկէ զատ, նոյն տարբերութիւնը՝ նոյնութեամբ տիրական է մինչեւ նորագոյնները։ Չարենցի կամ Մահարիի երգերը կրնային ստորագրուիլ նոյնիսկ Նալբանդեանէն։ Ուրե՞մն…։ Բայց սա յեղաշրջումը ընդլայնել, ինչպէս ըսի՝ զիս հեռուները պիտի տանէր։ Ինչ որ գրական է, սակայն, ատիկա՝ այդ գրականութեան հայեցիութիւնն է, զոր աւելորդ է վէճի ենթարկել: Հոս է վարկը արեւելահայ գրական ճիգին:

Սխալ պիտի չըլլար սա բարեբաստ արդիւնքին մէջ գեղեցկագոյն բաժին մը հանել Րաֆֆիին, որուն գործը որքան հոգեկան տագնապներու յիշատակարան, արժէք ունի դարձեալ իբր լեզուական զարգացման հաստատ, որոշ փաստ։ Անիկա այդ գրականութեան զարգացման շատ լուսաւոր մէկ շրջանը կը յատկանշէ։ Ու հոս է տարօրինակութիւնը։ Իրեն յաջորդ սերունդին մէջ մարդիկ կը գրեն լեզուով մը, որ ոչինչով աւելի է Րաֆֆիի դարբնած գործիքէն։ Նար-Դոս, Շիրվանզադէ, յանուն անհորիզոն իրապաշտութեան մը, Րաֆֆիի լեզուն պարզած են, զայն անհանդուրժելի աղքատութեան մը վերածելու աստիճան (Շիրվանզադէի « Նամուսը »): Դերենիկ Դեմիրճեան, զերծ չէ նոյն մեղադրանքէն, այս անգամ եւրոպականացման տեսակէտէ մը դիտուած։ Իր քերթողականը վրիպանք մըն է տարօրէն յատկանշական:

*

Գրագէտ մը արտայայտութիւն մըն է:

Ու շատ՝ երեսները, որոնցմով ան կը հեղու ինքզինքը եւ իր վրայով, իր ալ շրջանը։ Վերլուծել զանոնք մէկիկ-մէկիկ, պիտի նշանակէր չափազանց ընդլայնել սահմանը սա մասնակի աշխատանքին։

Մնալու համար կարեւորագոյն տուրքերու ուսումնասիրութեան առջեւ, կ՚ենթադրեմ, թէ բաւ է զբաղիլ Րաֆֆիի արտայայտութեան շատ բացորոշ քանի մը կողմերովը, որոնք իր անունէն անբաժան, իր վարկը արդարացնող ու իր դերը լուսաւորող շնորհներն եղան իր տաղանդին։ Մէկը՝ որուն տաղերը պատգամի պէս ինկան հազարներու հոգիէն ներս, այդ առաքինութիւններուն հաշիւը ունի տալիք, մանաւանդ մահէն ետքը։ Այս տեսակէտէն դիտուած, այդ շնորհները կը վերածուին հասարակաց այն քանի մը յատկութիւններուն, որոնք ընդհանուր գրականութեան ջոջ անունները կ՚եղբայրացնեն իրարու: Բնականութիւն, շունչ, ուժ, հաղորդականութիւն, տարազներ են, որոնք Րաֆֆիի ոճը լիովին կ՚ընդգրկեն, ինչպէս կ՚ընէ ամէն ժամանակներու մեծ արուեստագէտներու գործն ալ։ Ասոնք վիճելի առաքինութիւններ չեն Րաֆֆիի անունին հետ։ Ու տակաւին՝ քանի մը մայր մտահոգութիւններ, որոնք արեւելահայ թեւին մէջ առաջին գիծի կուգան, – ռուսերէն ներարկուած լայն ախորժանքը զանգուածները սիրելու, անոնց օգտակար դառնալու, ժողովրդական կեցուածքը, որոնք այդ գրականութիւնը տարբեր արտայայտութիւնը ըրին ժամանակակից հայ ապրումին, մա՛նաւանդ անոր այն ձեւին, որ ոճ պիտի կազմէր արեւմտեան թեւին մէջ։ Տէրեան մը կէս դարով ուշ է Դուրեանէն։ Ու այս յապաղանքը անգիտակից արդարացումն է այդ ոգիին, ինչպէս որ Քամառ-Քաթիպան նոյնքան ժամանակով կը կանխէ Սիամանթոն։ Ու աւելի՛ն։ Չեմ կարծել, որ որեւէ սերունդ, արեւելահայոց մէջ, հանդուրժէ Չրաքեանը:

*

Ուրեմն պետք է խօսիլ Րաֆֆիի ոճին բնականութեան մասին։

Օգտակար է յիշեցնել, որ այս յատկութիւնը հիմնովին կը տարբերի հռետորական դասագիրքերուն մէջ այն քան միամիտ կերպով փառաբանուած օրէնքէն, որ քաջածանօթ է գրոց-բրոցներուն, պատուելիներուն, գրաբարի ախոյեաններուն, թարգմանիչներուն, լրագրողներուն, քերթող-դաստիարակներուն ու, վերածելի՝ աւելի պարզ բանաձեւի մը – յստակութեան, պարզութեան, հասկնալի ըլլալու սրբազան պահանջին։ Վէճը աւելորդ է ամէն տեղ, ըսեր են։ Բայց անիմաստ է ու տխուր, ամէնէն շատ արուեստի գետնին վրայ։ Մեծ գրողները այդ տարազներուն սպասարկողը եղան, առանց իրենց միտքէն անցընելու, որ գոհացում կու տային անծանօթ օրինագիրքի մը յօդուածներուն։ Րաֆֆին՝ ամէնէն շատ: Կ՚ենթադրեմ, թէ անիկա շատ քիչ անգամ այցուեցաւ ոճին փորձութենէն, որ իրական է միւս փորձութեանց նման, ու գրեց, անսալով իր զգայութիւններուն, շրջապատէն իրեն երկարող անդրադարձումներուն, ու ամէնէն աւելի՝ իր իսկ դերին, առաքելական իր հոգիին մղումներուն։ Ասկէ՝ իր գործին տարօրինակ դաշնութիւնը իր աշխարհներուն հետ, անցեալին ու ներկային վրայով։ Գիրքերէն սորվըւած քիչ բան կայ Րաֆֆիի ոճին ճարտարապետութեան մէջ, եթէ երբեք կար: Կ՚ըսեմ այսպէս, վասնզի Ալիշանէն ու Բագրատունին Նար-Պէյ մը, Թերզեան մը, Պէրպէրեան մը, իբր խորք՝ ինչպէս ձեւ, օտար չեն գար այսօր մեր ընդհանրացման աշխատանքին։ Որմէ՞ կը սերի « Սամուէլ »ին պերճ, բայց պարզուկ ոճը։ Փնտռեցէք ու պիտի չգտնէք: :

Միւս կողմէ՝ արժանիք մը աւելի, Րաֆֆիին համար, գիտնալն է ատիկա զանազանել այդ գրականութիւնը հետեւակ, պարտադրուած, անխուսափելի պարզութենէն, որով իր օրերու աշխարհաբարը այնքան գոհունակ կերպով զգեստաւորուած է թէ Վենետիկ, Պոլիս, թէ՝ Թիֆլիս։ Յիսունական, վաթսունական թուականներուն այդ մայր մտահոգութիւնը, որ զառածելու աստիճան բուռն եղաւ երկու կողմի համալսարանական սերունդներու մօտ, Րաֆֆիին համար չունեցաւ աղէտալի հետեւանքներ, ինչպէս ունեցեր էր Նալբանդեանին, Նազարեանին, Նար-Պէյին, Ռուսինեանին, նոյնիսկ Գ. Օտեանին համար։ Զարթօնքի գրականութեանց նկարագիրը սովորութիւն է, որ երկարաձգուի քանի մը սերունդ, նոյնիսկ դար։ Ռապըլէէն մինչեւ Լաֆոնթէն պէտք կայ հարիւրէ աւելի տարիներու սահելուն, որպէսզի արուեստի անառարկելի արժէքներ հրապարակ գան։ Ու տիրակա՛ն հարց, – Թիֆլիսը Փարիզ չէ երբեք։

Լրագրական հասարակութենէ ու քարոզչական տափակութենէն, որոնք Րաֆֆիի պատանութեան ատեն արուեստի յղացքը կը փոխանորդեն այնքան յոխորտ, որքան տգէտ միամտութեամբ, ինչպէս նաեւ Արեւմտահայ գրաբարեան դպրոցին քերականական սեթեւեթէն յաջողապէս զերծ իր լեզուով, Րաֆֆին սկիզբը կ՚ընէ շատ պարզ, բայց նոյնքան ալ դժուար բանի մը, անշուշտ անգիտակից ներքնատեսութեամբ, առանց անդրադառնալու։ Ու այդ սկիզբը գրական զգայարանքին զարթօնքն է։ Չեմ կրնար կործանել « Վերք Հայաստանի »ն, բայց կրնամ վճռապէս դատել զայն հեղինակողին հասկացողութիւնը, որ Րաֆֆիէն շատ աւելի նախնական հորիզոն մը ունի իր հանճարն իբր մթնոլորտ։ Այնպէս որ, գրականութիւն մը սկսողի փառքը, արեւելահայոց մէջ, Րաֆֆին չի զիջիր զինքը կանխողներուն։ Անշուշտ « Սօս եւ Վարդիթեր »ը կը կանխէ « Կայծեր »ը: Բայց թուականները չեն, որ գրականութիւն կը սկսին։ Ինչ որ Րաֆֆիով մուտք ունեցաւ արեւելահայ ճաշակէն ու զգացումներէն ներս, ատիկա ահաւասիկ գրական այն վայելքն է, որ կը զատուի Դուրեանին եւ… Սիմոն Ֆէլէկեանին տաղարաններէն, – իրարու ժամանակակից մարդեր, բայց այն քան ներհակ բախտով։

Վայելչութիւն, պարզ, արագ, կենդանի գնացք, ներքին անբացատրելի ուժով մը թեւաւոր, – որոնք հասարակաց յատկութիւններ են գրականութեանց դասական վարպետներուն։ Հակառակ դարերու, միջավայերու ահագին անջրպետին, Հոմերոս մը, Վիրգիլիոս մը, Տակիտոս մը, Տանթէ մը, Շէյքսփիր մը, Սերվանթէս մը, Մոլիէռ մը իրարու կ՚եղբայրական սա ընդհանուր շնորհին մէջ։ Այս մեծ անունները թող օտար չթուին սա տողերուն վրայ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր շրջանին վրայ արձակեց նոյն ճառագայթումը, որքան Րաֆֆին՝ իր օրերուն։ Ուրիշ խնդիր մեծ ու փոքր ժողովուրդներու բաղդատութիւնը, զոր կատարած ատեն պէտք չէ աչքէ հեռու պահենք մեր ուժերուն ստոյգ տարողութիւնը:

Զարտուղի հակումներու, սանձակոծ խոյանքի, սրարշաւ պատկերակերտութեան քիչ կամ բնաւ հետամուտ (ինչպէս էին արեւմտահայ ռոմանթիքները) ու լեզուական նրբութեանց, քերականական խաղերու երբեք ուշադիր, Րաֆֆիի հաստատ ու պարկեշտ բնականութիւնը բարեբաստ դիպուածով մըն ալ զերծ մնաց հակադիր վտանգէն, որ փնտռուած, հալածուած բնականութեան կը հետեւի ամէն անգամ, երբ թեքնիքը փոխարինել յաւակնի ազատ ստեղծագործումը: Կարդացէք Պռօշեանցի, մանաւանդ Աղայեանցի վէպերը, համոզուելու համար, թէ ինչ կը նշանակէ բռնի բնականութիւն։ Կ՚ըսեմ՝ այսպէս, թերեւս աւելորդ անգամ մըն ալ ծանրանալու համար վտանգին վրայ, որ մշտապէս կրկնեց (talonner) բոլոր պարզապաշտները, ժողովուրդին մօտիկ կենալու համար անոր բառարանը միայն ընդօրինակողները, անոր բերնին վրայ ապրելու (երգուելու) փառքը արուեստի իբր գերագոյն նպատակ հետապնդողները։ Ու աւա՜ղ, լեգէոն կը կազմեն անոնք Կովկաս։ Ու մենք տրտմօրէն կ՚ոգեկոչենք օրերը, սանկ վաթսունական-եօթանասունական թուականի պոլսական մեծ քերթողներուն, որոնց տաղերը, երգերը, ուղերձ-տառերը քաղաքի քաղաք կը թեւածէին, չըսելու համար երկրէ երկիր (Վենետիկ Պոլիս), ստեղծելով կարելի արբշռանքը զանգուածներուն, բայց նոյն ատեն մահուան տարրով մը վիրաւոր։ Այսօր գրականութեան պատմութիւնը չեմ յուսար, որ քանի մը տող զիջի այդ հսկայ բանաստեղծութեանց հեղինակներուն։

Րաֆֆիի ոճը տարօրէն հաշտ է իր տիպարներուն հետ: Անշուշտ բնականութեան մէկ տարբերակն է այս տարազը: Բայց ահա աւելին։ Իր շրջապատէն վերցուած մարդոց վրայ սեւեռման, յօրինման սա դիւրութիւնը Րաֆֆիին հաւատարիմ մնաց նաեւ այն մարդոց համար, որոնք արդիւնքն են իր տաղանդին, – անմիջական իրականութեան չպատկանող այն բացառիկ էակները, որոնց կեանքը այնքան տարօրինակ կ՚ըլլայ երբեմն, զանգուածնները տանելու համար իրենց ծիրին մէջէն դէպի հսկայ բախումները հոգեբանութեանց, հոգեկան միգամածային դրութեանց։ Ուրիշ բան չեն ժողովուրդներու կեանքին մէջ երեւան եկած յանկարծական բռնկումները։ Երբեմն երգ մը, երբեմն վէպ մը ըրած են այնքան ուժով փոփոխութիւն սա մեր կեանքին մէջ, որքան չեն ըրած միլիոնները բանակներուն։

Անհաւասարելի բնականութեամբ մը Րաֆֆիի կը յաջողի վաճառականի մը մտայնութիւնը, իր այնքան ծփուն, բազմերանգ կողմերով բառի կապել, ինչպէս նուաճել նոյն ճարտարութեամբ, տաքութեամբ երազները նոր օրերու մեր խենթերուն, – երազներ՝ տարօրէն անգայտ, անկարելի ըսելու չափ վերերէն թեւածող, բայց որոնց կրկներեւոյթը մեր հողերուն վրայ՝ կը շփոթուի անվերածելի իրականութեան հետ։ Այդ խենթերը այդքան բնական ընծայող պատրանքը գրագէտին, որքան զանգուածին մէջ, դուրս է կասկածէ։ Ահա թե ինչու Րաֆֆիի ռոմանթիք հերոսները այնքան արագ վերածուեցան գործօն արարածներու: Անոնք հոգեկան միգամածին մէջ արդէն իրենց ձեւերը ստացող իրականութիւններ էին։ Գրագէտին դերը եղաւ զանոնք բնական փոխադրումով ղրկել արտաքին աշխարհին կայանները, ուր կը սպասուէին անոնք ով գիտէ քանի՜ դարերէ ի վեր:

Այս բնականութի՛ւնը դարձեալ, երբ Րաֆֆի կը փորձէ մեր հինաւուրց եւ կամ մեզամօտ հերոսները կեանքի կանչել, մեր օրերու հոգեբանութեամբ մը զանոնք տոգորելու անհաւասար ճիգին մէջ երբեմն իրագործելով ճշգրիտ սեւեռումներ։ Եթէ վերցնէք « Դաւիթ Բէկ »էն միջնադարեան տեքորասիոնը, մնացեալը մեր պատմութեան արդար տիպարներուն կը մօտենայ կարելի կարկառով [2] ։ Ու փոխադրելով զննութիւնը տարերկրիկ կայաններում, մենք կը զարմանանք Քաւոր Պետոսի մը ու շքախումին արտակարգ բնականութեան առջեւ։

Ու, յատկանշական պարագայ, սա մոգական շնորհը անկէ պիտի չբաժնուի նոյնիսկ ամէնէն պարզ յօրինումներուն մէջ։ Անոր ամբողջ գործը մթնոլորտով սա պայմանն է թերեւս, որ զինքը ըրաւ ամէնէն շատ կարդացուած հեղինակը։ Գիրքերով զբաղողներու համար գաղտնիք չէ, թէ մեծ գրագէտները մոգական այս շնորհով է, որ կը տիրեն սիրտերուն։ Մտքի մեծերուն գործերը որոշ չափով մատչելի են նախնական ուղեղներու։ Բարդ հոգիներուն այդ գործերով խանդավառուիլը կարօտ չէ բացատրութեան։ Այս տարազները մեր մէջ արդարացնող գրագէտի միակ դէմքը սխալ չէ Րաֆֆիին մէջ հաստատել:

*

Ու պէտք է խօսիլ Րաֆֆիի շունչէն, զոր պէտք չէ շփոթել, նոյնացնելու աստիճան, աշխատանքի ուժին հետ։ Կան հեղինակները, որոնց մօտ երկու եզրերը իրար կը բացատրեն։ Պալզաքի մը աշխատանքին հսկայ dynamismeն չենք կրնար զատել անոր ստեղծագործ ուժէն։ Հատորներ, աշխարհ, երեսնամեայ միակտուր թիապարտութիւն մը գրասեղան կոչուած նոր օրերու դժոխքին՝ իրարու կ՚աւելնան, որպէսզի ֆրանսական գրականութիւնը օժտուի իր ամէնէն կոթողական փառքերէն մէկովը։ Այսպէս նաեւ Տոստոեւսկիի, Տիքընզի, Սքոթի (Վալթըր) համար։ Բայց կայ միւս երեսը մետալին։ Ու ատիկա՝ անկնիք, մեթոտիկ, անստեղծագործ, բայց նոյն ատեն իբրեւ քանակ հսկայ այն աշխատանքն է, զոր մեր մէջ տիրական կերպով մը ունեցան առաւելապէս վանական դպրոցներ։ Անունները աւելորդ են:

Րաֆֆիին համար շունչի տարազը նորէն անգերազանցելի փառք մըն է։ Իբրեւ քանակ Շիրվանզադէի գործը վար չի մնար Րաֆֆիի արդիւնքէն։ Բայց երբ առաջին հեղինակը ամէն գիրքի վերջին էջերուն վրայ ակներեւ կերպով սպառման մը նշանները կը մատնէ (զուր տեղը չէ, որ խուսափած է մեծ վէպէն), Րաֆֆիին դիրքերը բռնի, հեղինակին միջամտութեամբը միայն կը վերջանան, այնքան էջերը սկսող ու լարող շունչը զօրաւոր է ներսէն։ Կը թաւալին անոնք, էջերը, ու գործողութիւնը փոխանակ տկարանալու, հետզհետէ կ՚ամրանայ, կը խորանայ: 6-700 մեծազանգուած էջերու կրկէսին վրայ մարդերը բռնել, կեցնել, ասոնց կիրքերուն ստեղնաշարը մշտապէս տակը պահել իր մատներուն, արտաքին ու ներքին աշխարհներու ամբողջական ճակատում մը լարուած դնել, գիրքին ամէն մէկ անկիւնէն տեսանելի հսկայական երկերեսեան հայելիներու նման, – ահա թէ ինչ է որ կը զատէ Րաֆֆիի շունչը մեր նոր գրականութեան բոլոր գործերէն։ Կը հասկցուի, թէ այս կարողութիւնը որքան խոր աղերս ունի իր տաղանդին ամբողջական գնահատման մեջ, այնքան կը բացատրէ անոր գործերուն թափանցական նկարագիրը։

Բացէք ո՛ր էջը որ կ՚ուզէք իր գործերուն։ Միշտ պիտի զգաք զայն, այդ ուժը, շունչը, երբեմն հեղեղատիպ, արագ, կրակող թափով մը, երբ տիպարներու խօսքերէն կը մրրկի անիկա կամ անոնց բախումներուն խորը կը թրթռալ: Ու բազմադիմի են ձեւերը, որոնցմով կը զգեստաւորուի։ Անի կա երբեմն թիփիկ, վճռական նկարագիրներու թափօր մըն է, մանր դիտուած, կատարեալ, անվերծանելի փշրանքներով դրուագուն, որ ամրօրէն կը կերպադրէ, կը կաղապարէ մարդերը, վայրերը, մտայնութիւնները, այլեւս մտքի չելլելու, չաղօտելու երջանիկ ճակատագրով մը։ Որքան շատ բան տեսած է այդ պարզուկ ճանապարհորդը, իր ձիուն կռնակէն, երբ անցեր է Տաճկահայաստանէն։ Այսպէս կ՚ըսեն անոնք, որ « Կայծեր » կ՚աւարտեն, բայց չեն գիտեր, թէ իրենց այդ բացագանչութեան մէջ արդարութիւն մը կ՚ընեն Րաֆֆիին շունչին մեծութեան։ Զի՝ տեսնելու, զգալու, արտայայտելու արարքները կը բխին նոյն յատակէն, որ խառնարանն է անոր հոգեկան ուժերուն։ Դէպի հռետորութի՞ւն։– Անշուշտ, քանի որ ուժը մէկ ուրիշ երեսն է սա երեւոյթին։ Բայց հարստութիւնը երբեմն կը միջամտէ բարեբախտ ձեւով մը, որպէսզի գիրքերը փրկուին փչուած կառոյցներ ըլլալէ։ Րաֆֆիի մօտ հռետորութիւնը իր ակօսները նախասիրած է ունենալ մարդոց խօսքերուն դաշտերէն։ Նախնական հոգեբանութիւնը, մանաւանդ օգտաշատ ձգտումը, կրնան զօրաւոր կերպով մը արդարացնել շունչի սա զառածումը։ Պէտք չէ մոռնալ, որ Րաֆֆի կը գրէր անմիջական ներկային սլաքներուն ներքեւ։

Ի պատիւ իրեն բաւ է յայտարարել, որ այդ զառածումը կը սանձուի ապահով ճաշակէն ամէն անգամ, որ գրա գէտը կը զգայ ինքզինքը լպրծուն գետինին վրայ նկարագ րդող շնորհներուն։ Նոյնիսկ ամէնէն ռոմանթիք կառոյցներուն մէջ (« Ջալալետտին », « Խաչագողի յիշատակարանը », « Դաւիթ Բէկ »), ուր հռետորութիւնը կրնար ծաղրանկարային դժբախտութեանց առաջնորդել իր պատկերացումները, Րաֆֆի պահած է ճշգրիտ նայուածքին բարիքը։ Կարդացէք Պարթեւեանի « Սայքօ »ն ու պիտի հասկնաք, թէ ինչ կը նշանակէ հռետորութիւնը նկարագրութեան մէջ։ Նման նուաղումներ, հաստատ մարդոց աշխարհէն, հանդիպելի չեն Րաֆֆիի մօտ։ Նկարագրող տուրքերը խիստ օրէնքներու ենթարկող սա ճաշակն է, որ Արեւելահայ գրականութեան մէջ այդքան կանուխէն դպրոց է կազմած։ Ու ատոր մէջ Րաֆֆիին բաժինը վարպետի բաժին մըն է։ « Ոսկի աքաղաղ »ը [3] կոթող մըն է այդ ուղղութեամբ։:

Րաֆֆիի շունչը հաւասարապէս ուժեղ է նորէն, երբ գաղափարներու հոսանք մը կը ջանայ ղեկավարել, զայն քշելու համար իր կողմէ պատրաստուած յատակի մը մէջէն: Կրնաս համամիտ չըլլալ այդ գաղափարաբանութեան ներքին արժէքին: Կրնաս նեղուիլ անոր ճշմարտազանցումներէն, երբեմն յայտ անիրաւութենէն: Հեղեղները կործանարար երեւոյթներ են յաճախ։ Ու անոնց անցքը՝ աւեր ու ամայութիւն կ՚ենթադրէ երբեմն։ Ինչ որ իրական է, ատիկա նոյնութիւնն է այդ շունչին մեր պատմութեան ամբողջ դարերուն երկայնքովը։ Ո՞վ է ան, որ պիտի համարձակէր մեր ժողովուրդին հոգեյատակը բաժնել իրարու ներհակ շրջամասերում, նախ՝ անցեալին մէջ, ուր անիկա միապաղաղ ծովն է մեր ճակատագրին, յետոյ՝ նոյնիսկ ներկային մէջ, ուր զինքը դատապարտողներն իսկ չեն կրնար իրենք զիրենք ուրանալ:

Շունչին սա ճառագայթումն է դարձեալ, որ վիպական գործողութիւնները այնքան կենդանի կ՚ընէ, որքան հետաքրքիր։ Ուժ ու շունչ համազօր են կեանքին, ինչպէս արուեստին մէջ։ Ու պետք է փակել այս փարակրաֆը յայտարարելով առանց վարանման, թէ Րաֆֆիի վաստակը իբրեւ շունչ մեծագոյնն է ամբողջ Հայ գրականութեան մէջ:

*

Խօսի՞լ տակաւին գրագէտին միւս շնորհներէն։

– Հատորի մը կմախքը պատրաստել պիտի նշանակէր ատիկա։

Պէտք է կարճ կապել։

Ձգելէ առաջ այնքան կողմերով թելադրական սա մարդը, հարկ կը համարիմ քանի մը խօսք՝ անօրինակ հաղորդականութեան մասին անոր ոճին: Վտանգաւոր տարազ, իրաւ որ, ոչ միայն արեւելահայ, այլեւ` արեւմտահայ գրագէտներէն մեծագոյններուն համար իսկ։ Զի՝ այդ յատկութիւնը անմիջական յայտարար մըն է, ուր մուտք ունին շքեղագոյն, որքան գռեհիկ շնորհներ։ Երբեմն բարձրաթռիչ, երբեմն գետնաթաւալ հռետորութիւն մը գրեթէ միշտ գահաւորակ մըն է դէպի զանգուածները։ Սիամանթոյի գո՞րծը։ Անշուշտ, բայց նոյն ատեն գործեր ալ, որոնց անունը առանց խոր ընդվզումի չեմ կրնար արտասանել, ո՛ւր մնաց գրել սա տողերուն միջեւ, որոնք մեր ամէնէն շատ կարդացուած գիրքերը եղան։

Րաֆֆիի մօտ հաղորդականութիւնը գրական յարդարանք մը չէ երբեք, այլ՝ անձնական իր բխումը, նոր բառով մը՝ իր մթնոլորտը, որուն մէջէն անոր արուեստը պիտի ճառագայթէ դէպի զանգուածները եւ որուն վրայով նոյն այդ զանգուածները կը ճամբորդեն դէպի գրագէտին հոգեկան ոլորտները։ Ըսին, թէ անիկա հայրն էր մեր յեղափոխութեան: Անուշտ ըսել կ՚ուզէին, թէ անիկա մարդ մըն էր, որուն արուեստը առաջին, անմիջական, անմիջնորդ շփումով մը կը նոյնանար շրջանի մը հոգեբանութեան, զայն կը գունաւորէր արագ ու միակտուր։ Աղէտէն յետոյ մեր արուեստին սա նուաղումը այսօր մեզ կոյր կ՚ընէ Րաֆֆիի օրերուն անհուն խանդին ու անոր ըմբռնումին մէջ։ Փոխադրեցէք այսօրուան երիտասարդը զինքը կանխողներուն հոգեկան աշխարհին, ու լուծած կըլլաք այն տրտում աւերածը, որուն անունն է հիմակուան Հայ գրականութիւն:

Ոչ-հռետո՛ր քանի որ գիրքերով կտակուած բանաձեւերէ, ցուցմունքների անմասն է ան), ոչ-հետեւակ (այս փաստը տխրօրէն ուժով է Րաֆֆին կապկողներու երջանիկ կարաւանին մէջ, որոնք, մա՛նաւանդ արեւմտահայ թեւին վրայով, նոր օրերու ամէնէն շատ կարդացուող գիրքերը տուին, բայց որոնց անունը, ինչպէս դիտել տուի քիչ վերը, պիտի չարձանագրուի գիրքերու պատմութեան մեր տոմարին), այդ հաղորդականութիւնը կը փորձուիմ մերձեցնել ցեղային բարեխառնութեան մը միջին շնորհին։ Ինծի համար տարադէպ փարատոքս մը չէ մեր ժողովուրդին հիմնատարր քաղցրութիւնը, սիրտբաց զուարթութիւնը, ինչպէս նաեւ խոր մելամաղձոտութիւնը, Րաֆֆիի աշխարհին եւ անոր նուաճման եղանակին մէջ, իրենց մեկին, անջինջ, վճռական եզրերուն վերածել: Հաղորդականութիւնը, այն ծիրով ու խորութեամբ, զորս կը հաստատենք Րաֆֆիի գործերուն մէջ, կը դադրի գրական երեւոյթ մը, անհատական մասնակի արժանիք մը ըլլալէ, դառնալու համար աւելի բարձրիմաստ արտայայտութիւն մը։ Ու, տխրօրէն ճիշդ է, որ յաճախ յաջողութեան սա տարածութիւնը շատ դիւրաւ կը վերածուի հակադիր ալ իմաստին, – գձուձ այն պատիժին, զոր մեր նախանձը, վրիպանքը գիտեն այնքան անուշիկ ձեւերով ոսկեզօծել։ Իր մահէն յետոյ Րաֆֆիի հանդէպ հոս ու հոն բարձրացող դժգոհանքը, մանաւանդ ա՛ն՝ որ գրական կրկէսէն ռմբակոծեց մեռնողին փառքը, հասկնալի է, որքան տխուր։ Ըսեր եմ տեղ մը ու կը կրկնեմ, – փառքը այն մեղքերէն է, զոր պիտի քաւենք, նոյնիսկ գերեզմանէն անդին:

*

Հարիւրամեակ մը դիւրին պարագրելի միջոց մը չէ, նոյնիսկ բախտաւոր ժողովուրդներու պատմութենէն։ Ու չեմ ծանրանար ահաւոր այն կսկիծին, որով կը պարուրուի մեր նայուածքը ամէն անգամ, որ թարթափինք այդ դարն ի վար։ Բան մը ստոյգ է սակայն: – Անոնք՝ որ տասը տարի առաջ են ծնած, ու անոնք՝ որ տասը տարի ետքը պիտի ծնին, երբ դառնան քսանամենի, իրենց պատմութիւնը տեսնելու եւ իրենց ճակատագիրը զգալու կերպերուն մէջ տարբեր բաներ պիտի հաստատեն, ճիշդ՝ ինչպէս ըրեր էինք մենք Րաֆֆիի մահը կանխող ու անոր հետեւեող տասնամեակներուն ընթացքին։ Քառորդ դար մը այնքան բախտորոշ է երբեմն։ Ու չեմ վերլուծեր այդ զգալու եւ տեսնելու եղանակներուն գեղեցկութիւնը կամ դժբախտութիւնը։ Բայց իրական է, որ այս փոփոխութեան, այս զարտուղումին մէջ, հիմա մեր գրականութիւնը ունի իր բաժինը, առաւելագոյն չափով, ինչպէս ունեցաւ անիկա Րաֆֆիի օրերուն։

Գրականութիւնը կախարդութիւն մըն է, ըսեր են: Ոչ ոք մենէ՝ աւելի անվիճելի կերպով իրաւունք ունի այդ տարազին գործաւորը ըլլալու, որքան անզուգական կախարդը, Րաֆֆին, որ ազգային զարթօնքի, գիտակցութեան դժուար առաքելութեան մէջ, այնքան դժբախտ արդիւնքներու յանգող մեր երազին հիւսիսայգը գծեց, այնքան անմոռանալի գեղեցկութեամբ։ Չորրորդէն մինչեւ քսաներորդ դար, մեր ժողովուրդը քիչ անգամ այնքան դժբախտ եղաւ, բայց այնքան ալ միակտուր, յստակագիր տախտակներ գտաւ իր խորագոյն ձգտումներէն տասնաբանուած, որքան անոնք, որոնք ծնան պարզուկ այդ վարժապետին ուղեղէն։

Կրնանք, հասկնալի անգթութեամբ, որքան յիմարութեամբ, տապալել զինքը իբրեւ արուեստագէտ (որովհետեւ խոշոր կը տեսնէր ու աչօք բացօք կ՚երազէր, մինչ իր շուրջը մարդիկ վաճառականի տոմարները կամ նաւթահորերու կրակին խաղերը գծագրելը կը նկատէին արուեստի բարերար գործ)։ Կրնանք զինքը նախատելու չափ առաջանալ, իրմով ոտքի Շարժումին մէջ մեր վրիպանքին նոխազ մը ճարելու մեր վատոգի կորանքը ոսկեզօծելով քաղաքական իրապաշտութեամբ, կամ պատմա-մատերիալիստական տուեալներու ջախջախիչ փաստերով։ Ու կրնանք տակաւին, իր ռոմանթիզմը, իր անբաւարար զարգացումը մատի փաթթել, ինչպէս ըրին, նոյն վատ մեծամտութեամբ, ճպոտ մը թելին զարնել սորված մեր Եւրոպա տեսնող երաժշտագէտները Կոմիտասի գործին դէմ։ Ու կրնանք, վերջացնելու համար, իր ժողովրդականութիւնն անգամ գործածել իրեն դէմ։ Բայց չենք կրնար զինքը զրկել իր ընթերցողներէն, որոնք էին, եղան եւ պիտի ըլլան ասկէ վերջն ալ այնքան հաւատարիմ, որքան ատեն, որ մեր գիրը  խօսի մեր զաւակներուն:

Հարիւր տարին գերեզման մըն է, անշուշտ։ Բայց ինչպէս մեր երգերը կ՚ըսեն, հոգիներ կան, որ հողին տակէն ալ կը շարունակեն էրիլ, մխալ։ Ու կան ուժեր, որոնք հողերէն բուսնիլ գիտեն։ Մեր մէջ այս շնորհը ամէնէն արդար կերպով տիրապետող մարդերէն մէկն է Րաֆֆին։


[1]        Հետաքրքիրներ կարող են բանալ 1841ին սկիզբ առնող « Բազմավէպ » հանդէսը եւ քիչ մը աւելի վերջ Պոլիս հրատարակուող « Հայաստան »ը ու կենալ, խոհուն, որքան հիացիկ, այդ էջերով մեզի մատուցուած աշխարհիկ գրականութեան առաջին նմոյշներուն առջեւ։ Ի՛նչ սրտառուչ հրաշք մըն է, որ կը միջամտէ, որպէսզի, օրինակի համար, Նասրէտտին Հոճան ու իր էշը առակին լեզուն, սանկ քառորդ դարու ընթացքին վերածուի « Տրտունջք »ի շքեղ շողարձակումին: Նոյն ատեն հետաքրքրութիւնը՝ այս անգամ « Հիւսիսափայլ » (Մոսկուա) հանդէսին մէջ, Նալբանդեանցի կամ Նազարեանի ստորագրած գրութեանց վրայ, պիտի յանգէր այլապէս տխուր եզրակացութիւններու, քանի որ այսօրուան « Գրական ուղի » եւ նման հանդէսներու մէջ մեր գտած լեզուն ողորմիս կարդալ կու տայ հիներուն։ Դառնալու համար Արեւմտահայ գրականութեան, նոյն նայուածքով չափեցէք միջոցը, որուն ընթացքին Չրաքեանի, Մեծարենցի, Վարուժանի բարդ, նրբենի կամ փարթամ գործիքները պիտի «դարբնուին», նոյն այդ երակէն։ Քառորդ ու քիչ մը աւելի դարու տեւողութեան, այդ գրականութիւնը, ազգերու իմացական վաստակներուն մէջ հազուադէպ կերպով արձանագրուած խոյանքով մը, պիտի հասնի արտայայտման ա՛յն լիութեան, պերճանքին ու թելադրիչ շնորհներուն, որոնցմով խանդավառուեցաւ երկու սերունդ, բայց առանց հիւթասպառ ձգելու մայր երակը, ինչպէս ըրին անդին: Թերեւս գտնուին մարդեր, որոնք թերի գնահատում մը ունենան երեւոյթին առջեւ, զայն նկատելով լեզուական, բարբառային յեղաշրջում մը, որուն քիչ մը օտարոտի կողմերն ալ արդար մեղադրանքը կը դիմաւորեն հարազատութեան պաշտպաններուն: Բայց նոյնիսկ քերականութիւն մը մշակոյթ մըն է ինքն իր մէջ ու փաստ մը նոյն ատեն։ Ու ասկէ անկախարար, գեղեցկութինը (բառը կ՚ընդգրկէ արուեստին լիութիւնը), ձրի տարազ մը չէ, ոչ ալ հացի, շահի ենթակայ ասպարէզ: Զայն հասկանալն անգամ առաքինութիւն մըն է բաւական պերճախօս: Ու զայն սիրելը՝ տիրական նկարագիր (առանց այդ սիրոյն հելլէն գրականութիւնը չէր կրնար գոյութիւն ունենալ): Տեղը նեղ է ինծի, զբաղվելու հարցին կապուած ուրիշ երեւոյթներով, այս անգամ խորքի պարունակէն։ Մեր օրերու խռովքներուն հաղորդ գալու համար մեր միտքը կերտեց իր գործիքը, մեր իրապաշտներուն, բայց մանաւանդ արուեստագէտ սերունդին տարփավառ աշխատանքին ընդմէջէն: Հայեցիութի՛ւն, ազգային հարազատութեան հանգանակնե՛ր, ցեղային ո՛ճ, օտարութի՛ւն, – ընդարձակ տարազներ, որոնցմով զբաղիլը հաճելի է այնքան, բայց առանց կործանելու գոհար, նշուլագեղ փափկութիւնը կամ հսկայ, փարթամ պայծառութիւնները Մեծարենցի, Վարուժանի ոճերուն, որոնք քանդակներն են այդ լեզուին։

[2]        Պատմական վէպին մէջ Րաֆֆիի հերոսներուն տժգունութիւնը բացատրելի է գրագէտէն դուրս ազդակներով։ Չի բաւեր տաղանդը, նոյնիսկ հանճարը, որոնց սլաքովը կարենայինք ճեղքել դարերուն պարիսպը մեր եւ անցեալին միջեւ: Հանդարտ զննութիւնը, երկարատեւ ողողուիլ մը միայն մեզ կը մօտեցնեն այդ աւերաստանին ո՛չ թէ լրիւ ոգեկոչումին, գէթ անոր արտաքին պարագրկումին։ Տասներկու տարուան պրպտում, երկու հազար հատոր գիրք եւ քանի մը տարուան հողային շփում պէտք եղան, որպէսզի ոտքի կանգնէր Ֆլոպէռի « Սալամպօ »ն։

[3]        Րաֆֆին իբր վիպասան դատելու սա աշխատանքին մէջ կամովի մէկդի դրած եմ շատ ու շատ պահանջներ, որոնք իր օրերուն գոյութիւն ունէին անշուշտ, բայց մեր գրական հրապարակէն չէին կասկածուած: Անոր դէմ բանաձեւուած ամէնէն զօրաւոր մեղադրանքը հոգեբանական յօրինման ու վերլուծման պակասն էր իր վէպին մէջ – մեղադրանք, զոր շատ դիւրութեամբ կրնանք փոխանցել զայն գործածողներուն դէմ: Արդարեւ, մեծ հեղինակը այս անիրաւ ամբաստանութեան, Շիրվանզադէն, այնքան բան կը հասկնայ հոգեբանութենէն, որքան Րաֆֆին: Անոր դէմ բանաձեւուած միւս մեծ վերապահանջը արուեստի պարունակէն կու գայ։ Ծանօթ է տարազը, ըստ որում՝ Րաֆֆի գեղարուեստական գրող չէ: Ոչ Շիրվանզադէ, ո՛չ Վ. Փափազեան եւ ոչ ալ Րաֆֆիի միւս քայքայողները աւելի բան մը կը հասկնան տարազի տարողութենէն: Տափակ, անհորիզոն այն աշխարհը, որ Շիրվանզադէի վէպերունն է, աղերս մը չունի գեղարուեստին հետ, գէթ այն գեղարուեստին հետ, որ ռուսական կամ արեւմտեան մշակոյթը կը յատկանշէ: Գալով Փափազեանի անոճ, անկնիք, աննկարագիր պատմումին, մարդ կը զարմանայ անարդարութեան սա աստիճանին։ Փոքր բաներ պատմելու մէջ առաջնակարգ նայուածք մը ի վերջոյ պիտի վարժուի աշխարհը իր նայուածքին պարունակին վերածելու: Ի վերջոյ Րաֆֆին պարտաւոր էր քաւել իր համբաւը ու քաւեց: Չեմ գիտեր, հարիւրամեակի սա փառքը պիտի ըլլա՞յ բաւական պայծառ, որպէսզի «փարատին ստուերները», «չքանան չարիքները», «սպառին աղջերը», ինչպէս կ՚ըսէ Նարեկացին:

ՄԱՐԴՈՑ ՔՈՎՆ Ի ՎԵՐ (ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ՄԸ ՄԷՋԷՆ) [1]

Կէս դար կը բաժնէ մեզ այն օրերին, երբ մեր արդի մատենագրութեան (այս բառին մէջ կ՚ուզեմ զետեղուած տեսնել իմացական մեր նորագոյն վաստակը, անբնական թէեւ ա՛լ ընտանի կրկնատարազ յորջորջում մը սրբագրելու փորձ մը ընելով՝ ամէնէն բացառիկ մէկ մշակը հող իջաւ, նոյնքան բացառիկ յոյսերու արշալոյսի մը մէջէն: Գրողներն անշուշտ մարդերն են իրենց ժամանակներուն։ Այս տարազը շատ քիչերու համար բացարձակ է այնքան, որ քան Րաֆֆիին։ Ազգային մեր գիտակցութեան համատարած փաստը, որ անոր գործերուն ժողովրդականութիւնը ունի իբր յայտարար, Րաֆֆիին վրայով հասած է վճռական իր արժէքին։ Կէս դար առաջ ըմբռնելի չեն այն մարդերը, որոնք անոր գործը կը դատեն այսօր, ետքէն սորվուած պատգամներու լոյսով։ Մեր ժողովուրդը կարդացած է անոր գործերը միակտուր հիացումով ու խանդով, առանց հերձուածի։

Գաղտնի՞քը այս հրաշքին։

Անշուշտ շատ տարրեր կը միջամտեն ատոր լուծումին։ Արտահանել այդ տարրերը մէկիկ-մէկիկ, զիս պիտի հեռացնէր զուտ գրական գետինէն, ուր մտադրած եմ կենալ։ Ատիկա պիտի նշանակէր վերլուծումը ընել մեր հաւաքական հոգեբանութեան, վասնզի, քիչ անգամ պատահական բախտով մը՝ գրական այդ գործը համադրութիւնն է ժողովուրդի մը ամբողջ զգացումներուն ու ճակատագրին։ Ու ժողովուրդ բառը, այս տողերուն վրայ, ըմբռնելի ու դիւրին սերունդը չէ, որ գրողի մը վարկը կը յօրինէ կամ՝ անոր գործին հորիզոնը կու տայ, այլ՝ դարերու երկար շարան մը, որ մարդոց արիւններուն մէջէն կը քալէ ու կու գայ, մեռնողները ապրեցնելով անընդմէջ տեւողութեամբ մը։ Ինչ որ գտեր էին Րաֆֆիի աչքերը մեր ցեղին խորա գոյն, անդրագոյն ալքերէն ու, գրեթէ, մեր բոլորին մէջ կանգուն պարտադիր իմաստութեամբ մը, հեռազգածութեամբ մը, նաեւ՝ իր օրերէն ալ ասդին, – անլուր իրողութեանց այլապէս անորակելի ժապաւէնը, կը կազմեն վաւերական յիշատակարաններ մեր հաւաքական ճակատագիրը պարզաբանող։

Գերուած իր գերեզմանէն մինչեւ նսեմ կամարները Սփիւռքի այլատարազ, բայց խորքին մէջ նոյն մեր նոր գերութեան, հակառակ մեծ ճիգով հերքումներու, ու նորանուաճ երջանկութեանց չեմ ըսեր առասպելին, այլ կամաւոր կերպով մը ոսկեզօծ համապատկերին, մեր հոգիները այսօր չունին դարձեալ ուրիշ անուն մը – դուք ըսէք պատրանք մը–, որ տիրաբար խորհրդանշէր, տարազէր ինչ որ, նոր ժամանակներու սեմին, կազմեց մեր երջանիկ, բայց այնքան ապաբախտ զարթօնքը։

Րաֆֆիի գործը համադրութիւն մըն է շատ ընդարձակ իրադարձութիւններու։ Յանգո՜ւմ մը անիկա՝ դարաւոր յղացքներու, ինչպէս նոյն ատեն սկիզբ մը, կարմիր ցայգալոյս մը՝ ուրիշ նոր պատգամներու։ Կէս դար ետքը, երբ մեր ակնարկը վերստին կը փորձէ չեմ ըսեր վերագնահատել, այլ գոնէ հասկնալ այդ գործը, կը շուարի, գրողին պարզ ու համեստ տուրքերուն, բայց անով իրագործուած անհուն յեղաշրջումներուն հակապատկերին դիմաց։ Բան մը դուրս է սակայն կասկածէ։ Ու ատիկա արժեքը՝ իրմով ալ պատմութեան անցած խորհրդանշանին: Անարդար, որ քան անկարելի պիտի ըլլար այդ խորհրդանշանը դարբնելու ու զանգուածներուն վրայ սաւառնաթեւ նետելու փաստը կապել միմիայն իր անունին։ Ինք մինակ չէ եղերական այդ դաշտին վրայ, իր ժողովուրդին կործանած շէնքը ոտքի հանելու հերոսական վաստակին մէջ, խենթեցած ու վսեմ։ Ու ճիշդ է դարձեալ, որ մեր պատմական հայրենիքին խուլ անկիւններէն մինչեւ պերճ ոստանները Արեւմուտքի մշակոյթին, մեր ցեղին բոլոր արի ու արդար կարողութիւնները կրկէս են իջած սրբագրելու համար դարերու աղէտը: Պատմութիւն պիտի չընեմ։ Բայց իր օրերու մեր մեծ, բարձրարժէք մտաւորականներէն, ու նոյնքան լայնամիտ հոգեւորականներէն ու հանճարեղ գրողներէն ոչ մէկը կրցած է մեր այդ ձգտումը աչքի բախող կարկառներով կերպի տակ դնել, նուաճել, որքան Րաֆֆին։ Իմ սերունդը չի կրնար մոռնալ, թէ որքան բարձր ու գեղեցիկ խռովքներ, որքան կորովի երազներ, իր էջերով մատուցուեցան մտաւորականներուն ու նոյնքան ու աւելի, մա՛նաւանդ՝ զանգուածներուն արբշռանքին։ Ֆրանսական ռոմանթիք վէպերու թարգմանութիւնները պահ մը տեղի տուին այդ գեղջուկ գրողին ուժգին հմայքին: Ու կը սիրեմ հաւատալ, թէ մեր գրականութեան արեւմտեան թեւը այսօր ուրիշ պատկեր պիտի ընծայէր մեր գուրգուրանքին ու թերեւս հիացումին, եթէ Րաֆֆիով մուտք ըրած գրական ուղղութիւնը արգելքին չհանդիպէր բռնապետական գրաքննութեան։

Դժուար, սա սեղմ էջերուն մէջ, նուաճել փորձել այդ շրջանը, ուր մեր միտքը վերստին ձեռք առաւ մեր պատմութեան շքեղագոյն երազներէն մէկը, թերեւս ամէնէն սրտառուչը որքան, անիրաւ՝ մեր տապալումին մէջ, նոխազներ փնտռողի մեր փոքրոգութեան զոհ ընել անհուն խանդի այդ արշալոյսը ու յարակից գեղեցկութիւնը, որոնցմով լուսապսակուած է մեր նորագոյն Զարթօնք ը։ Միշտ մնալով մեր մատենագրութեան քառուղիներուն վրայ, Րաֆֆի անունին հետ զուգորդաբար կ՚այցելեն ինծի Մեսրոպի դարն ու Շնորհալիի օրերը իբր մեծ ստեղծումի ու լայնածաւալ խանդավառութեան շրջաններ, որոնք դարձեալ կնիքին տակ են այդ մեծ անձնաւորութեանց: Պատմութիւնը չի ծանրանար հզօր աղէտներուն, որոնք այս երկու մեծ անուններուն գործունէութեան հետ կապուած եղան։ Առաջինին վաստակը պիտի թաղուի Արշակունիներու թագին մոխրացումին ներքեւ։ Շնորհալիին ստեղծագործութիւնը պիտի թաթխուի արիւնի ու կոտորածի այն շառայլին մէջ, որ Կիլիկեան մեր Հարստութեան այնքան տարօրինակ կեանքը պիտի չլքէ մինչեւ վերջնական տախտապարումը արի այդ արքաներուն։ Րաֆֆիին գերեզմանը հասած ըլլալու են աւելի աղեկտուր ձայներ։ Ողբը աւելորդ է պատմութեան մէջ։ Ու եթէ ցեղը, անցեալին մէջ, ինչպէս այսօր, հաւաքական գործաւորն է իր պատրանքին, մեր ժամանակներուն, սխալ պիտի չըլլար թերեւս նորոգ ճարտարապետ մը նկատել Րաֆֆին, նոր միջոցներու մարդ մը։ Կ՚ըսեմ այսպէս, վասնզի մեր պատմական հոլովոյթը այսօր կ՚ընթանայ ուրիշ ազդակները խթանով։ Գրագէտը դադրած է իր դերէն, տակաւին ԺԴրդ դարու մուտքերուն: Ու ահա ինչու իմ համակրանքը կը զօրանայ մարդու մը դէմ, որ առանց մեծ եկեղեցական մը, զօրավար մը, պետական աւագ պաշտօնատար մը, նոյնիսկ զօրաւոր թերթի մը տէրը ըլլալու – կը հասկցուի, թէ մեր միտքին ղեկավարները որոնցմէ կ՚ընտրենք– միս-մինակը տիրապետեց իր օրերուն, մեր իրերահալած ձգտումները չէզոքացնելով՝ առնել տանելու համար մտաւորականը՝ ինչպէս միջին զանգուածը, դէպի ակօսը ցեղին գերագոյն երազին:

Այսօր, երբ այնքան նուազած է գիրին կշիռը մեր հալածական կեանքին գրեթէ ամէն մարզերուն մէջ, մեր միտքը դժուարութիւն կը կրէ ճշդիւ ըմբռնելու համար բացառիկ այն հմայքը, որով «վարժապետի կտոր մը», ինչպէս կը սիրենք յեղյեղել այնքան յաճախ մեր իմաստութիւնը իր քաղքենի մուշտակաւոր պարապութեան բարձրացնելով, մէկ օրէն միւսը ճամբայ կը հարթէ, մոգական խոփովը իր գրչին, դէպի լքուած, բայց յաւիտենական արգանդը մեր ցեղային խորհուրդին, զանգուածները, անմշակները, պարզերը իրարու անհաղորդ, նոյնիսկ հակադիր սիրտերը կապելու համար լայնօրէն ընդգրկուած, ամրօրէն սեւեռուած մեր մեծ Երազին։ Ու, բացառիկ պարագայ – այդ մեծ վաստակը՝ գրական միջոցներով: Կ՚ենթադրեմ, թէ մեր ժողովուրդը թրթռագին զգայնութեամբ մը կրնայ դիմաւորած ըլլալ մեր հայրապետներուն սխրագին զեղումները, ստեղծումները հոգեւոր «անդաստանին» վրայ։ Նոյնպէս կարելի է հաւատալ այդ կարգի յուզումները իրականութեան, երբ այդ ժողովուրդի ականջներուն հնչեցին կախարդ շեշտերը Շնորհալիի քերթողութեան: Թերեւս ազգային մեր երգերը այն ակունքներէն կու գան։ Բայց մեր օրերուն սխալ չէ յայտարարել, թէ ոչ ոքի վիճակուեցաւ խօսքին ու գիրին ուժը գործածել այն տիրականութեամբ, ծաւալողական այն յառաջատուութեամբ ու անակնկալ արդիւնքներով, որոնք Րաֆֆիի գործերուն յատկանիշները եղան: Այս անկիւնէն դիտուած, Րաֆֆին մեր գրականութեան առաջին, միակ ու տակաւին չգերազանցուած վարպետն է։

Ուրկէ՞ կու գայ այս արտակարգ ուժը մարդու մը մօտ, որ խմբագրատան մը չոր պատերէն անդին հորիզոն չունեցաւ, իր գործունէութեան ամէնէն յորդ տարիներուն իսկ։ Ինչպէ՞ս հասկնալ այդ արտակարգ վարկը դարձեալ, մարդու մը համար, որուն միտքը – ըսել կ՚ուզեմ ուղեղը– իր շրջապատին ընթացիկ միջինէն հազիւ կը զատուի իբր պատրաստութիւն (զուրկ եղաւ Աբովեանին, Նալպանտեանին, Նազարեանցին ու Շահազիզին բախտերէն՝ համալսարանական խորք մը ճարելու համար իր մտածողութեան)` եւ պատեհութիւն չունեցաւ բարձրագոյն մշակումի մը ենթարկելու իմացական իր միջոցները։ Որ, կարճ ըլլալու համար, Վենետիկի պարզապաշտ ազգայնականութիւնը եւ Իզմիրի ռոմանթիք թարգմանութիւններն ու թերթօնները գործածած է՝ կազմելու համար իմացական մարտկոցները (Րաֆֆին պատշաճ կերպով հասկնալու համար, այս մայր ազդակներէն վեր, անհրաժեշտ է լայն փարակրաֆ մը բանալ վաթսունական թուականներու ռուս գրական ու մտաւոր-քաղաքական հոսանքներուն ուսումնասիրութեան։ Ինչո՞ւ Տիւմա եւ Հիւկօ` իր վարպետները պիտի ըլլային, երբ կ՚ապրէին Տոստոեւսկին ու Թոլսթոն։ (Այս սուղ էջերը չեն արտօներ ինծի այդ շատ շահեկան ձեռնարկը)։

*

Անկախաբար այն ընդհանուր, մեզի համար այլապէս շահեկան հարցերէն, որոնք մեր գրագէտներու գործունէութիւնը կ՚որոշադրեն, զայն ընելու աստիճան տարբեր, գրեթէ հերոսական երեւոյթ մը կրկնակ գերութեանց մէջ տախտապարուած մեր գոյութեան դաշտերուն վրայ, եւ այն շատ մասնակի, ուրիշ անգամ չհանդիպուած պայմաններէն, որոնք Րաֆֆիի պատանութեան եւ հասունութեան շրջանը կընեն նոյնքան հերոսական, հեքիաթունակ ու գրեթէ մեզի համար այսօր անհասկնալի, — Րաֆֆիի «համբաւ»էն, իմաստէն ներս թափանցում մը փորձելու համար, ինծի կու գայ, թէ սխալ պիտի չըլլար ամփոփել վերլուծման ծրագիրը, ու ծանրանալ քանի մը տիրական ազդակներու, հոգեկան քանի մը բացարձակ վիճակներու ճշդումին։ Երբ գրող մը յանգում մը եւ սկիզբ մը կը ներկայէ միաժամանակ, ատով իսկ կարելիութիւններ կ՚առաջարկէ դատողներուն։ հատորներ քիչ պիտի գային իր հարիւրամեակին կապուած միջոցը պատշաճ խորութեամբ մը սեւեռելու աշխատանքին։  

Այդ վիճակներէն մէկը՝ Րաֆֆիի գործերով նուաճուած աշխարհն է։ Միւսը՝ այդ աշխարհը նուաճելու համար գրագէտէն գործադրուած եղանակ ը, ըսել կ՚ուզեմ՝ արտայայտութեան իր գործիքը։

*

Րաֆֆիի աշխարհը բացառիկ ընդարձակութեամբ երեւոյթ մըն է ամբողջ հայ գրականութեան մէջ։

Այս վարկածը նկատի չունի միմիայն ծաւալը, որ կրնայ տեղի տալ Մխիթարեաններու ստուար շեղջերուն դիմաց։ Ալիշանի հատորները ջախջախիչ մեծութիւններու փաստեր են: Բայց իմ տեսակէտը կը շեղի էջերով պայմանաւոր վաստակին կշիռէն, ծանրանալու համար ստեղծագործական արդիւնքներու։ Ուրիշ բան է արձանագրութիւններ ընդօրինակել ու այս առիթով քանի մը բացագանչութիւններ կամ կրկնայիշումներ կցել բնագիրներուն, ուրիշ բան՝ քրոնիկի մը միակ էջէն ամբողջ չէնք մը ոտքի հանել, հոգ չէ թէ պակասաւոր, երբեմն սխալ գոյներով (« Սամուէլ »)։

Րաֆֆիի աշխարհին հեռաւոր սահմանները կ՚երկարին մինչեւ չորրորդ դարը մեր պատմութեան, կեդրոն ունենալով նոյն ատեն իր ժամանակը, տարօրէն ծանր ու արիւնոտ եղելութեանց գուպարածը, որ կը բռնագրաւէ ԺԹրդ դարու երկրորդ կէսը։ Իր գործերուն մէջ իբր թատր կամ ոգի գործածուած վայրերը, անձերը, մտայնութիւնները չեն, որ կ՚որոշադրեն իմ վերագրումը։ Այլ՝ այդ հազար հինգ հարիւր տարիներու հոլովոյթը նոյն լոյսին մէջէն տեսնելու, նոյն զարկով զգալու իր տրամադրութիւնն է, որ աշխարհ մը կը դառնայ իր մօտ։ ՝

– Այս ընդարձակութեամբ գետնի մը վրայ է, որ Րաֆֆիի տաղանդը շփումի կու գայ մեր ամէնէն պայծառագոյն շրջաններուն, ուրիշ խօսքով՝ մեր ժողովուրդը զգալու իր կերպը կը նոյնանայ բոլոր մեր յատկանշական գրողներուն ցոյց տուած հոգեբանութեան։ Դուք մի տարուիք ներկայի պատկերէն, ուր այնքան շատ է թիւը այսպէս որակուած գրագէտներուն։ Քանի՞ անուն ասոնցմէ բախտը ունի դիմաւորելու քանի մը դարու կեանք մը գոնէ։ Այդպէս չէ պարագան անոնց, որ Եղիշէ, Փարպեցի, Խորենացի, Շնորհալի կը կոչուին։ Ու մէկ են այս մարդերը, ըսել կ՚ուզեմ՝ նոյնն է կերպը, որով այդ անուններով մեզի մատուցուած զգայութիւնները կը բիւրեղանան մենէ ներս։ Րաֆֆին մեր դարերը տեսնելու իր կերպին մէջ անշուշտ չէ հասած բացառիկ այն կատարելութեան, որով արուեստի գործ մը կ՚արհամարհէ ժամանակին աւերներ գործած անվերածելի, վճռական սեւեռումներ ոչ բարքերի, քաղաքային տենչերէ, ոչ ալ տիպարներէ, ասոնց հարազատ, այսինքն՝ պատմական հոգեբանութիւնը կերպադրող։ Ի՞նչ փոյթ։ Անոր էջերը մեզի կը բանան կախարդական կամարները մեծ այդ շիրմաuտանին իրենց դամբարաններէն դուրս հոսելու համար հին այդ հերոսները, դժբախտ, այլապէս տպաւորիչ գեղեցկութեամբը իրենց իսկ վրիպանքին։ Այս ոգեկոչումը, թերեւս չափով մը ենթակայ « Յուշիկ »ներու եղանակին, կը տարբերի անկէ ոգիով՝ ինչպէս առաջադրութեամբ։ Յետոյ, դարերու վրայ սա թափառումը, սա խուզարկումը երբեմն կանգ կ՚առնէ այնպիսի պատկերներու առջեւ, որոնք վէպին ու պատմութեան տեսակ մը իրարու վերածումը կը ցուցադրեն, ինչպէս չէ դադրած ըլլալէ կեանքը ինքնին, այդ դժբախտ հողամասերուն վրայ: Հարցուցած ունի՞ք դուք ձեզի գինը այս ժողովուրդին դարերուն, որոնք այնքան տարբեր գնացք մը կ՚առնեն, երբ տափաստաններէն կը բարձրանան դէպի Հայկական սարահարթը: Ինչպէ՞ս չեն մեռած մեր հոգիները (չեմ ըսեր մեր մարմինները) այդքան խիստ բռնուած պայքարներու շառաչին դէմ։ Մտածելն իսկ գլխու պտոյտ կու տայ սա հեղեղներուն: Ու գրագէտը, որ յայտնատեսութիւնն ունի այդ հրաշքին, զարհուրած կընկրկի տեսարանին անպարագրելի մեծութեան ու դժոխքին առջեւ։ Ասկէ՝ թերեւս վրիպանքը Րաֆֆիի պատմական այն վէպերուն, որոնց գործողութեան [2] դաշտը շատ խորերը, հեռուները կ՚երկարաձգուի։ Բայց եթէ « Սամուէլ »ը չորրորդ դարու մեր հոգեբանութիւնը նուաճելու ճիգ մը իբրեւ արժէք մը կը ներկայէ միայն, ան խուսափելի վրիպանքը գործին, իմ կարծիքով, արդիւնքն է, այդ դարերուն մեզի համար անկարելի իրենց կառոյցին։ Մենք այժմու մեր միջոցներով չենք կրնար տեսնել ինչ որ եռացած է իբր սրբազան իսկութիւն խորը այդ ընդունարաններուն, որոնք ժամանակին աւազներն են մեր ետին։ Կը հաւատամ, թէ կու գայ օրը, երբ մեզի կը տրուի պատեհութիւն հոգեբանական ընդծովեաներով խորաչափումը ընել այդ անդունդներուն։ Այս զուգորդութեամբ, խօսիլ « Խամսայի մելիքութիւնները » եւ « Դաւիթ Բէկ » գործերէն՝ պիտի նշանակէր մեր միջնադարը երկարաձգել մինչեւ նոր ժամանակներու դուռները, վասնզի այդ վէպերը պատմական անձնաւորութեանց կնիքովը շեշտօրէն իրական, իրենց աշխարհին ու պարունակած հոգեկան վիճակներուն համապատկերովը կը զատուին հաւասարապէս թէ վէպէն, որ ստեղծագործութիւն մըն է ու կ՚ապրի իր ներգոյակ արժէքովը, թէ պատմութենէն, որ նախ գիտութիւնն է, ըլլալու համար երկրորդաբար ստեղծում եւ կ՚ապրի իր առարկայական արժէքովը։ Կարդացեք Դրասխանակերտցի կաթողիկոսին քրոնիկները, Լաստիվերտցին, Դարանաղցիին այն քան տարօրինակ փշրանքները՝ հասկնալու համար, թէ այդ էջերէն մեզի մատուցուածը վէ՞պ է, թէ մեր իրականութիւնը։ Պատմական վէպը, այնպէս՝ ինչպէս փորձուած է անիկա մա՛նաւանդ անգլիական գրականութեան մէջ (սքոթեան դպրոց) զուր տեղը չէ, որ կը նկատուի դժուարագոյն ճիգ մը խղճամիտ ամէն արուեստագէտի համար:

Բայց Րաֆֆիի վարկը կապ է առաւելազանց չափով մը ժամանակակից աշխարհին: ,

Ու հոս է հարցին եղերականութիւնը։

ԺԹրդ դարու երկրորդ կէսը բոլորովին տարբեր ժողովուրդ մը կը հանէ նայուածքին դէմ ամէն անոնց, որոնք մեր պատմիչներուն վրայով յոյսն են հետապնդած այդ ժողովուրդին սրտազարկը գտնելու ու զայն հաշտեցնելու ինքնիրեն։ Սփիւռքի մեր եղբայրները, այսօր այլեւս պարզուած հոգեբանութեամբ մը կրնան դիմաւորել իրենց շրջապատին բիւրաւոր հակազդեցութիւնները, հասկնալ ու սիրել զանոնք, պարպուիլ բոլորովին դարերուն նուէրը կազմող պապենական իրենց հարստութիւններէն ու Րաֆֆիի յուզած հարցերուն մէջ ռոմանթիքմիլոտրամաթիք ու, աւա՜ղ, նաեւ էկզոթիք թեմաներ հաստատել, ու ասիկա՝ առանց տառապելու։ Միւս կողմէ՝ մեր հայրենիքին մեծիմաստ դարբնողները կրնան երջանկօրէն մակաղուիլ իրենց մտահոգութեանց արդար, պարզ, ամենահաս պարունակին մէջ, իրենց փարախի մուտքին դնելով նոր ցուցատախտակներ, ու մեր ժողովուրդին գերագոյն տագնապը վերածելով այսպէս ճարուած խոտի, ոչխարային հանգիստի հարցի մը, իրենցմէ դուրս, ուրանալով հարիւր հազարներու հասնող բազմութիւններու ողբերգութիւնը։

Այսպէս չէին սակայն անոնք, որոնք 1850էն մինչեւ 1915 նոյն այդ տագնապը տագնապեցան, ու ինկան, սրբազան դարմանին ի խնդիր, իրենց ճամբաներուն վրայ։ Հոս դադար կու տամ այս վերլուծումին, զայն չվերածելու համար աժան՝ ինչպէս տխուր ու փոքրոգի գիտութեան, որ Աղէտէն վերջ դիւրին, աղմկող մարգարէութեան հետ կը շփոթուի ու գաղութներուն արդէն քամուած հոգին աւելորդ ու անիրաւ զրկանքներու կ՚առաջնորդէ։ Ի պատիւ Րաֆֆիին, կ՚աւելցնեմ սակայն, — անիկա չստեղծեց մեր ողբերգութիւնը։ Զայն հասկնալու, զայն դիմաւորելու, դարմանելու իր կե՞րպը: — Կեղծաւորներ են անոնք, որ կէս դար առաջ դարբնուած այդ հոգեբանութենէն օտար կը դաւանին զիրենք։ Ու Րաֆֆիի գրական իմաստը այս համայնական զգացումին խորը ունի իր բանալին։ Մեր ճակատագրին մղձաւանջը մեր պատրիարքներուն, կաթողիկոսներուն, գրագէտներուն պատկանելուն չափ, աւելիով սեփականութիւնն էր ամենապարզ հոգիներուն, ղարիպին՝ ինչպէս ասոր թշուառ մօրը կամ կնոջը: Ու ան՝ որ կը խօսէր այդ կսկծոտ սիրտերուն, հասկնալի էր պարզ իր պատգամին սփոփանքովը: « Կայծեր », « Խենթը », « Ջալալետտինի արշաւանքը » չեն կարդացուած, այլ՝ լափուած։ Ու այս հոգեկան վիճակը մոռնալու չեն բոլոր անոնք, որոնք մեր պատմութեան այս վերջին շրջանին դիմաց կը յաւակնին դաս տալ մեզի, մանաւանդ նոր ուսումներու տախտակներէն։ Ազգային դատին հետ նոյնացող այդ գրականութիւնը կրնայ վիրաւոր ըլլալ բոլոր դատերուն համար անխուսափելի այժմէականութեան եւ ասոր յարակից մոռացումին մեղքերովը։ Կը կրկնեմ, – մեր մեղադրանքը Րաֆֆիէն առաջ ուղղելու ենք մեր հոգիներուն:

Ազգային հարցին այսքան խոր, տիրական ձգողութեանը քով, Րաֆֆի լայն է բացած իր տաղանդին ճամբաները դէպի ժամանակակից ուրիշ երեւոյթները, որոնք ժողովուրդի մը բարոյական դիմագիծը կը յօրինեն։ Մեր բարքերը [3], մեր Ասիան, բառին տալով առնուազն տասնհինգ դարերու բորբոս ու քարացում. մեր ինտելիգենցիան ՝ իր այնքան տրտում, այնքան իրաւ գիծերուն մէջ տիրաբար նուաճուած [4], մեր վաշխառուները, իրենց ամբողջ շքախումբովը եւ անփոխարինելի կարկառներով ու զարտուղի վիպային միւս տիպարները, որոնք թերթօններէ ճարուած ըլլալնուն հակառակ, գիտեն այնքան հարազատ ու հաւատարիմ մնալ համայնական կեանքին։ Մուրատները, Արսլանները, Քաւոր Պետրոսները մարդեր չեն միայն վիպային գործողութեան մը գահաւորակ ծառայող, այլ՝ այն բախտաւոր արարածներէն, որոնք գիրքերէն առած իրենց կեանքը կը փոխանցեն ողջ իրականութիւններու, ասոնցմէ աւելի կատարեալ կեանքով մը, երբեմն ապրելով քանի մը դար։ Տիպարի (գրական) յաւիտենական հարցը մեր մէջ ամէնէն առաջ դիմաւորող հեղինակը Րաֆֆին է։ Ու այս մարդոց քովն ի վեր մեր գեղջուկ աշխարհը իր վճռական գիծերով։ Բոլոր ասոնք ոճի կ՚իյնան նախնական, բայց տարօրէն վարակիչ արուեստի մը վրայով, որ հասկնալի կ՚ըլլայ նոյնիսկ նախաւոր, գիրէն առաջ գրականութեանց վարկածը կրկնելով մեր օրերուն։

Ահա թե ինչու չեմ զարմանար, երբ մեր ժողովուրդը, բազմապատիկ ճակատներու վերածուած իր անհասկացողութիւնները, կիրքերը, թշուառ ու թշուառական հաշիւները մէկդի կը դնէ, անսովոր վարկ մը բանալու համար իր գրողներէն մէկուն, ու տօնելու ծննդեան հարիւրամեակ մը, երբ նոյն այդ ժողովուրդը այնքան վայելուչ, հարազատ անգթութեամբ մը առհաւական ազդմունքներու թերեւս ուղիով, չէ վարանած անօթի թաղելու գրեթէ բոլոր անխառն վաստակաւորները իր միտքին։ Անցողակի դիտել կու տամ, որ իր ողջուցը Րաֆֆին ալ զերծ չէ մնացած այս ճակատագրէն։ Ահագին այն աշխատանքը, որ անոր ստեղծագործ տարիքին կը զուգադիպի, առնուազն սպաննող գերութիւնն է գրասեղան կոչուած նոր օրերու Մողոքին: Անիկա մարդն եղաւ, որ իր խուցէն դուրս աշխարհ չճանչցաւ ու երբ դուրս ելաւ անկէ, ատիկա ըրաւ երթալու համար յաւիտենապէս չբացուող խուցին։

Րաֆֆիի աշխարհին պարտ ու պատշաճ պարագրկումը դժուար է ընդառաջել սա սուղ սիւնակներուն հաշիւով։ Մարդեր կան, որոնց անունը անհուն համադրութիւն մըն է, այնքան անոնք կեդրոնը կազմած են իրենց շրջաններուն։ Պարզ արտասանում մը բաւ է մեզի թելադրել ընդարձակ, շատ խոր իրողութիւններ։ Պետրոս Դուրեան մը, հակառակ իր հանճարային մեծութեան, իր կեանքին մէկ տխուր կողմին վրայ անջինջ քանդակուած գերեզման մըն է ու այդքան։ Րաֆֆին՝ դար մը ողբերգութիւն: Կը բաւականանամ միայն հաստատելով, որ անոր աշխարհին սա տարապայման ընդարձակութիւնը յուզիչ, որքան անսովոր երեւոյթ է ժամանակակից հայ գրականութեան մէջ։ Անոր հաստատ, մշտայժմէ, ողբերգական ենթամասը – զոր ուրանալու չափ անզգամ կալանք հետզհետէ–, պատմութիւնն է հայոց աշխարհին։ Միայն այս թափանցումը բաւ էր անոր անունը յարգանքի անմեռ լուսապսակով մը պատուելու։ Մեր անցեալը տեսնել, իր առաջադրութեա՛մբ, իր մօտ չի նշանակեր անիմաստ անցելապաշտութիւն (passéisme), զոր արդի հզօր ժողովուրդները անգամ չեն յաջողած սրբել արժէքներու տախտակէն, այլ՝ մեր հոգիներուն յանձնել հզօրագոյն զգացումը մեր դժբախտութեան։ Քանի մը արհեստ, դրամատուն, ելեկտրակայան ու ջրանցք կրնան մեզ պատրել։ Բայց չկայ բան մը մեր հոգին այնքան դղրդող, որքան մեր պատմութեան կսկիծը։ Րաֆֆի այդ անցեալին մէջէն հետեւած է ցաւի մեծ ակօսին, որ իր օրերուն պիտի կազմէր առաջին ծովը մեր նոր ողբերգութեան:

Րաֆֆի աշխարհին երկրորդ ու նոյնքան արժէքաւոր կիսագունդը ժամանակակից կեանքն է, որ կու տայ: Հոդ անոր տաղանդը յաջողած է գերագոյն կարկառներ նուաճելու կազմել իր մարգարէաշունչ խանդին մէջ ամբողջ սերունդ մը։ Մեր հոգիին ցցունքները, գործածելու համար հարազատ պատկեր մը գէշ կերպով տաղաւարող տարազ մը, ոչ ոքի մօտ գտաւ այն կատարելութիւնը, յիշատակարանային փարթամ ոճը, դարեր դիմացող այն կառոյցը, որոնք Րաֆֆիի գործին այդ մասովը անմահ տարրերն են մեր հոգեկան հարստութեան։ Չշփոթենք մեծութիւնը, խորութիւնը՝ յատկանշական տուրքերու այլապէս արժէքաւոր հարցերուն հետ։ Կրնանք այսօր կռնակ դարձնել իրեն, իրմով կանգնուած հոգեկան աշխարհին։ Չենք կրնար զայն կործանել իր իսկ ժամանակին սլաքովը։ Ան ըսած է իր օրերուն շրջան ընող շարժուն Հայաստանին, իր ժողովուրդի հոգիին հիմնական կարգախօսը։


[1]        Այս յօդուածը իր ներկայ ձեւին մէջ մաս կը կազմէր այն նոթերուն, որոնց վրայ չկրցաւ աշխատիլ հեղինակը՝ իր հիւանդութեան պատճառով:

[2]        Արուեստի զգայարանքին հետ զոյգ ընթացող ու անոր հաստատ խարիստ ընծայող պատմական զգայարանքը Րաֆֆիին մօտ կը տառապի գրեթէ մէկ ու նոյն նուաղումներով, զինքը կանխող սերունդներուն հետ նոյնացնելով պատմական իր հասկացողութիւնը։ Չունի՝ ինչպէս չունին հիներն ալ, անխուսափելի պատրաստութիւնը իր օրերուն ալ անհրաժեշտ տարրերուն: Տարօրէն տկար է գիտունը մեծ այս տեսանողին մօտ, ինչպէս տկար են, միշտ այդ մարզին վրայ, թէ « Հիւսիսափայլ »ի մարդերը, թէ Վենետիկի եւ Վիեննայի վաստակաւոր պենետիքտեանները, որոնց վերջինները մա՛նաւանդ տառերու ու նշաններու գիտութիւնը գիտակցաբար կը նախադասեն հոգիներու թափանցումին այլապէս էական ջանքին: Մեր օրերու քննադատական կեցուածքն ալ մեր պատմութեան իմաստին դէմ զուրկ է արուեստին կրակէն: Սխալ չհասկցուելու համար պարտք կը սեպեմ աւելցնել, որ անգլիական եւ ֆրանսական դպրոցները պատմութեան զգացողութիւնը նորոգած են հիմնովին, դեռ անցեալ դարու կէսերէն: Ո՛չ չոր, թուարկու, բաղդատող մանր մեթոտը հաւաքողներուն, ոչ ալ թեւարձակ, բարոյախօս, բանաստեղծ հռետորութիւնը գրագէտներուն: Այլ՝ երկուքին իրարու վերածումով կանգուն գո՛րծ, ուր արուեստն ու գիտութիւնը իրարու թիկունք դառնային։ Փա՞ստ» – Ֆլոպէռի «Սալամպօ»ն, յիշելու համար արուեստի գործ մը:

[3]        Բարքերու պատկերացման տեսակէտով Րաֆֆի դպրոց է կազմած: « Ոսկի աքաղաղ »ը իր կորիզ կը խտացնէ ինչ որ Շիրվանզադէի գործին ամբողջական ու միակ առաքինութիւնը պիտի ըլլար: Այդ ոգին է դարձեալ որ անոր նայուածքը պատրաստ պահեց նոյնիսկ յեղափոխաշունչ ու թերթօնատիպ գիրքերու մէջ սեւեռելու բարքերու մնայուն գիծեր, ու ասիկա՝ մինչեւ իսկ օտարներուն համար: « Կայծեր »ուն Քիւրտերը եւ « Խաչագող »ին պարսիկները դիտուած են պատիւ բերող թափանցումով:

[4]        Նալպանտեանէն արմատ առնող այս յղացքին մէջ աւելի վերջը երեւան եկած չարափոխումը պէտք չէ զմեզ անարդար ընէ սկզբնական տիպարին այնքան մաքուր ու խանդավառ պատկերին առջեւ: Պարոնեան սպաննեց « Բանաստեղծը » (իր մուսաներովը եւ յարակից զրահանքներովը): Արփիարեան նոյնը ըրաւ ինտելիգենտին համար: Անշուշտ դէպի « Փանջունի »ն ճամբայ ունեցող այս բառին մեղքը դուրս է իրմէ: Րաֆֆիին « Խենթը » Փանջունի մը չէ, այնքան մօտիկը կենալով հանդերձ տիպարին:

Please follow and like us: