Ա
ՀԱՅ ՔԱՋՈՐԴԻ
(Նմանողութիւն Վիքթոր Հիւկոյի)
Ապառաժուտ լերան մը կող,
Յեցեալ ի քար գերեզմանի,
Աչք մերթ յերկինս եւ մերթ ի հող՝
Խարտիշագեղ կայր պատանի.
Ո՜վ դու որդիդ լերանց հովտաց,
Ինչո՞ւ այդպէս սիրտդ է ցաւած։
Կ՚ուզե՞ս որ մեծ փոթորկեալ ծով
Մատուցանէ քեզ մըխիթար՝
Կոհակաշարժ իւր լարերով
Երգեալ ի շունչ մըրըրկավար։
Ո՜վ դու որդիդ լերանց հովտաց,
Ինչո՞ւ այդպէս սիրտդ է ցաւած։
Կ՚ուզե՞ս որ քեզ ահեղաշուք
Խընդայ կամարն աստեղց անթիւ,
Եւ բընութիւն պայծառ զարդուք
Ժըպտի ծաղկամբ եւ զեփիւռիւ.
Ո՜վ դու որդիդ լերանց հովտաց,
Ինչո՞ւ այդպէս սիրտդ է ցաւած։
Կամ փափկագոյն այլ ըսփոփանք
Միթէ կ՚ուզե՞ս մօր քաղցուենի
Ու սիրուհւոյ անուշ գգուանք,
Որ քու կըսկիծըդ փարատի.
Դեռ ի՞նչ կ՚ուզես, ո՜հ, մի՛ ծածկեր,
-Կ՚ուզե՛մ վառօդ եւ գնտակներ։
Բ
ՄԱՀ ՔԱՋՈՐԴՒՈՅՆ
Դու զո՞վ խնդրես մա՛յր իմ անոյշ.
Ե՛կ, մի՛ դողար, մօտեցի՛ր հոս,
Անլաց աչօք դիտէ՛ զորդիդ
Ու իւր վէրքերն արիւնահոս։
Թրքաց մայրեր թող լան՝ ու դուն
Ուրախ լուրեր տա՛ր ի Զէյթուն։
Ինչպէս երբեմն որրանիս մէջ
Կակուղ ձեռքով փայփայելով
Մանկիկ մարմնոյս հանգիստ տայիր
Իբրեւ հրեշտակ նըւագելով,
Զիս հանգչեցուր ի հող՝ եւ դուն
Ուրախ լուրեր տարի Զէյթուն։
«Նորեկ որդւոյս կենացն արեւ
Ձեզի համար փայլի՛, Հայե՛ր»։
Այսպէս յայնժամ դու կ՚երգէիր
Օրորոցիս նըստեալ քովեր.
Անոնց համար շիջաւ՝ եւ դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։
Կարմիր կայլակք ցայտին վէրքէս,
Սակայն, մա՛յր իմ, նայէ՛ չորս դին,
Զարիւնըռուշտ Թուրքերըն տե՛ս,
Հազարներով փըռուած գետին.
Կերաւ զանոնք սուր մեր՝ ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։
Մըռընչեցին ինչպէս վիշապ
Ու մեր վըրայ յարձակեցան.
Ո՜վ հայրենիք, ի հուր ի բոց
Քո համար մեր սիրտք վառեցան.
Կարմիր ներկան ձորք մեր՝ ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։
Ու ծափ զարկին մեր հարց ոսկերք
Զի չէ՛ մեռած Հայոց կըրակ,
Ու ցընծացին այնչափ զոհեր
Զի լուծաւ վրէժ յարեան վըտակ։
Խնտաց Մասիս, մա՛յր իմ, եւ դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։
Վերջին համբոյր տամ քեզ, մա՛յրիկ։
Հատուցանես զայն սիրուհւոյս.
Վերջին անգամ գրկեմ մեր հող
Ոյր ադր կ՚իջնամ ի ծոցն անլոյս։
Խաչ մը տընկէ վըրաս՝ ու դուն
Ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն։
Գ. ԹԱՂՈՒՄՆ ՔԱՋՈՐԴՒՈՅՆ
ՊԱՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱՑ
(Նմանողութիւն Ուօլֆի)
Ո՛չ փող զարկինք, ո՜չ արձագանք լեռնասոյզ
Սարէ ի սար չարաշըշուկ տարին լուր.
Ու չերգեցինք ողբոց երգեր սրտայոյզ
Երբ պատանւոյն բացինք մըռայլ փոսին դուռ։
Գիշերական մունջ ըստուերներ շուրջ կային
Երբ հրացանի կոթով ըզհող փորեցինք.
Լուսին միայն դողդոջ շողայր մեր գլխին,
Սուգ էր պատեր ըզդաշտ բըլուր եւ երկկինք։
Պէտք չէր դագաղ, եւ ոչ ճերմակ պատանքներ
Որով գոցուէր ազատորդի Զէյթունցին.
Նա յետ մարմին կարծես յոգնած կը հանգչէր,
Ու վերարկուն կարմիր բաւէր իւր անձին։
Անձայն ու կարճ «Ննջեցելոց» մի զրուցեց
Մեր քաջ տէրտէրն, զինւոր Հայոց ՚ւ Աստուծոյ,
Գովեց ըզմահն եւ զքաջութիւնն իւր օրհնեց,
Թոյլ չի տըւաւ հառաչ մ՚ու ճիչ հանելոյ։
Բայց երբ գըլուխն ի բարձ դըրինք հողաշէն,
Տեսանք ըզգեղ ճակտին ու վէրքըն պայծառ,
«Ո՜վ պատանեակ, ըսինք ամէնքս մէկ բերնէն,
Վասն հայրենեաց մեռար, դու շա՜տ ապրեցար։
«Գընա՛ զրուցէ՛ հայկազարմից մեծ ոգւոց
Որ կան այստեղ ազատ ու քաջ դեռ Հայեր,
Որոնք ի բիւր պատերազմաց թէպէտ խոց՝
Մէջ ամպրոպաց ի ժայռ կանգուն են կեցեր»։
Մէյ մ՚ալ քամի յանկարծ փըչեց ցըրտաշունչ,
Լուսնին շողերն եկաւ գոցեց մըթին ամպ,
Ու մեր սարերն, զերթ ուրուականք անմըռունչ
Սեւ գըլուխնին տնկած դիտեն ազչութեամբ։
Յայնժամ ցուրտ ցուրտ հող լեցուցինք իւր վըրան,
Խաչ մը դըրինք, ինչպէս իւր մօր պատուեր ետ.
Ո՛չ այլ շըքեղ արձանագիր ո՛չ տապան.
Զինքըն մինա՛կ թողուցինք իւր փառքին հետ։
Դ.
ՀԱՅ ՔԱՋՈՒՀԻՆ
Այն ո՞ւր կ՚երթայ զըւարթադէմ
Եւ սուրալով լերանց վըրան
Փափուկ թեթեւ ոտիցն ի ճեմ,
Ուսից վըրայ հերքըն ծըփան։
Արդեօք չքնաղ եկա՞ւ գարուն,
Կամ աւետի՞ս ետ ծիծառնուկ,
Թէ՝ ե՛լ, հագուէ՛, պարէ՛ Զէյթուն,
Ելէ՛ք ի դաշտ, ծե՛ր, կո՛յս, մանո՛ւկ:
Եւ նա խնտում եւ զարդարուած
Ու նազելով աշխուժաբար
Կ՚երթայ ընդ պարս ընկերուհեաց,
Քաղել նարկիզ եւ նունուֆար։
Սակայն ոչ ոք կայ իրեն քով.
Ձայն մը լըսուի, բայց ծիծռան չէ.
Թեւիցը տակ չունի կողով,
Ուր որ ծաղկի փունջեր շարէ:
Բօթ մը փըչեց ինչպէս մըրրիկս,
Ու Զէյթունի անտառներուն
Յաղթահասակ դողան մայրիք.
Ցցուեց առիւծ բաշ գալարուն։
Այն բարձրաբերձ սարից պահ’պան
Ազատութիւնն՝ ել սըլացաւ,
Հովտաց դաշտաց հիւղից վըրան,
Թեւատարած հովանացաւ։
«Արի՛ք ի զէն, Թուրքն ահարկու
Լողաց եղբարց արեան ի ծով,
Արդ ի մեր կոյս վազըս կ՚առնու
Արիւնաթաթախ ճիրաններով»։
Ու կանգնեցան հսկայաբար
Հազարաւորք՝ աչք բոցահատ,
Իրենց ահեղ սարից հաւսար
Բարձրացուցած գոռոզ ճակատ։
Բայց ո՞ւր կ՚երթայ այն գեղադէմ
Աղջիկ՝ թռուցեալ լերանց վըրան,
Փափուկ թեթեւ ոտիցն ի ճեմ,
Ուսից վըրան հերքըն ծըփան։
Ի՞նչ է այն որ կուրծքըն սըխմէ.
– Բոցանըշոյլ զըրա՛հ մի լայն.
Ի՞նչ գըգուանօք նա համբուրէ,
– Ճակատամուղ երկա՛թն է այն։
Նա այլ գըգուանք եւ այլ համբոյր՝
Կուսան անբիծ՝ դեռ չըգիտեր,
Երախայրի սրտին ի բոյր
Ցոլաց միայն ազգին իւր սէր։
Օրհնեա՜լ անմահ դու Քաջութիւն,
Պըսակ լանջաց Ազատութեան,
Որ զհրեղէն վառես Զուարթուն
Եւ զսիրտ քնքուշ Հայ աղջըկան.
Դու մէկ օր մ՚ալ յանհուն թեւեր
Պիտի թռչիս ի Հայաստան,
Մէկ ձեռքով զայն կանգնես ի վեր,
Միւսով գլորես Թուրքըն կործան։
Տե՛ս ինչպէս քաջ կոյս Հայկուհին
Խրախոյս կարդայ գոռ բարբառով.
«Յառա՛ջ, մօտ կայ ժանտ թըշնամին,
Զինք վանեցէ՛ք կոտորածով»։
Տեսին հսկայք զայն ահաւոր,
Ծափ ըզծափի մեծ աղաղակ
Որոտացին ցըվիհըս խոր,
Կարծես բոմբիւն հանեց կայծակ։
«Հայկուհի՛ն է, տեսէ՛ք ահա
Կրակներ թափին իւր աչքերէն.
Հայկուհի՛ն է որ թըռչի գայ
Ինչպէս հրեշտակ ըսպառազէն:
Որպէս շանթից հրավառ նիզակ
Զարնէ կառափ մեր յաղթ լերանց,
Այնպէս զարնենք այն աւազակ
Թըրքին գըլուխն արիւնախանձ:
Ինչպէս մղեալ ի փոթորկաց
Գլորին ժայռից մեր հատորներ,
Հա՛պա, այնպէս ի մէջ Թըրքաց
Իյնանք թաւալ օրհասաբեր:
Հայկուհի՛ն է, կտրիճ եղէք,
Հայկուհին տայ խրախոյս յորդոր.
Ժանտից վըրայ հուր տեղացէք
Մինչեւ մոխիր դառնան բոլոր։
Ու շանթեցին. հարցէ՛ք ո՞ւր է
Այն բազմամբոխ Թրքին բանակ.
– Սեւափրփուր շունչն արձըկէ
Զէյթունցիին ոտքերուն տակ։
Այդ կոյսն աղւոր ո՞ւստի կուգայ
Թռուցեալ զըւարթ լերանց վըրան.
– Պատերազմէն նա կու դառնայ,
Հերաց վըրայ դափնիք շողան։